Job 38
Esther « Job 37 ‹ Job 38 › Job 39 » Psalm
ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՅՈԲԻ
1Այն ատեն Տէրը մրրիկին մէջէն պատասխանելով Յոբի՝ ըսաւ.
2«Ո՞վ է ատիկա, որ 1անիմաստ խօսքերով 2Ծրագիրներս կը նսեմացնէ։
3Հիմա մէ՛ջքդ կապէ՝ զօրաւոր մարդու պէս. Քեզի հարցնեմ, եւ բացատրէ՛ ինծի։
4Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրի հիմերը կը դնէի. Իմացո՛ւր ինծի՝ եթէ խելք ունիս։
5Եթէ գիտես՝ ըսէ՛, ո՞վ դրաւ անոր չափերը, Կամ ո՞վ լարը քաշեց անոր վրայ։
6Անոր խարիսխները ինչի՞ վրայ 3ամրացած են, Կամ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ,
7Երբ առտուան աստղերը միասին կ’օրհներգէին, Եւ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կը գոչէին։
8Ո՞վ ծովը դռներով 4արգելափակեց՝ Երբ ան խոյանալով արգանդէն դուրս կ’ելլէր,
9Երբ ամպը անոր հանդերձ ըրի, Ու մառախուղը՝ խանձարուր,
10Անոր խոյանքը իմ որոշումովս կոտրեցի, Անոր նիգեր ու դռներ դրի,
11Եւ ըսի. “Մինչեւ հոս պիտի գաս, բայց ո՛չ ասկէ անդին. Քու ալիքներուդ ամբարտաւանութիւնը հոս պիտի 5դադրի”։
126Կեանքիդ մէջ երբեք առտուան պատուէր տուի՞ր. Արշալոյսին գիտցուցի՞ր իր ծագելիք տեղը,
13Որպէսզի երկրի ծայրերը բռնէ Եւ ամբարիշտները անկէ թօթուուին։
14Երկիրը կը փոխուի՝ ինչպէս կաւը կնիքի տակ, Եւ ամէն ինչ զարդարուած հանդերձի պէս կը ներկայանայ։
15Սակայն ամբարիշտներուն կը մերժուի իրենց լոյսը, Ու բարձրացած բազուկը կը կոտրուի։
16Ծովուն աղբիւրներուն մէջ մտե՞ր ես. Անդունդին մէջ շրջե՞ր ես՝ հետազօտութեան համար։
17Մահուան դռները բացուեցա՞ն 7քու առջեւդ՝՝. Մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։
18Երկրի ընդարձակութիւնը հասկցա՞ծ ես. Եթէ բոլորը գիտես՝ իմացո՛ւր։
19Լոյսին 8բնակարանը ո՞ւր է. Խաւարին տեղը ո՞ւր է,
20Որ զայն բռնես, իր սահմանը տանիս, Եւ իր տան շաւիղները սորվիս.
21Այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համար գիտես, Կամ օրերուդ թիւին շատ ըլլալուն համար։
22Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես. Կարկուտին շտեմարանները տեսե՞ր ես,
23Որոնք ես կը 9պահեմ տագնապի ժամանակին, Կռիւի ու պատերազմի օրուան համար։
24Ի՞նչ ճամբայով լոյսը կը բաժնուի. Ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։
25Ո՞վ ջրանցք 10բացաւ 11հեղեղներուն համար, Եւ ճամբայ՝ 12որոտումներու փայլակին համար,
26Որպէսզի անձրեւ տեղացնէ այն երկրին վրայ՝ ուր մարդ չկայ, Անապատին վրայ՝ ուր ո՛չ մէկը կը բնակի.
27Որպէսզի անբնակ եւ անշէն տեղերը կշտացնէ, Ու դալարին ծիլը բուսցնէ։
28Անձրեւը հայր ունի՞. Կամ ո՞վ կը ծնանի ցօղին կաթիլները։
29Սառը որո՞ւն 13արգանդէն կ’ելլէ. Ո՞վ կը ծնանի երկինքի եղեամը։
30Ջուրերը քարի պէս ըլլալով կը պահուըտին, Եւ անդունդին մակերեսը կը ծսառի։
31Բազմաստեղին 14կապերը կրնա՞ս կապել, Կամ Հայկին կապերը քակել.
3215Կենդանակամարը իր եղանակին կրնա՞ս 16երեւցնել, Կամ Արջը եւ իր որդիները առաջնորդել։
33Երկինքի կանոնները գիտե՞ս, Անոր գերիշխանութիւնը կրնա՞ս 17հաստատել երկրի վրայ։
34Ձայնդ թանձր ամպերուն կրնա՞ս բարձրացնել, Որպէսզի ջուրերուն առատութիւնը քեզ ծածկէ։
35Փայլակները կրնա՞ս արձակել, որպէսզի երթան՝ Քեզի ըսելով. “Ահա՛ պատրաստ ենք”։
3618Ներքին մարդուն՝՝ մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, Կամ 19միտքին ո՞վ խելք տուաւ։
37Ո՞վ կրնայ իմաստութեամբ նօսր ամպերը հաշուել. Ո՞վ կը 20պարպէ երկինքի տիկերը,
38Մինչ հողը թրջուելով՝ ձուլոյթի պէս կը 21հոսի, Եւ հողակոշտերը իրարու կը փակչին։
39Մատակ առիւծին որսը դո՞ւն կ’որսաս, Կամ կորիւններուն ախորժակը դո՞ւն կը յագեցնես,
40Երբ անոնք որջերու մէջ կը կծկուին, Եւ իրենց մացառուտին մէջ 22դարան կը մտնեն՝՝։
41Ո՞վ ագռաւին կը պատրաստէ իր 23սնունդը, Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն՝ Առանց կերի դեգերելով»։