Loading...

Jeremiah 51

Isaiah  «  Jeremiah 50  ‹  Jeremiah 51  ›  Jeremiah 52  »  Lamentations


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԱՉԱՌ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

1

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես Բաբելոնի դէմ, Եւ 1իմ հակառակորդներուս՝՝ 2մէջտեղը բնակողներուն դէմ Կործանարար հով մը պիտի բարձրացնեմ։

2

Բաբելոնի դէմ 3հոսողներ պիտի ղրկեմ՝ Որոնք զայն պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն, Որովհետեւ ամէն կողմէ պիտի 4գան անոր դէմ՝ ձախորդութեան օրը։

3

Աղեղնաւորը թող լարէ իր աղեղը 5աղեղնաւորին դէմ, Եւ իր զրահին մէջ 6հպարտացողին դէմ։ Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք, Անոր ամբո՛ղջ զօրքը անճիտեցէք։

4

Քաղդէացիներուն երկրին մէջ 7սպաննուածներ պիտի իյնան, Եւ անոր փողոցներուն մէջ՝ խոցուածներ.

5

Արդարեւ Իսրայէլ ու Յուդա իրենց Աստուծմէն՝ Զօրքերու Տէրոջմէն 8չլքուեցան, Թէպէտ իրենց երկիրը յանցանքով լեցուեցաւ Իսրայէլի Սուրբին դէմ»։

6

Փախէ՛ք Բաբելոնի մէջէն, Իւրաքանչիւրը իր անձը թող ազատէ՝ Որպէսզի անոր անօրէնութեամբ 9չբնաջնջուիք. Քանզի ասիկա Տէրոջ վրէժխնդրութեան ատենն է, Ի՛նք պիտի հատուցանէ անոր վարձատրութիւնը։

7

Բաբելոն Տէրոջ ձեռքին մէջ՝ Ամբողջ 10երկրագունդը գինովցնող ոսկի բաժակ մը եղաւ. Ազգերը խմեցին անոր գինիէն, Հետեւաբար ազգերը խենթացան։

8

Բաբելոն յանկարծ տապալեցաւ ու ջախջախուեցաւ. Գոռացէ՛ք անոր վրայ, Բալասա՛ն առէք անոր 11վէրքին համար, Թերեւս բուժուի։

9

Փորձեցինք Բաբելոնը բուժել, բայց չբուժուեցաւ. Լքեցէ՛ք զայն, ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ. Արդարեւ անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ, Մինչեւ նօսր ամպերը բարձրացաւ։

10

Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց. Եկէ՛ք, ու Սիոնի մէջ պատմենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն գործը։

11

Փայլեցուցէ՛ք նետերը, 12բռնեցէ՛ք վահանները. Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց, Քանի որ իր մտադրութիւնը Բաբելոնի դէմ է՝ զայն կործանելու համար. Արդարեւ ա՛յս է Տէրոջ վրէժխնդրութիւնը, Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնը։

12

Դրօշա՛կ բարձրացուցէք Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ, Պահակագո՛ւնդը ուժովցուցէք, Պահապաննե՛ր նշանակեցէք, դարաննե՛ր պատրաստեցէք, Քանի որ Տէրը որոշեց եւ գործադրեց Ինչ որ Բաբելոնի բնակիչներուն դէմ խօսած էր։

13

Ո՛վ յորդառատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող, Քու վախճանդ հասաւ, ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ։

14

Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Անշուշտ ջորեակի բազմութեան չափ մարդոցմով քեզ պիտի լեցնեմ, Որոնք քեզի դէմ յաղթութեան ճիչ պիտի 13բարձրացնեն»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

15

Երկիրը իր կարողութեամբ 14ստեղծեց, Երկրագունդը իր իմաստութեամբ հաստատեց, Երկինքը իր հանճարով սփռեց։

16

Երբ իր ձայնը լսել տայ՝ երկինքի մէջ ջուրերու յորդառատութիւն կ’ըլլայ. Երկրի ծայրերէն ամպեր կը բարձրացնէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը 15պատրաստէ, Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։

17

Ամէն մարդ ճանաչումէն զրկուելով անբան եղաւ. Ամէն ձուլագործ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամօթահար եղաւ, Որովհետեւ իր 16ձուլած կուռքերը՝՝ ստութիւն են, Անոնք 17հոգի չունին։

18

Անոնք ունայնութիւն են, զեղծարարութեան գործեր. Իրենց 18պատիժին ատենը պիտի կորսուին։

19

Յակոբի Բաժինը անոնց պէս չէ, Որովհետեւ ի՛նք է բոլորին 19Արարիչը. Իսրայէլ իր ժառանգութեան 20վիճակն է, Իր անունը 21Զօրքերու Տէր՝՝ է։

20

«Դուն՝ իմ կռանս 22ես, պատերազմական 23գործիքս. Քեզմո՛վ 24պիտի ջախջախեմ՝՝ ազգերը, Քեզմո՛վ պիտի կործանեմ թագաւորութիւնները.

21

Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ ձին եւ անոր հեծեալը, Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ կառքն ու անոր մէջ նստողը.

22

Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ մարդը եւ կինը, Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ ծերն ու պատանին, Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ երիտասարդն ու կոյսը.

23

Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ հովիւը եւ անոր հօտը, Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը. Քեզմո՛վ պիտի ջախջախեմ կուսակալներն ու նախարարները,

24

Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէաստանի բոլոր բնակիչներուն Պիտի հատուցանեմ իրենց ամբողջ չարիքը՝ Որ գործեցին Սիոնի մէջ, ձեր աչքերուն առջեւ,— կը պատգամէ Տէրը։—

25

Ո՛վ ամբողջ 25երկրագունդը կործանող 26ապականիչ լեռ, Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ,— կը պատգամէ Տէրը.— Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկարեմ, Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ, Եւ քեզ այրուած լեռի պիտի 27վերածեմ։

26

Քեզմէ անկիւնի քար ու հիմի քար պիտի 28չհանեն, Քանի որ յաւիտեան ամայի պիտի ըլլաս», կը պատգամէ Տէրը։

27

Երկրին մէջ դրօշա՛կ բարձրացուցէք, Ազգերուն մէջ շեփո՛ր հնչեցուցէք. Անոր դէմ ազգե՛ր 29պատրաստեցէք, Անոր դէմ կանչեցէ՛ք Արարատի, Միննիի Եւ Ասքանազի թագաւորութիւնները. Անոր դէմ զօրավարնե՛ր նշանակեցէք, Մազոտ ջորեակներու պէս ձիե՛ր բարձրացուցէք.

28

Անոր դէմ ազգե՛ր պատրաստեցէք.— Մարերու թագաւորները, Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարները, Եւ անոնց տէրութեան ամբո՛ղջ երկիրը։

29

30Երկրագունդը կը շարժի ու 31կը տանջուի՝՝, Որովհետեւ Բաբելոնի դէմ Տէրոջ ծրագիրները կ’իրագործուին՝ Բաբելոնի երկիրը ամայութեան 32վերածելու համար, առանց բնակիչի։

30

Բաբելոնի զօրաւորները պատերազմելէ դադրեցան, Եւ ամրութիւններու մէջ կեցած են. Իրենց զօրութիւնը 33պակսած է, կիներու պէս եղած են։ Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։

31

Սուրհանդակը կը վազէ ուրիշ սուրհանդակի հանդիպելու, Ու տեղեկաբերը ուրիշ տեղեկաբերի հանդիպելու, Բաբելոնի թագաւորին իմացնելու համար Թէ իր քաղաքը մէկ ծայրէն գրաւուած է,

32

Թէ անցքերը բռնուած են, Եղէգները կրակով այրուած են, Պատերազմիկները շփոթած են։

33

Արդարեւ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է. Ատենն է զայն կամնելու։ Քիչ ժամանակէն ետք անոր հունձքի ատենն ալ պիտի գայ»։

34

Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Զիս լափեց, զիս բնաջնջեց. Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ, Զիս վիշապի պէս կլլեց. Իմ համադամ կերակուրներէս իր փորը լեցուց, Զիս դուրս նետեց։

35

Սիոնի բնակիչը պիտի ըսէ. «Ինծի եւ իմ մարմինիս եղած բռնութիւնը Բաբելոնի վրայ ըլլայ»։ Երուսաղէմ ալ պիտի ըսէ. «Իմ արիւնս Քաղդէաստանի բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

36

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես քու իրաւունքդ պիտի պաշտպանեմ, Քու վրէժդ պիտի առնեմ. Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ, Եւ անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։

37

Բաբելոն՝ քարակոյտ, Շնագայլերու որջ, Ապշութեան ու սուլոցի ենթակայ պիտի ըլլայ, Առանց բնակիչի։

38

Անոնք կորիւններու պէս միասին պիտի մռնչեն, Առիւծի ձագերու պէս պիտի մռռան։

39

Երբ գինիէն տաքնան, անոնց խնճոյք պիտի սարքեմ, Զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէսզի հրճուին, Եւ յաւիտենական քունով քնանան Ու չարթննան,— կը պատգամէ Տէրը։—

40

Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ՝ պարարտ գառներու պէս, Կամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

41

«Ի՜նչպէս Սիսակը գրաւուեցաւ, Եւ ամբողջ երկրի 34պարծանքը նուաճուեցաւ. Ի՜նչպէս Բաբելոն 35ամայութիւն եղաւ ազգերուն մէջ։

42

Ծովը Բաբելոնի վրայ բարձրացաւ, Անոր ալիքներուն շատութենէն ան ծածկուեցաւ։

43

Անոր քաղաքները 36ամայացան, Անջրդի երկիր եւ անապատ եղան, Այնպիսի երկիր մը՝ ուր մարդ չի բնակիր, Ուրկէ մարդու որդի չ’անցնիր։

44

Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի 37պատժեմ, Անոր կլլածը իր բերանէն պիտի հանեմ, Եւ անգա՛մ մըն ալ ազգեր անոր քով պիտի 38չխուժեն. Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի տապալի։

45

Ելէ՛ք անոր մէջէն, ո՛վ իմ ժողովուրդս. Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող ազատէ իր անձը Տէրոջ բորբոքած բարկութենէն,

46

Որպէսզի ձեր սիրտը չթուլնայ ու չվախնաք Երկրին մէջ 39տարածուելիք լուրերէն՝՝։ Արդարեւ լուր մը պիտի հասնի տարի մը, Հետեւեալ տարին՝ ուրիշ լուր մը. Երկրին մէջ բռնութիւն պիտի ըլլայ, Կառավարիչ կառավարիչի դէմ պիտի ելլէ։

47

Հետեւաբար ահա՛ կու գան օրերը՝ Երբ Բաբելոնի 40կուռքերը պիտի պատժեմ. Անոր ամբողջ երկիրը պիտի ամչնայ, Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։

48

Այն ատեն երկինքն ու երկիրը, եւ ամէն ինչ որ անոնց մէջ է, Բաբելոնի համար պիտի ցնծան, Որովհետեւ կործանողները հիւսիսէն պիտի գան անոր դէմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

49

Ինչպէս Բաբելոն ամբողջ երկրի սպաննուածները գետին ձգեց, Նոյնպէս Բաբելոն պիտի իյնայ, ո՛վ Իսրայէլի սպաննուածներ»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

50

«Ո՛վ սուրէ ազատածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք. Տէ՛րը յիշեցէք հեռուէն, Ու Երուսաղէ՛մը 41մտաբերեցէք։

51

Կ’ամչնանք նախատինք լսելով, 42Ամօթը մեր երեսը ծածկած է, Քանի որ օտարներ մտած են Տէրոջ տան սրբարաններուն մէջ։

52

Հետեւաբար ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմ, Եւ անոր ամբողջ երկրին մէջ վիրաւորները պիտի հեծեծեն։

53

Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէ Եւ իր 43զօրութիւնը բարձր վայրին մէջ հաստատէ՝՝, Ինձմէ ղրկուած կործանողները պիտի հասնին անոր», կը պատգամէ Տէրը։


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ

54

Բաբելոնէն աղաղակի ձայն կու գայ, Ու Քաղդէացիներու երկրէն՝ մեծ փլուզումի ձայն.

55

Որովհետեւ Տէրը Բաբելոնը կը կործանէ, Եւ անոր մեծ ձայնը կը ջնջէ. Անոնց ալիքները յորդառատ ջուրերու պէս կը գոռան, Ու անոնց ձայնին ժխորը կը 44լսուի։

56

Արդարեւ կործանողը հասաւ անոր վրայ — Բաբելոնի վրայ —, Եւ անոր զօրաւորները բռնուեցան. Անոնց աղեղները կոտրուեցան, Քանի որ Տէրը՝ վարձատրող Աստուած ըլլալով՝ Անպատճառ կը հատուցանէ։

57

Անոր իշխանաւորներն ու իմաստունները, Կուսակալները, նախարարները Եւ զօրաւորները պիտի գինովցնեմ. Անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան Ու պիտի չարթննան», կը պատգամէ այն Թագաւորը՝ Որուն անունը 45Զօրքերու Տէր՝՝ է։

58

Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլչին, Եւ անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրուին։ Ժողովուրդները պարապ տեղը յոգնած պիտի ըլլան, Ազգերը կրակի համար պարտասած պիտի ըլլան»։


ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻ

59

Ահա՛ւասիկ այն հրահանգը՝ որ Երեմիա մարգարէն հրամայեց Մաասիայի որդիին՝ Ներիայի որդիին՝ Սարայիայի, երբ ան Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին 46կողմէն Բաբելոն գնաց՝ անոր թագաւորութեան չորրորդ տարին. Սարայիա 47գլխաւոր սենեկապետ՝՝ էր։

60

Արդարեւ Երեմիա գիրքի մը մէջ գրեց Բաբելոնի վրայ հասնելիք ամբողջ չարիքը, այսինքն այս բոլոր խօսքերը՝ որ Բաբելոնի դէմ գրուած են,

61

ու Երեմիա Սարայիայի ըսաւ. «Երբ Բաբելոն հասնիս, 48ուշադրութիւն դարձնելով՝՝ կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը,

62

ապա ըսէ՛. “Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար 49վճռեցիր որ զայն կործանես, եւ մարդէ մինչեւ անասուն՝ անոր մէջ ո՛չ մէկը բնակի, հապա յաւիտենական ամայութիւն ըլլայ”։

63

Երբ այս գիրքը կարդալը աւարտես, քա՛ր մը կապէ անոր վրայ, նետէ՛ զայն Եփրատի մէջ,

64

եւ ըսէ՛. “Ա՛յսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն. ա՛լ պիտի 50չվերականգնի այն չարիքէն՝ որ ես անոր վրայ պիտի բերեմ. անոնք պիտի պարտասին”»։ Երեմիայի խօսքերը մինչեւ հոս են։



1 Եբր.՝ ինծի դէմ կանգնողներուն
2 Եբր.՝ սիրտը
3 Կամ՝ օտարներ
4 Եբր.՝ ըլլան
5 Եբր.՝ աղեղ լարողին
6 Եբր.՝ ինքզինք բարձրացնողին
7 Եբր.՝ խոցոտուածներ
8 Եբր.՝ չայրիացան
9 Եբր.՝ չլռէք
10 Եբր.՝ երկիրը
11 Եբր.՝ կոտտանքին
12 Եբր.՝ լեցուցէ՛ք
13 Եբր.՝ կանչեն
14 Եբր.՝ շինեց
15 Կամ՝ շինէ
16 Եբր.՝ թափած պատկերը
17 Կամ՝ շունչ
18 Եբր.՝ հատուցումին
19 Եբր.՝ Ձեւակերպիչը
20 Եբր.՝ գաւազանն
21 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
22 Կամ՝ եղար
23 Կամ՝ զէնքս
24 Կամ՝ ջախջախեցի
25 Եբր.՝ երկիրը
26 Կամ՝ կործանարար
27 Եբր.՝ դարձնեմ
28 Եբր.՝ չբերեն
29 Եբր.՝ սրբացուցէք
30 Եբր.՝ Երկիրը
31 Եբր.՝ երկունքի ցաւ կը քաշէ
32 Եբր.՝ ընելու
33 Եբր.՝ ցամքած
34 Եբր.՝ գովեստը
35 Կամ՝ ապշութիւն
36 Եբր.՝ ամայութիւն եղան
37 Եբր.՝ հատուցանեմ
38 Եբր.՝ չհոսին գետի պէս
39 Եբր.՝ լսուելիք լուրէն
40 Եբր.՝ քանդակուած պատկերները
41 Եբր.՝ թող բարձրանայ ձեր սիրտին մէջ
42 Եբր.՝ Խայտառակութիւնը
43 Եբր.՝ զօրութեան բարձրութիւնը ամրացնէ
44 Եբր.՝ տրուի
45 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
46 Կամ՝ հետ
47 Եբր.՝ հանգստութեան իշխանաւոր
48 Եբր.՝ նայելով
49 Եբր.՝ խօսեցար
50 Եբր.՝ չկանգնի