Loading...

Job 34

Esther  «  Job 33  ‹  Job 34  ›  Job 35  »  Psalm


1

Եղիուս իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ.

2

«Ո՛վ իմաստուններ, մտի՛կ ըրէք խօսքերս, Եւ դո՛ւք, ո՛վ գիտուններ, ունկնդրեցէ՛ք ինծի,

3

Քանի ականջը խօսքերը կը քննէ, Ինչպէս քիմքը կերակուրը կը համտեսէ։

4

Ընտրե՛նք մեզի իրաւունքը, Գիտնա՛նք մեր մէջ թէ ի՛նչն է լաւը։

5

Արդարեւ Յոբ ըսաւ. “Ես արդար եմ, Բայց Աստուած իմ իրաւունքս կը 1զլանայ։

6

Միթէ իրաւունքիս դէ՞մ պիտի ստեմ. Իմ 2վէրքս մահաբեր է, թէեւ յանցանք չունիմ”։

7

Յոբի պէս 3մարդ ո՞վ կայ, Որ 4հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմէ.

8

Ան անօրէնութիւն գործողներուն ընկերակցութեամբ կ’ուղեւորի, Եւ ամբարիշտ մարդոց հետ կը քալէ,

9

Որովհետեւ ըսաւ. “5Մարդուն անօգուտ է՝՝ Աստուծոյ հաճելի ըլլալ”։

10

Հետեւաբար մտի՛կ ըրէք ինծի, ո՛վ 6խելացի մարդիկ. Հեռո՛ւ Աստուծմէ՝ ամբարշտութիւնը, Եւ Ամենակարողէն՝ անիրաւութիւնը։

11

Որովհետեւ ան մարդուն արարքներուն համեմատ կը հատուցանէ, Իւրաքանչիւրին՝ իր ուղիին համեմատ գտնել կու տայ։

12

Անկասկած Աստուած ամբարշտութիւն չի գործեր, Ամենակարողը իրաւունքը չի ծռեր։

13

Ո՞վ երկիրը անոր յանձնեց, Ո՞վ ամբողջ երկրագունդին վրայ զայն նշանակեց։

14

Եթէ 7մտադրէր Իր հոգին եւ իր շունչը 8վերցնել,

15

Ամէն մարմին 9հաւասարապէս շունչը կու տար, Մարդն ալ հողին կը վերադառնար։

16

Եթէ հասկացողութիւն ունիս՝ սա՛ մտիկ ըրէ, Ունկնդրէ՛ խօսքերուս ձայնը.—

17

Միթէ իրաւունքը ատողը կրնա՞յ իշխել. Կամ թէ կրնա՞ս դատապարտել Արդարը, Հզօրը,

18

10Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ. “11Անօրէ՛ն”, Եւ ազնուականներուն. “Ամբարի՛շտ”.

19

Ան՝ որ իշխանաւորներուն աչառութիւն չ’ըներ, Ու հարուստը չքաւորէն չի 12զանազաներ, Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործն են։

20

Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին. Կէս գիշերին՝ ժողովուրդը սասանելով պիտի 13անհետանայ. Հզօրները պիտի վերցուին՝ առանց մէկու մը ձեռքին դպչելուն։

21

Արդարեւ Աստուծոյ աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են, Անոր բոլոր քայլերը կը տեսնեն.

22

Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝ Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին.

23

Պէտք չունի մարդը երկար ատեն 14քննելու՝ Որպէսզի ան Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։

24

Առանց պրպտումի՝ հզօրները կը կոտրէ, Եւ անոնց տեղը ուրիշներ կը 15դնէ։

25

Արդարեւ անոնց գործերը գիտէ. Գիշերուան մէջ զանոնք տակնուվրայ կ’ընէ, ու կը ճզմուին։

26

Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝ 16Բոլորին առջեւ՝՝ զանոնք կը զարնէ,

27

Որովհետեւ իրեն հետեւելէն հեռացան Եւ իր ճամբաներէն ո՛չ մէկուն 17ուշադրութիւն դարձուցին՝՝.

28

Այնպէս որ չքաւորին աղաղակը իրեն հասցուցին, Ու դժբախտներուն աղաղակը լսեց։

29

Եթէ ինք հանդարտ մնայ, Ո՞վ պիտի դատապարտէ. Եթէ երեսը ծածկէ, Ո՞վ զինք պիտի նշմարէ։ Այսպէս կը վարուի թէ՛ ազգի մը, թէ՛ մարդու մը հետ,

30

Որպէսզի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ, Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։

31

Անշո՛ւշտ եթէ Աստուծոյ 18ըսես. “Պատիժ կրեցի, ա՛լ չարիք չեմ գործեր.

32

Ինծի ցուցո՛ւր ինչ որ չեմ տեսներ. Եթէ անիրաւութիւն գործեցի, ա՛լ չեմ գործեր”,

33

Արդեօք 19քու կարծիքիդ համաձայն՝՝ պիտի 20պատժէ՞, որ կը մերժես անոր դատաստանը։ Արդարեւ դո՛ւն ընտրելու ես, ո՛չ թէ ես. Ուրեմն ինչ որ գիտես՝ ըսէ՛։

34

Խելացի մարդիկը ինծի հետ պիտի ըսեն. (Նաեւ իմաստուն 21մարդը՝ որ ինծի մտիկ կ’ընէ.)

35

“Յոբ գիտնալով չխօսեցաւ, Եւ անոր խօսքերը ուշիմութեամբ չեն”։

36

Կը փափաքիմ որ Յոբ ընդմիշտ փորձարկուի, Քանի անօրէն մարդոց 22պէս պատասխանեց.

37

Արդարեւ իր մեղքին վրայ 23ապստամբութիւն կ’աւելցնէ, Մեր մէջ ծափ կը զարնէ, Եւ Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ»։



1 Եբր.՝ հեռացնէ
2 Եբր.՝ նետս
3 Եբր.՝ զօրաւոր մարդ
4 Եբր.՝ ծաղրանքը
5 Եբր.՝ Զօրաւոր մարդուն ոչինչով օգտակար է
6 Եբր.՝ սիրտի
7 Եբր.՝ իր սիրտին վրայ դնէր
8 Եբր.՝ իրեն հաւաքել
9 Կամ՝ միասին
10 Կամ՝ Մէկը կրնա՞յ թագաւորին ըսել
11 Եբր.՝ Բելիա՛ր
12 Եբր.՝ ճանչնար
13 Եբր.՝ անցնի
14 Եբր.՝ դնելու
15 Եբր.՝ կայնեցնէ
16 Եբր.՝ Տեսնողներուն տեղը
17 Եբր.՝ հասկցան
18 Եբր.՝ ըսէ
19 Եբր.՝ քու քովէդ
20 Եբր.՝ հատուցանէ՞
21 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը
22 Կամ՝ կողմէն
23 Եբր.՝ յանցանք