Job 32
Esther « Job 31 ‹ Job 32 › Job 33 » Psalm
ԵՂԻՈՒՍԻ ԽՕՍՔԸ (32. 1-37. 24)
1Այն ատեն այս երեք մարդիկ Յոբի պատասխանելէն դադրեցան, քանի ան իր աչքերուն արդար կ’երեւնար։
2Բայց 1Արամի գերդաստանէն Բուզացի Բարաքիէլի որդիին՝ Եղիուսի բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբի դէմ բորբոքեցաւ, որովհետեւ ինքզինք Աստուծմէ աւելի արդար կը սեպէր։
3Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկամներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան գտած չէին, թէեւ Յոբը դատապարտեցին։
4Եղիուս Յոբի խօսքերուն վերջանալուն սպասած էր, որովհետեւ անոնք իրմէ տարիքոտ էին։
5Բայց երբ Եղիուս տեսաւ թէ այդ երեք մարդոց բերանը ա՛լ պատասխան չկար, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
6Այն ատեն Բուզացի Բարաքիէլի որդին՝ Եղիուս պատասխանեց. «Ես 2տարիքով փոքր եմ, իսկ դուք՝ աւելի տարեց. Հետեւաբար սոսկացի, ու գիտցածս ձեզի պարզելու վախցայ։
7Ըսի. “3Երկար կեանքը՝՝ թող խօսի, Ու տարիներուն շատութիւնը թող գիտցնէ իմաստութիւնը”։
8Բայց մարդուն մէջ հոգի կայ, Եւ Ամենակարողին ներշնչումը անոնց խելք կու տայ։
9Մեծերը միշտ իմաստուն չեն, Ո՛չ ալ ծերերը իրաւունքը կը հասկնան։
10Ուստի կ’ըսեմ. “Մտի՛կ ըրէ ինծի, Որպէսզի ես ալ գիտցածս պարզեմ”։
11Ահա՛ ես ձեր խօսքերուն սպասեցի, Ձեր փաստարկութիւնները ունկնդրեցի՝ Մինչեւ որ 4քննեցիք անոր խօսքերը։
12Ձեզի լաւ 5ուշադրութիւն դարձուցի՝՝, Բայց ահա՛ ձեզմէ ո՛չ մէկը Յոբը 6համոզեց Եւ անոր խօսքերուն պատասխանեց։
13Մի՛ ըսէք. “Իմաստութիւն գտանք. Աստուած է որ կրնայ յաղթել անոր, ո՛չ թէ մարդը”։
14Ան իր խօսակցութիւնը ինծի 7չուղղեց, Ես ալ ձեր խօսքերով անոր պիտի չպատասխանեմ։
15Անոնք զարհուրեցան, ա՛լ չպատասխանեցին. Անոնց խօսքերը 8դադրեցան։
16Սպասեցի՝ մինչեւ որ ա՛լ բան մը չըսին, Մունջ կեցան, եւ ա՛լ 9չհակաճառեցին։
17Ուստի ե՛ս ալ իմ կարգիս պիտի պատասխանեմ, Ե՛ս ալ իմ գիտցածս պիտի պարզեմ։
18Արդարեւ խօսքերով լեցուն եմ, Իմ 10ներսս եղած հոգին 11զիս կը ստիպէ՝՝։
19Ահա՛ փորս չբացուած գինիի պէս է. Նոր տիկերու պէս՝ պիտի ճեղքուի։
20Պիտի խօսիմ՝ որպէսզի հանգստանամ, Շրթունքս պիտի բանամ ու պատասխանեմ։
21Ուրեմն ո՛չ մէկուն աչառութիւն պիտի ընեմ, Ո՛չ մէկը պիտի 12շողոքորթեմ,
22Քանի չեմ գիտեր շողոքորթել. Իմ Արարիչս շուտով զիս պիտի վերցնէր»։