Job 37
Esther « Job 36 ‹ Job 37 › Job 38 » Psalm
1
«Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ, Եւ իր տեղէն դուրս կը ցատկէ։
21Ուշադրութեա՛մբ մտիկ ըրէք՝՝ անոր 2ձայնին մոլեգնութիւնը, Անոր բերանէն ելած գոռումը.
3Զայն կը ղրկէ ամբողջ երկինքին տակ, Նաեւ իր 3կայծակը՝ մինչեւ երկրի ծայրերը։
4Անկէ ետք ձայն մը կը 4թնդայ. Իր մեծափառութեան ձայնով կ’որոտայ, Ու իր ձայնը լսուելէն ետք՝ 5զանոնք չ’ուշացներ։
5Աստուած սքանչելիքներ կ՛ընէ՝ երբ իր ձայնով կ’որոտայ, Մեծագործութիւններ կը կատարէ՝ որոնք մենք չենք հասկնար։
6Արդարեւ ան ձիւնին կ’ըսէ. “6Իջի՛ր երկրի վրայ”, Նաեւ տեղատարափներուն, եւ իր զօրութեան տեղատարափ անձրեւներուն։
7Ան իւրաքանչիւրին ձեռքը կը կնքէ, Որպէսզի բոլոր մարդիկը հասկնան թէ իր 7ձեռակերտն են։
8Գազանները իրենց որջը կը մտնեն, Եւ իրենց 8պատսպարաններուն մէջ կը բնակին։
99Հարաւէն փոթորիկ կու գայ, Ու 10հիւսիսէն՝ ցուրտ։
10Աստուծոյ շունչէն սառ կը 11շինուի Եւ ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։
11Թանձր ամպերը խոնաւութեամբ կը ծանրաբեռնէ. Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։
12Անոր առաջնորդութեամբ 12կը շրջագային՝՝, Որպէսզի երկրագունդի մակերեսին վրայ — երկրի վրայ — անոր բոլոր պատուիրածները գործադրեն։
13Զանոնք 13կը բերէ՝՝ թէ՛ 14խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար, թէ՛ ալ կարեկցութեան համար։
14Ո՛վ Յոբ, սա՛ ունկնդրէ. Կայնէ՛ եւ նկատէ՛ Աստուծոյ սքանչելիքները։
15Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը 15կարգաւորէ զանոնք Ու իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։
16Կը հասկնա՞ս թանձր ամպերուն հաւասարակշռութիւնը, Եւ գիտութեամբ անթերի եղողին սքանչելիքները։
17Ինչո՞ւ հագուստներդ կը տաքնան Երբ ան երկիրը կը հանդարտեցնէ հարաւային հովով։
18Անոր հետ դո՞ւն տարածեցիր 16երկինքը, Որ ամուր է ձուլածոյ հայելիի պէս։
19Սորվեցո՛ւր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր, Որովհետեւ խաւարին պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը զետեղել։
20Երբ ես խօսիմ, պիտի հաղորդուի՞ անոր. Եթէ մէկը խօսի, իրապէս պիտի 17բնաջնջուի՞։
21Թէպէտ մարդիկ ա՛լ չտեսնեն փայլուն լոյսը՝ որ նօսր ամպերուն 18ետեւն է, Հովը կ’անցնի ու զանոնք կը 19քշէ։
22Ահա՛ հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ. Աստուծոյ 20շուրջ ահաւոր փառաւորութիւն կայ։
23Ան ամենակարող է, չենք կրնար 21զայն գտնել՝՝. Վսեմ է 22զօրութեամբ, 23իրաւունքով ու շատ արդարութեամբ Եւ չի 24տառապեցներ։
24Հետեւաբար մարդիկ իրմէ կը վախնան. Սիրտով իմաստուններէն ո՛չ 25մէկուն կը նայի՝՝»։