Loading...

Job 28

Esther  «  Job 27  ‹  Job 28  ›  Job 29  »  Psalm


ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՎԵՍՏԸ

1

«Անշուշտ արծաթը իր երակը ունի, Ու ոսկին՝ իր զտուելու տեղը.

2

Երկաթը հողէն կը ստացուի, Պղինձը՝ 1հանածոն հալեցնելով՝՝։

3

Մարդը խաւարին վերջակէտ կը դնէ, Եւ ամէն ինչ 2կատարելապէս կը հետազօտէ. Մութին մէջ պահուած քարերն ալ՝ որոնք մահուան շուքին մէջ են։

4

3Փոս կը բանայ՝՝ իր բնակած տեղէն հեռու, Հոն՝ ուր 4ոտք չէ կոխուած՝՝. 5Կը ցածնան՝՝, մարդոցմէ հեռու կը շարժին։

5

Երկրէն հաց կ’արտադրուի, Իսկ անոր ներքեւը տակնուվրայ կ’ըլլայ՝ իբր թէ կրակով։

6

Անոր 6հանքերը շափիւղաներու տեղ են, Ու հոն ոսկիի փոշի կայ։

7

Գիշատիչ թռչունը անոր շաւիղը չի գիտեր, Եւ անգղին աչքը զայն նշմարած չէ։

8

7Վայրենի գազանները՝՝ հոն ոտք կոխած չեն, 8Մռնչող առիւծը՝՝ անկէ անցած չէ։

9

Մարդը իր ձեռքը կ’երկարէ ապառաժներուն, Ու լեռները հիմէն տակնուվրայ կ’ընէ։

10

Վէմերը ճեղքելով՝ գետեր կ’անցընէ անոնց մէջէն. Անոր աչքը ամէն պատուական բան կը տեսնէ։

11

Գետերը 9կ’արգիլէ՝ որ չհոսին՝՝, Եւ թաքուն պահուածը 10երեւան կը հանէ։

12

Բայց իմաստութիւնը ո՞ւր կը գտնուի, Ու խելքին տեղը ո՞ւր է։

13

Մարդը անոր յարգը չի գիտեր, Եւ ան չի գտնուիր ապրողներու երկրին մէջ։

14

Անդունդը կ’ըսէ. “Ան իմ մէջս չէ”, Ծովն ալ կ’ըսէ. “Իմ քովս չէ”։

15

Զուտ ոսկիի փոխարէն չի տրուիր. Արծաթ չի կշռուիր անոր գինին համար։

16

Ո՛չ Ոփիրի մաքուր ոսկիով կը փոխարինուի, Ո՛չ ալ պատուական եղնգնաքարով եւ շափիւղայով։

17

Ոսկին ու վանակնը չեն կրնար անոր հետ բաղդատուիլ. Զուտ ոսկիէ իրերով չի փոխանակուիր.

18

Բուստը եւ բիւրեղը անոր քով չեն յիշատակուիր։ Արդարեւ իմաստութեան 11գինը մարգարիտներու գինէն աւելի բարձր է.

19

Եթովպիայի տպազիոնը անոր հետ չի բաղդատուիր, Ու մաքուր ոսկիով չի փոխարինուիր։

20

Ուրեմն իմաստութիւնը ուրկէ՞ կու գայ, Եւ խելքին տեղը ո՞ւր է.

21

Քանի բոլոր ապրողներուն աչքերէն թաքնուած է, Ու երկինքի թռչուններէն՝ պահուած։

22

12Վիհը եւ մահը կ’ըսեն. “Մենք անոր համբաւը մեր ականջներով լսեր ենք”։

23

Անոր ճամբան Աստուա՛ծ կը 13ճանչնայ, Անոր տեղը ի՛նք գիտէ,

24

Քանի մինչեւ երկրի ծայրերը կը դիտէ, Երկինքին տակ եղած ամէն ինչ կը տեսնէ։

25

Երբ հովին կշիռը 14կը սահմանէր՝՝, Ու ջուրերը չափով կը կշռէր,

26

Երբ անձրեւին կանոն 15կ’որոշէր, Եւ 16որոտումներու փայլակին՝ ճամբայ,

27

Այն ատեն տեսաւ 17զայն ու 18յայտնեց, Հաստատեց զայն, նաեւ 19քննեց զայն,

28

Եւ մարդուն ըսաւ. “Ահա՛ Տէրոջ վախն է իմաստութիւնը, Ու չարութենէ հեռանալն է խելացութիւնը”»։



1 Եբր.՝ քարը ձուլելով
2 Կամ՝ մինչեւ ծայրը
3 Եբր.՝ Ձոր կը պատռէ
4 Եբր.՝ ոտքէն մոռցուած է
5 Կամ՝ Կը պարպուին
6 Եբր.՝ քարերը
7 Եբր.՝ Հպարտութեան որդիները
8 Կամ՝ Վագրը
9 Եբր.՝ կը փաթթէ՝ որ չլան
10 Եբր.՝ լոյս
11 Եբր.՝ տիրացումը
12 Եբր.՝ Ապադոնը, այսինքն՝ կորուստը
13 Եբր.՝ հասկնայ
14 Եբր.՝ կը պատրաստէր
15 Եբր.՝ կը պատրաստէր
16 Եբր.՝ ձայներու
17 Այսինքն՝ իմաստութիւնը
18 Եբր.՝ յայտարարեց
19 Եբր.՝ հետազօտեց