Job 33
Esther « Job 32 ‹ Job 33 › Job 34 » Psalm
1
«Ուրեմն կ’աղերսե՛մ, ո՛վ Յոբ, մտի՛կ ըրէ իմ խօսքերս, Ունկնդրէ՛ բոլոր ըսածներս։
2Ահա՛ հիմա բերանս կը բանամ, Ու լեզուս քիմքիս մէջ կը խօսի։
3Խօսքերս սիրտիս ուղղամտութեան համաձայն պիտի ըլլան, Եւ շրթունքս 1զուտ ճշմարտութիւն՝՝ պիտի խօսի։
4Զիս Աստուծոյ Հոգին 2ստեղծեց, Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ։
5Եթէ կրնաս՝ պատասխանէ՛ ինծի, 3Ներկայացո՛ւր դատդ՝ դիմացս կայնելով։
6Ահա՛ ես 4քեզի պէս եմ Աստուծոյ առջեւ՝՝, Ե՛ս ալ կաւէն կազմուեցայ։
7Ահա՛ իմ ահս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ, Եւ 5ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ։
8Ի՛րապէս ականջիս ըսիր, Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի՝ երբ կ’ըսէիր.
9“Ես ամբիծ եմ, առանց յանցանքի. Անարատ եմ, եւ վրաս անօրէնութիւն չկայ։
106Սակայն Աստուած՝՝ ինծի դէմ դրդապատճառ կը գտնէ, Զիս իրեն թշնամի կը սեպէ.
11Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ, Բոլոր ուղիներս կը դիտէ”։
12Ահա՛ քեզի կը պատասխանեմ թէ այս բանին մէջ 7իրաւունք չունիս՝՝, Որովհետեւ Աստուած մարդէն մեծ է։
13Ինչո՞ւ անոր հետ կը վիճիս, Որովհետեւ ան իր արարքներէն ո՛չ մէկուն համար 8հաշիւ կու տայ։
14Արդարեւ Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի, (Սակայն մարդը չի նշմարեր,)
15Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ, Երբ թմբիր մը մարդոց վրայ կ’իյնայ՝ Մինչ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կը մրափեն։
16Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ Եւ 9իր խրատով կը զգուշացնէ՝՝,
17Որպէսզի մարդը չար արարքէն հեռացնէ, Ու զօրաւոր մարդը յոխորտանքէն 10պահպանէ։
18Անոր անձը 11գերեզմանէն զերծ կը պահէ, Եւ կեանքը՝ թուրով 12անհետանալէն։
19Նաեւ մարդը իր անկողինին վրայ կոտտանքով կը 13պատժուի, Ու իր ոսկորներուն կռիւը տեւական է։
20Այն ատեն անոր կեանքը հացէն կը զզուի, Եւ անոր անձը՝ փափաքելի ուտելիքէն։
21Անոր միսը այնպէս կը 14հալի՝ որ ա՛լ չի տեսնուիր, Իսկ անոր չտեսնուող ոսկորները կը ցցուին։
22Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ, Ու անոր կեանքը՝ 15բնաջնջողներուն։
23Եթէ անոր քով 16միջնորդ հրեշտակ՝՝ մը ըլլայ, Հազարէն մէկը, Որ մարդուն իմացնէ իր ուղղամտութիւնը,
24Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ. “Ազատէ՛ զայն, որպէսզի գերեզմանը չիջնէ։ Ես 17փրկանք մը գտայ”։
25Ուստի անոր մարմինը 18մանուկի մը մարմինէն աւելի 19փափուկ պիտի ըլլայ, Եւ ան իր երիտասարդութեան օրերուն պիտի վերադառնայ։
26Աստուծոյ պիտի թախանձէ, Աստուած ալ անոր պիտի հաճի. Անոր երեսը ուրախութեան գոչիւնով պիտի տեսնէ, Քանի որ Աստուած պիտի հատուցանէ մարդուն՝ անոր արդարութեան համեմատ։
27Ան մարդոց վրայ կը նայի Ու եթէ մէկը ըսէ. “Մեղանչեցի, 20իրաւունքը ծռեցի, Եւ ասիկա ինծի 21օգտակար չեղաւ՝՝”,
28Այն ատեն անոր անձը կ’ազատէ՝ որպէսզի գերեզմանը չիջնէ, Այլ անոր կեանքը լոյսը տեսնէ։
29Ահա՛ Աստուած այս բոլորը Երկու-երեք անգամ 22մարդուն կ’ընէ,
30Որպէսզի անոր անձը գերեզմանէն հեռացնէ, Եւ ապրողներուն լոյսով լուսաւորուի։
31Ուշադի՛ր եղիր, ո՛վ Յոբ. ինծի՛ մտիկ ըրէ. Լո՛ւռ կեցիր, որպէսզի ես խօսիմ։
32Եթէ ըսելիք ունիս՝ պատասխանէ՛ ինծի. Խօսէ՛, քանի կը բաղձամ քեզ արդարացնել։
33Թէ ոչ՝ ինծի՛ մտիկ ըրէ, Լո՛ւռ կեցիր, որպէսզի քեզի իմաստութիւն սորվեցնեմ»։