Loading...

Job 36

Esther  «  Job 35  ‹  Job 36  ›  Job 37  »  Psalm


1

Եղիուս շարունակելով՝ ըսաւ.

2

«Քիչ մը համբերէ՛ ինծի, որ քեզի պարզեմ Թէ ուրիշ ի՛նչ ըսելիք ունիմ Աստուծոյ մասին։

3

Գիտցածս հեռուէն պիտի բերեմ, Եւ 1Արարիչս արդարացնեմ՝՝։

4

Ի՛րապէս խօսքերս 2սուտ չեն. Գիտութեամբ անթերի մէկը կայ քու քովդ։

5

Ահա՛ Աստուած հզօր է, բայց ո՛չ մէկը կ’անարգէ. Ան հզօր է իր 3միտքին կարողութեամբ։

6

Ան ամբարիշտը ողջ չի պահեր, Բայց դժբախտներուն իրաւունքը 4կը պաշտպանէ՝՝։

7

Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ, Ու զանոնք թագաւորներուն հետ գահի վրայ կը դնէ. Զանոնք ընդմիշտ կը նստեցնէ, եւ կը բարձրանան։

8

Եթէ անոնք շղթաներով կապուին, Տառապանքի լարերուն մէջ բռնուին,

9

Անոնց կը յայտնէ իրենց արարքները Եւ իրենց յանցանքներուն 5շատնալը։

10

Նաեւ անոնց ականջը կր բանայ՝ որպէսզի խրատ ընդունին, Եւ անոնց կը հրամայէ, որ անօրէնութենէ հեռանան։

11

Եթէ անոնք հնազանդելով՝ զինք պաշտեն, Իրենց օրերը բարօրութեամբ պիտի աւարտեն, եւ տարիները՝ հաճոյքով։

12

Բայց եթէ անոնք չհնազանդին՝ թուրով պիտի 6անհետանան, Առանց գիտնալու իրենց շունչը պիտի տան։

13

Անոնք որ սիրտով կեղծաւոր են՝ իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն. Երբ զանոնք կապէ՝ իրեն չեն աղաղակեր.

14

Երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնին, Եւ անոնց կեանքը 7իգացեալներուն մէջ պիտի վախճանի։

15

Աստուած տառապեալը կ’ազատէ իր տառապանքին մէջ, Ու տանջանքով կը բանայ անոր ականջը։

16

Քեզ ալ 8տագնապէ պիտի 9ազատէր Եւ ընդարձակ տեղ մը բերէր, ուր 10տուայտանք չկայ, Ու սեղանիդ 11կերակուրները պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլային։

17

Բայց եթէ դուն ամբարիշտին դատը 12պաշտպանեցիր, Դատաստանը եւ իրաւունքը քեզ պիտի բռնեն։

18

Քանի ցասում կայ, զգուշացի՛ր որ քեզ հարուածով մը չվերցնէ. Այն ատեն մեծ փրկանքն ալ քեզ չի կրնար անկէ զերծ պահել։

19

Միթէ ան քու հարստութիւնդ կը գնահատէ՞. Ո՛չ ոսկին, ո՛չ ալ ոյժի բոլոր 13միջոցները նկատի կ’առնէ։

20

Մի՛ փափաքիր այն գիշերին, Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն պիտի 14խլուին։

21

Զգուշացի՛ր անօրէնութեան դառնալէ, Որովհետեւ դուն ասիկա տառապանքէն նախընտրեցիր։

22

Ահա՛ Աստուած իր կարողութեամբ 15բարձրացած է՝՝. Ո՞վ անոր պէս կը սորվեցնէ։

23

Ո՞վ աչքէ կ’անցընէ անոր 16ընթացքը. Ո՞վ կրնայ անոր ըսել. “Անիրաւութիւն գործեցիր”։

24

Յիշէ՛ որ մեծարես անոր գործերը, Որոնք մարդիկ կը 17նշմարեն։

25

Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք, Իւրաքանչիւրը հեռուէն կը դիտէ։

26

Ահա՛ Աստուած վսեմ է, ու մենք չենք հասկնար. Անոր տարիներուն թիւը անհետազօտելի է։

27

Արդարեւ ան ջուրի կաթիլները իրեն կը քաշէ, Որոնք անոր շոգիէն անձրեւ կը 18տեղացնեն,

28

Նօսր ամպերը զայն հոսեցնելով՝ Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։

29

Բայց ո՞վ կրնայ հասկնալ թանձր ամպերուն տարածուիլը, Եւ անոր տաղաւարին թնդիւնը։

30

Ահա՛ անոր վրայ իր 19կայծակը կը տարածէ, Ու ծովուն 20յատակը կը ծածկէ։

31

Արդարեւ անոնցմո՛վ ժողովուրդները կը 21դատէ, Եւ առատօրէն կերակուր կու տայ։

32

Իր ափերով կայծակը կը ծածկէ, Ու անոր կը պատուիրէ 22իր որոշած նշանակէտը զարնել՝՝։

33

Անոր շառաչիւնը իր 23գալուստը կ’իմացնէ, Խաշինքն ալ անոր 24ժայթքումը կը նախազգայ»։



1 Եբր.՝ Արարիչիս արդարութիւն տամ
2 Կամ՝ կեղծիք
3 Եբր.՝ սիրտին
4 Եբր.՝ կու տայ
5 Եբր.՝ զօրանալը
6 Եբր.՝ անցնին
7 Եբր.՝ վերապահուած մարդոց (այսինքն՝ կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած)
8 Կամ՝ նեղութենէ
9 Եբր.՝ վերցնէր
10 Կամ՝ նեղութիւն
11 Եբր.՝ վրայ դրուածը
12 Եբր.՝ լեցուցիր
13 Եբր.՝ զօրութիւնները
14 Եբր.՝ վերցուին
15 Կամ՝ կը բարձրացնէ
16 Եբր.՝ ճամբան
17 Կամ՝ գովերգեն
18 Եբր.՝ զտեն
19 Եբր.՝ լոյսը
20 Եբր.՝ արմատները
21 Կամ՝ խնամէ
22 Եբր.՝ թէ ո՛ւր յարձակելու է
23 Եբր.՝ մասին
24 Եբր.՝ բարձրանալը