Job 29
Esther « Job 28 ‹ Job 29 › Job 30 » Psalm
ՅՈԲԻ ՎԵՐՋԻՆ ՓԱՍՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Յոբ շարունակելով իր առակը՝ ըսաւ.
2«Երանի՜ թէ վաղեմի ամիսներուն պէս, Աստուծոյ զիս պահպանած օրերուն պէս ըլլայի,
3Երբ անոր ճրագը իմ գլուխիս վրայ կը շողար Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսով կը քալէի.
4Ինչպէս 1երիտասարդութեանս օրերը, Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր.
5Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր, Եւ տղաներս իմ շուրջս էին.
6Երբ 2ոտքերս կոգիով կը լուայի, Ու վէմը ինծի համար իւղի առուներ կը 3հոսեցնէր.
7Երբ դուրս կ’ելլէի՝ դէպի քաղաքին դուռը, Եւ աթոռս հրապարակին մէջ կը 4դնէի,
8Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուըտէին, Տարեցներն ալ ոտքի կ’ելլէին ու կը կայնէին.
9Իշխանաւորները խօսելէն կը դադրէին, Եւ իրենց ձեռքը իրենց բերանին վրայ կը դնէին.
10Առաջնորդները իրենց ձայնը կը 5կտրէին, Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։
11Ինծի մտիկ ընող ականջը երանելի կը կոչէր զիս, Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար.
12Որովհետեւ ես աղաղակող դժբախտը, Որբը եւ օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։
13Կորսուողին օրհնութիւնը վրաս կու գար, Ու այրիին սիրտը կը ցնծացնէի։
14Արդարութիւն կը հագնէի, եւ ան 6իմ հանդերձս էր՝՝. Իրաւունքը պարեգօտի ու խոյրի պէս էր ինծի։
15Կոյրին աչքերն էի, Իսկ կաղին՝ ոտքերը.
16Աղքատին հայրն էի, 7Անծանօթին իրաւունքը կը 8պաշտպանէի.
17Անիրաւին ժանիքը կը կոտրտէի, Եւ անոր ակռաներէն որսը կը խլէի
18Ուստի կ’ըսէի. “Բոյնիս մէջ շունչս պիտի տամ, Օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։
19Արմատս դէպի ջուրերը պիտի 9տարածուի, Ցօղը ոստերուս վրայ պիտի գիշերէ.
20Փառքս իմ մէջս պիտի վերանորոգուի, Եւ աղեղս ձեռքիս մէջ պիտի վերահաստատուի”։
21Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին, Կը լռէին՝ իմ խորհուրդս ստանալու համար.
22Իմ խօսելէս ետք՝ անոնք չէին հակաճառեր։ Խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր.
23Անձրեւի սպասելու պէս՝ ինծի կը սպասէին, Եւ վերջին անձրեւին փափաքելու պէս՝ իրենց բերանը կը բանային։
24Եթէ անոնց ժպտէի՝ չէին հաւատար, Ու երեսիս լոյսը չէին 10արհամարհեր։
25Անոնց ճամբան ընտրելով՝ իբր գլխաւոր կը նստէի, Իր գունդին մէջ եղող թագաւորի մը պէս կը բնակէի, Սգաւորները մխիթարողի պէս»։