Job 35
Esther « Job 34 ‹ Job 35 › Job 36 » Psalm
1
Դարձեալ Եղիուս 1խօսեցաւ, եւ ըսաւ.
2«Արդեօք կը կարծե՞ս թէ իրաւունք ունիս՝ Երբ կ’ըսես. “Ես Աստուծմէ աւելի արդար եմ”։
3Արդարեւ դուն ըսիր. “Քեզի ի՞նչպէս օգտակար կ’ըլլայ, Ես ի՞նչ օգուտ կ’ունենամ՝ չմեղանչելով”։
4Ահա՛ քեզի կը պատասխանեմ, Նաեւ քեզի հետ՝ բարեկամներուդ.—
5Երկինքի՛ն նայէ ու տե՛ս. Նօ՛սր ամպերը դիտէ, որոնք քեզմէ աւելի բարձր են։
6Եթէ մեղանչես՝ Աստուծոյ դէմ ի՞նչ գործած կ’ըլլաս. Երբ յանցանքներդ շատնան՝ անոր ի՞նչ ըրած կ’ըլլաս։
7Եթէ արդար ես՝ անոր ի՞նչ կու տաս, Կամ ան քու ձեռքէդ ի՞նչ կը ստանայ։
8Քու ամբարշտութիւնդ քեզի նման մարդուն կրնայ վնասել, Եւ արդարութիւնդ՝ մարդու որդիին օգտակար կ’ըլլայ։
9Հարստահարութիւններուն շատութենէն մարդիկ 2կը բողոքեն՝՝, Մեծերուն բազուկին ծանրութենէն կ’աղաղակեն։
10Բայց ո՛չ մէկը չ’ըսեր. “Ո՞ւր է զիս 3ստեղծող Աստուածը. Ի՛նք գիշերուան մէջ օրհներգեր կու տայ,
11Ի՛նք մեզ երկրի անասուններէն աւելի 4գիտակից կ’ընէ, Ու երկինքի թռչուններէն աւելի իմաստուն”։
12Այն ատեն կ’աղաղակեն, բայց Աստուած չի պատասխաներ՝ Չարերուն ամբարտաւանութեան 5պատճառով։
13Անտարակոյս Աստուած ունայնութիւնը մտիկ չ’ըներ. Ամենակարողը անոր չի նայիր։
14Թէպէտ կ’ըսես թէ զինք չես նշմարեր, 6Դատդ անոր առջեւն է. ուստի անո՛ր յուսա։
15Բայց թէեւ իր բարկութեամբ հատուցանած չէ, Միթէ մեծ 7յանցանքիդ գիտակից չէ՞։
16Ուստի Յոբ իր բերանը զուր տեղը կը բանայ. Խօսքեր կը շատցնէ՝ առանց գիտութեան»։