Jeremiah 52
Isaiah « Jeremiah 51 ‹ Jeremiah 52 › Lamentations 1 » Lamentations
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ (Դ. Թագ. 24. 18-25. 7 )
1Սեդեկիա քսանմէկ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնմէկ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Լեբնացի Երեմիայի աղջիկն էր՝ Ամիտաղ անունով։
2Ան Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, Յովակիմի բոլոր ըրածներուն համաձայն։
3Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորին դէմ ըմբոստացաւ, քանի որ Տէրոջ բարկութիւնը Երուսաղէմի եւ Յուդայի դէմ էր, մինչեւ որ զանոնք իր ներկայութենէն վտարեց։
4Անոր թագաւորութեան իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրագունդերով Երուսաղէմի առջեւ հասաւ։ Անոր դիմաց բանակեցան, եւ անոր դէմ բոլորաձեւ մարտկոցներ կառուցանեցին.
5մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնմէկերորդ տարին՝ քաղաքը պաշարուեցաւ։
6Չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին՝ քաղաքին մէջ սովը սաստկացաւ, ու երկրին ժողովուրդը հաց չունէր։
7Քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ, ու բոլոր պատերազմիկները փախան. գիշերուան մէջ՝ թագաւորին պարտէզին քով եղող երկու պարիսպներուն մէջտեղի դրան ճամբայով քաղաքէն ելան, մինչ Քաղդէացիները քաղաքը շրջապատած էին։ Անոնք դաշտի ճամբայէն գացին.
8իսկ Քաղդէացիներուն զօրագունդերը թագաւորը հետապնդեցին։ Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիայի հասան, եւ անոր բոլոր զօրագունդերը իր քովէն ցրուեցան։
9Թագաւորը բռնեցին, ու զայն Ռեբղա բարձրացուցին՝ Բաբելոնի թագաւորին քով, Եմաթի երկրին մէջ, ուր անոր դատավճիռը արձակեց։
10Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիայի որդիները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց. Յուդայի բոլոր իշխանաւորներն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց։
11Յետոյ Սեդեկիայի աչքերը կուրցուց, ու զայն պղինձէ շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զայն Բաբելոն տարաւ, եւ բանտը դրաւ մինչեւ իր մահուան օրը։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
12Բաբելոնի թագաւորին — Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին — տասնիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին, Բաբելոնի թագաւորին 2արքունիքէն եղող՝՝ Նաբուզարդան թիկնապահապետը Երուսաղէմ մտաւ.
13Տէրոջ տունը, թագաւորին տունը, ու Երուսաղէմի բոլոր տուները այրեց. բոլոր մեծ մարդոց տուները կրակով այրեց։
14Թիկնապահապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրագունդերը Երուսաղէմը շրջապատող բոլոր պարիսպները փլցուցին։
15Նաբուզարդան թիկնապահապետը տարագրեց ժողովուրդին չքաւորներէն մաս մը, ժողովուրդին մնացորդը՝ որ տակաւին քաղաքին մէջ 3կը բնակէր՝՝, Բաբելոնի թագաւորին 4կողմը անցած՝՝ 5դասալիքները, եւ մնացած բազմութիւնը։
16Սակայն Նաբուզարդան թիկնապահապետը երկրին չքաւորներէն մաս մը թողուց՝ որ այգեգործներ ու երկրագործներ ըլլան։
17Քաղդէացիները Տէրոջ տան մէջ եղող պղինձէ սիւներն ու 6մեքենովթները, նաեւ Տէրոջ տան մէջ եղող պղինձէ ծովը կոտրտեցին, եւ անոնց ամբողջ պղինձը Բաբելոն փոխադրեցին։
18Կաթսաները, թիակները, բազմակալները, կոնքերն ու խնկամանները գրաւեցին, նաեւ պաշտօն կատարելու համար գործածուած բոլոր պղինձէ անօթները։
19Թիկնապահապետը գրաւեց գաւաթները, բուրվառները, կոնքերը, կաթսաները, աշտանակները, խնկամաններն ու թասերը, ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբր ոսկի, եւ ինչ որ արծաթէ էր՝ իբր արծաթ.
20նաեւ Տէրոջ տան համար Սողոմոն թագաւորին շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու 7մեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղինձէ եզները՝՝։ Այս բոլոր առարկաներուն պղինձը կշիռ չունէր։
21Ինչ կը վերաբերի սիւներուն, մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնութ կանգուն էր, 8անոր շրջագիծը՝ տասներկու կանգուն՝՝, անոր թանձրութիւնը՝ չորս մատնաչափ, ու մէջը դատարկ էր։
22Անոր վրայ պղինձէ խոյակ մը կար. մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր, եւ խոյակին վրայ բոլորաձեւ ցանցակերպ զարդ մը ու նուռեր կային. բոլորն ալ պղինձէ էին։ Միւս սիւնն ալ այդպէս էր՝ նուռերով։
23Նուռերը իւրաքանչիւր կողմէն իննսունվեց հատ էին, ու ցանցակերպ զարդը շրջապատող բոլոր նուռերը՝ հարիւր հատ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ (Դ. Թագ. 25. 18-21, 27-30)
24Թիկնապահապետը աւագ քահանան՝ Սարայիան, երկրորդ քահանան՝ Սոփոնիան, ու երեք 9դրան պահապանները բռնեց։
25Քաղաքէն բռնեց պալատական մը՝ որ պատերազմիկներուն զօրագլուխն էր, նաեւ թագաւորին 10սպասարկուներէն եօթը մարդ՝ որ քաղաքին մէջ գտնուեցաւ, զօրքին ատենադպրապետը՝ որ երկրին ժողովուրդը կը զինուորագրէր, ու երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ՝ որ քաղաքին մէջ գտնուեցաւ։
26Նաբուզարդան թիկնապահապետը զանոնք բռնեց, եւ Ռեբղա տարաւ՝ Բաբելոնի թագաւորին։
27Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ, ու Եմաթի երկրին՝ Ռեբղայի մէջ զանոնք մեռցուց։ Այսպէս՝ Յուդա իր 11երկրէն տարագրուեցաւ։
28Ահա՛ւասիկ Նաբուգոդոնոսորի տարագրած ժողովուրդը.— եօթներորդ տարին՝ երեք հազար քսաներեք Հրեայ,
29Նաբուգոդոնոսորի տասնութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսուներկու անձ։
30Նաբուգոդոնոսորի քսաներեքերորդ տարին՝ Նաբուզարդան թիկնապահապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունհինգ անձ փոխադրեց. բոլորը՝ չորս հազար վեց հարիւր անձ։
31Յուդայի Յովաքին թագաւորին տարագրութեան երեսունեօթներորդ տարին, տասներկրորդ ամսուան քսանհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը՝ իր թագաւոր եղած տարին՝ Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց, ու զայն բանտէն հանեց։
32Անոր հետ 12քաղցրութեամբ խօսեցաւ, եւ անոր գահը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն գահէն վեր դրաւ.
33Անոր բանտի հագուստները փոխեց, ու ան իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ շարունակ անոր 13հետ հաց կերաւ։
34Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, օրական 14բաժինը ամէն օր Բաբելոնի թագաւորէն իրեն տրուեցաւ՝ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ, մինչեւ իր մահուան օրը։