Job 31
Esther « Job 30 ‹ Job 31 › Job 32 » Psalm
1
«Աչքերուս հետ ուխտ կնքած էի. Ուրեմն ի՞նչպէս 1ուշադրութիւն դարձնէի՝՝ կոյսի մը։
2Արդարեւ վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի, Ու բարձր վայրէն՝ Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։
3Ձախորդութիւնը անիրաւին համար սահմանուած չէ՞, Եւ 2սոսկալի պատիժը՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։
4Միթէ ան իմ ճամբաներս չի՞ տեսներ, Ու բոլոր քայլերս չի՞ հաշուեր։
5Եթէ ունայնութեան մէջ քալեցի, Կամ ոտքս դէպի խաբէութիւն արտորաց,
6Թող կշռէ զիս ճիշդ կշիռքով, Եւ Աստուած իմ պարկեշտութիւնս պիտի գիտնայ։
7Եթէ 3ոտքս ճամբայէն շեղեցաւ, Սիրտս աչքերուս հետեւեցաւ, Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ,
8Ես սերմանեմ եւ ուրիշը թող ուտէ, Եւ շառաւիղներս արմատէն թող խլուին։
9Եթէ սիրտս կնոջմէ մը հրապուրուեցաւ, Կամ թէ ընկերիս դուռը դարան մտայ,
10Իմ կինս ուրիշի մը համար 4աղօրիքի քար թող դարձնէ՝՝, Եւ ուրիշները 5զայն թող պղծեն՝՝.
11Արդարեւ ատիկա լրբութիւն է, Ու դատաւորներէն պատժուելիք անօրէնութիւն.
12Կրակ մըն է, որ զիս պիտի սպառէ մինչեւ 6վիհը, Եւ ամբողջ բերքս արմատէն խլէ։
13Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունքը անարգեցի՝ Երբ ինծի հետ կը վիճէին,
14Ի՞նչ պիտի ընեմ՝ երբ Աստուած կանգնի, Ի՞նչ պիտի պատասխանեմ անոր՝ երբ ինք 7քննէ։
15Միթէ զիս 8որովայնի մէջ 9ստեղծողը զանոնք ալ չստեղծե՞ց. Մէկ Աստուած չէ՞ մեզ բոլորս ալ արգանդի մէջ 10ձեւակերպողը։
16Եթէ չքաւորներուն 11ցանկացածը մերժեցի, Ու այրիին աչքերը նուաղիլ տուի.
17Եթէ պատառս առանձին կերայ, Եւ անկէ որբն ալ չկերաւ.
18(Արդարեւ մանկութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի 12զայն, Ու մօրս 13որովայնէն առաջնորդեցի 14զայն.)
19Եթէ հանդերձ չունեցող մը տեսայ՝ որ կը կորսուի, Կամ ծածկոց չունեցող աղքատ մը,
20Ու եթէ անոր մէջքը զիս չօրհնեց, Եւ իմ ոչխարներուս 15բուրդէն չտաքցաւ.
21Եթէ ձեռքս որբին դէմ 16վերցուցի՝ Երբ տեսայ թէ 17դրան մէջ ինծի օգնականներ կան,
22Իմ ուսս անրակէս թող իյնայ, Ու բազուկս արմուկէս 18կտրուի.
23Քանի որ Աստուծոյ ղրկած ձախորդութենէն կը վախնայի Եւ անոր վեհափառութեան առջեւ չէի կրնար կենալ։
24Եթէ յոյսս ոսկիին վրայ դնելով՝ Մաքուր ոսկիին ըսի. “Քեզի՛ կը վստահիմ”.
25Եթէ ուրախացայ՝ քանի որ գոյքերս շատ էին, Ու ձեռքս շատ 19վաստկած էր.
26Եթէ 20արեւին նայեցայ՝ երբ կը շողար, Կամ լուսինին՝ երբ 21պայծառութեամբ կը շրջէր,
27Եւ սիրտս ծածկաբար հրապուրուեցաւ Ու բերանս ձեռքս համբուրեց.
28(Ա՛յս ալ դատաւորէն պատժուելիք անօրէնութիւն մըն է, Քանի որ վերը բնակող Աստուածը ուրացած կ’ըլլայի.)
29Եթէ զիս ատողին դժբախտութեան համար ուրախացայ, Կամ 22ցնծացի՝ երբ ան չարիքի հանդիպեցաւ.
30(23Լեզուիս ալ չթոյլատրեցի որ մեղանչէ՝ Անէծքով անոր 24մեռնիլը ուզելով՝՝.)
31Եթէ վրանիս 25մարդիկը չըսին. “26Ո՞վ անոր միսէն չէ կշտացած՝՝”.
32(Գաղթականը երբեք դուրսը չէր գիշերեր, Ուղեւորին դուռս կը բանայի.)
33Եթէ յանցանքներս 27Ադամի պէս ծածկեցի, Եւ անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի.
34(Քանի որ մեծ բազմութենէն կ’ահաբեկէի, Գերդաստաններուն արհամարհանքը զիս կը զարհուրեցնէր. Կը լռէի ու դռնէն դուրս չէի ելլեր։)
35Երանի՜ թէ ինծի մտիկ ընող մը ըլլար. Ահա՛ւասիկ իմ 28փափաքս.— Ամենակարողը ինծի թող պատասխանէ, Եւ 29հակառակորդս ամբաստանագիր՝՝ մը գրէ։
36Անշուշտ զայն իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի.
37Քայլերուս թիւը անոր պիտի իմացնէի, Առաջնորդի պէս անոր պիտի մօտենայի։
38Եթէ հողս ինծի դէմ 30բողոքէ Եւ անոր ակօսները միասին լան,
39Եթէ անոր 31արդիւնքը առանց դրամի կերայ, Կամ անոր տէրերուն 32հոգին հանեցի՝՝,
40Ցորենի տեղ՝ 33մոշենի թող բուսնի, Ու գարիի տեղ՝ որոմ»։ Յոբի խօսքերը վերջացան։