Job 39
Esther « Job 38 ‹ Job 39 › Job 40 » Psalm
1
«Ժայռերու քարայծերուն ծնանելու ատենը գիտե՞ս. Եղնիկներուն երկնելը դիտեցի՞ր։
2Անոնց յղութեան ամիսները հաշուեցի՞ր. Իրենց ծնանելու ատենը գիտե՞ս։
3Անոնք ծռելով իրենց ձագերը կը ծնանին, Եւ իրենց երկունքի ցաւերէն 1կ’ազատին։
4Անոնց ձագերը կը զօրանան, 2դաշտի մէջ՝՝ կը մեծնան, 3Կը հեռանան՝՝, եւ ա՛լ անոնց չեն վերադառնար։
5Վայրենի էշը ո՞վ ազատ արձակեց. Ցիռին կապերը ո՞վ քակեց,
6Որուն անապատը տուի իբր տուն, Եւ աղի երկիրը՝ իբր իր բնակարանը։
7Անիկա քաղաքին դղրդիւնին վրայ կը ծիծաղի, Ու 4հեծնողին վայնասունը չի լսեր։
8Անոր շրջագայած լեռները իր արօտն են, Եւ ամէն տեսակ կանաչութիւն կ’որոնէ։
95Գոմէշը հաւանութիւն պիտի տա՞յ քեզի ծառայելու, Կամ մսուրիդ քով գիշերելու։
10Գոմէշը կրնա՞ս իր փոկով կապել՝ 6արտ հերկելու համար՝՝. Քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։
11Քանի իր ոյժը մեծ է՝ անոր կը վստահի՞ս, Ու վաստակդ անոր կը լքե՞ս։
12Կը հաւատա՞ս թէ ան ցանած սերմիդ արդիւնքը պիտի 7բերէ Եւ կալիդ մէջ ժողվէ։
13Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի. Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞։
14Ան իր հաւկիթները գետինը կը լքէ Ու զանոնք հողին վրայ կը տաքցնէ,
15Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ ճզմել, Կամ դաշտի գազանները կրնան կոխկռտել։
16Ան դաժան է իր ձագերուն հետ՝ որպէս թէ իրը չըլլային. Չի վախնար պարապ տեղը եղած իր յոգնութեան համար։
17Արդարեւ Աստուած 8զայն իմաստութենէ զրկած է՝՝, Եւ խելքէն անոր բաժին տուած չէ.
189Բայց երբ կանգնի ու սուրայ՝՝, Ձիուն եւ անոր հեծեալին վրայ կը ծիծաղի։
19Ձիուն զօրութիւնը դո՞ւն տուիր. Անոր վիզին 10բաշը դո՞ւն հագցուցիր.
20Զայն մարախի պէս դո՞ւն կը ցատկեցնես։ Անոր վրնջելուն 11փառաւոր ձայնը՝՝ ահարկու է.
21Հովիտին մէջ գետինը փորելով՝ իր ոյժով կը բերկրի։ Սպառազէնը դիմաւորելու 12կ’երթայ՝՝.
22Երկիւղին վրայ կը ծիծաղի, բանէ՛ մը չի զարհուրիր, Եւ սուրին առջեւ չի նահանջեր։
2313Նետերը անոր վրայ կը 14սուլեն, Նաեւ փայլուն նիզակն ու տէգը։
2415Կատաղութեամբ եւ մոլեգնութեամբ 16տարածութիւնները կը լափէ. Շեփորին ձայնը լսելով՝ 17չի կրնար ինքզինք զսպել՝՝։
25Երբ շեփորը հնչուի՝ կ’ըսէ. “Յառա՜ջ”. Հեռուէն կ’առնէ պատերազմին հոտը. Պետերուն որոտումն ու 18գոռումը կը լսէ։
26Բազէն քու խելքո՞վդ կը սլանայ Եւ թեւերը դէպի հարաւ կը 19բանայ։
27Արծիւը քու 20հրամանո՞վդ կը բարձրանայ Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։
28Ան ժայռի վրայ, ժայռի 21գագաթին վրայ, Եւ 22ապառաժներու մէջ կը բնակի ու կը գիշերէ։
29Անկէ կը 23դիտէ իր որսը՝՝. Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։
30Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն, Եւ ուր որ 24դիակներ ըլլան՝ ինք հոն է»։