Job 30
Esther « Job 29 ‹ Job 30 › Job 31 » Psalm
1
«Բայց հիմա 1տարիքով ինձմէ փոքր եղողները զիս կը ծաղրեն, Որոնց հայրերը կը մերժէի հօտիս շուներուն հետ դնել։
2Նոյնիսկ ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր անոնց ձեռքերուն ոյժը. Իրենց առոյգութիւնը կորսնցուցած էին։
3Կարօտութենէ եւ անօթութենէ նիհարցած՝ Երէկուընէ անբնակ ու անշէն տափաստանը կը փախչէին։
4Իրենց 2կերակուրին համար մացառներուն քովի 3մոլոշները կը քաղէին, Ու գիհիի արմատ կը հաւաքէին։
5Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին. Անոնց ետեւէն գողի ետեւէն գոռալու պէս կը գոռային։
6Ահռելի ձորերու մէջ կը բնակէին, 4Երկրի ծակերուն եւ ապառաժներուն մէջ։
7Մացառներուն մէջ կը զռնչէին, 5Եղիճներու տակ կը հաւաքուէին։
8Անզգամներու որդիներ, 6աննշան մարդոց որդիներ ըլլալով՝ Երկրէն կը վռնտուէին։
9Ու հիմա ես անոնց տաղը եղած եմ, Նաեւ անոնց խօսակցութեան առարկան։
10Ինձմէ կը գարշին, ինձմէ կը հեռանան. Երեսիս կը թքնեն՝ առանց խնայելու։
11Քանի Աստուած իմ լարս քակելով՝ զիս տառապեցուց, Անոնք ալ իմ ներկայութեանս 7սանձարձակ կ’ըլլան՝՝։
12Աջ կողմէս ճուտեր կը կանգնին. Անոնք ոտքերս կը 8հրեն, Եւ ինծի դէմ իրենց ձախորդութեան ուղիները կը հարթեն։
13Անոնք շաւիղս կ’աւրեն, աղէտիս կը սատարեն Առանց ոեւէ օգնականի պէտք ունենալու։
14Լայն խրամատէ մը գալու պէս 9կը յարձակին՝՝, Աւերակներու մէջէն վրաս կը 10խուժեն։
15Արհաւիրքները վրաս կը 11խոյանան, Ու հովի պէս 12պատիւս կը հալածեն. Ապահովութիւնս թանձր ամպի պէս անցաւ։
16Հիմա անձս իմ ներսս կը 13հալի, Տառապանքի օրերը զիս համակեցին։
17Իմ ցաւս գիշերը ոսկորներս կը ծակէ, Ու ջիղերս չեն 14հանգստանար։
18Իր մեծ ոյժով իմ հանդերձս կը 15փոխուի, Եւ իմ պատմուճանիս օձիքին պէս զիս կը 16կաշկանդէ։
19Զիս 17ցեխին մէջ նետեց, Ու հողի եւ մոխիրի նմանեցայ։
20Քեզի կ’աղաղակեմ, բայց ինծի չես պատասխաներ. Կը կանգնիմ, ու ինծի ուշադրութիւն 18չես դարձներ՝՝։
21Ինծի հանդէպ անգութ 19եղար, Ձեռքիդ հզօրութեամբ զիս 20կը հետապնդես՝՝։
22Զիս վերցնելով՝ հովին վրայ կը հեծցնես, Ու զիս 21մրրիկով կը հալեցնես։
23Ստուգապէս գիտեմ թէ զիս մահուան պիտի տանիս՝ Բոլոր ապրողներուն համար սահմանուած տունը։
24Արդարեւ աղաչանքը ոչինչի օգտակար է՝ երբ Աստուած իր ձեռքը երկարէ, Ո՛չ ալ անոնց աղաղակը՝ երբ ինք կորսնցնէ։
2522Դժբախտութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար. Աղքատին համար անձս չէ՞ր վշտանար։
26Բայց երբ բարիք կ’ակնկալէի՝ չարիքը հասաւ. Երբ լոյսին կը սպասէի՝ մութը եկաւ։
27Ընդերքս կ’եռայ եւ չի 23հանդարտիր. Տառապանքի օրերը իմ առջեւս եկան։
28Սեւցած կը շրջիմ, բայց՝ ոչ թէ արեւէն. Համախմբումին մէջ կը կանգնիմ, ու կ’աղաղակեմ։
29Շնագայլերուն եղբայր եղայ, Եւ ջայլամներուն՝ ընկեր։
30Մորթս կը սեւնայ ու վրայէս կ’իյնայ. Ոսկորներս չորութենէն կ’այրին։
31Ուստի քնարս սուգի փոխուեցաւ, Եւ սրինգս՝ լալկաններու ձայնի»։