Job 27
Esther « Job 26 ‹ Job 27 › Job 28 » Psalm
1
Յոբ շարունակելով իր առակը՝ ըսաւ.
2«Իմ իրաւունքս 1զլացող Աստուածը, Եւ անձս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը ողջ է։
3Քանի շունչս վրաս է Ու ռունգերուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ,
4Շրթունքս անիրաւութիւն պիտի չըսէ, Ու լեզուս խաբէութիւն պիտի չխօսի։
5Հեռո՛ւ ինձմէ, որ ձեզ արդարացնեմ. Մինչեւ շունչս տալը՝ պարկեշտութիւնս ինձմէ պիտի չհեռացնեմ։
6Իմ արդարութեանս կառչեր եմ, ու զայն պիտի չթողում. Ապրած օրերուս 2համար սիրտս բնաւ պիտի 3չյանդիմանէ զիս։
7Թշնամիս ամբարիշտի պէս թող ըլլայ, Եւ ինծի դէմ կանգնողը՝ անիրաւի պէս։
8Արդարեւ ի՞նչ է կեղծաւորին յոյսը, (թէեւ ագահութեամբ հարստացած ըլլայ,) Երբ Աստուած անոր 4հոգին առնէ։
9Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞, Երբ տագնապը անոր վրայ հասնի։
10Ամենակարողը անոր վայելքը պիտի ըլլա՞յ. Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի գոչէ՞։
11Աստուծոյ 5գործելակերպը ձեզի պիտի սորվեցնեմ. Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։
12Ահա՛ դուք բոլորդ ալ տեսաք. Ուստի ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին սնապաշտ եղաք։
13Ահա՛ւասիկ ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ, Ու բռնակալներուն ստանալիք ժառանգութիւնը Ամենակարողէն.—
14Եթէ անոր որդիները բազմանան, սուրի համար է. Անոր շառաւիղները հացով պիտի չկշտանան։
15Իրմէ ետք վերապրողները գէշ մահով պիտի թաղուին, Բայց իր որբեւարիները պիտի չլան։
16Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ, Ու ցեխի պէս հանդերձներ պատրաստէ,
17Ան պիտի պատրաստէ՝ բայց արդա՛րը պիտի հագնի, Եւ անմե՛ղը պիտի բաժնէ արծաթը։
18Իր տունը կը կառուցանէ՝ ինչպէս ցեցը կ’ընէ, Այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։
19Հարուստը պիտի պառկի, բայց պիտի չամփոփուի. 6Աչքերը պիտի բանայ, ու՝՝ պիտի ոչնչանայ։
20Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի. Գիշերուան մէջ փոթորիկը պիտի յափշտակէ զայն։
21Արեւելեան հովը պիտի 7քշէ տանի՝՝ զայն, եւ ինք պիտի երթայ. Մրրիկով պիտի վերցնէ զայն իր տեղէն։
22Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ, ու պիտի չխնայէ. Ան ալ 8պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ՝՝։
23Անոր անկումին համար ծափ պիտի զարնեն, Եւ անոր եղած տեղէն զայն սուլելով պիտի վռնտեն»։