Job 40
Esther « Job 39 ‹ Job 40 › Job 41 » Psalm
1
Տէրը Յոբի խօսելով՝ ըսաւ.
2«Ամենակարողին հետ վիճողը զի՞նք պիտի 1խրատէ. 2Աստուծոյ հետ վիճաբանողը՝՝ թող պատասխանէ»։
3Այն ատեն Յոբ Տէրոջ պատասխանելով՝ ըսաւ.
4«Ահա՛ ես 3նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխանեմ. Ձեռքս բերանիս վրայ կը դնեմ։
5Մէկ անգամ խօսեցայ, ա՛լ պիտի չպատասխանեմ. Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չշարունակեմ»։
6Այն ատեն Տէրը մրրիկին մէջէն պատասխանելով Յոբի՝ ըսաւ.
7«Հիմա մէ՛ջքդ կապէ՝ զօրաւոր մարդու պէս. Քեզի հարցնեմ, եւ բացատրէ՛ ինծի։
8Իմ դատավճի՞ռս պիտի բեկանես. Զի՞ս պիտի դատապարտես՝ քեզ արդարացնելու համար։
9Բազուկ ունի՞ս Աստուծոյ պէս. Ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ։
10Հիմա զարդարուէ՛ մեծափառութեամբ ու բարձրութեամբ, Հագի՛ր պատիւ եւ փառաւորութիւն։
11Տարածէ՛ բարկութեանդ ցասումը, Նայէ՛ ամէն ամբարտաւանի ու նուաստացո՛ւր զայն.
12Նայէ՛ ամէն ամբարտաւանի եւ ընկճէ՛ զայն, Ամբարիշտները կոխկռտէ՛ իրենց տեղը։
13Թաղէ՛ զանոնք միասին հողին մէջ, Փաթթէ՛ անոնց երեսը պահուած տեղի մը մէջ։
14Այն ատեն ես ալ քեզի կը խոստովանիմ Թէ աջ ձեռքդ կրնայ քեզ ազատել։
154Դիտէ՛ 5գետաձին, որ քեզի հետ 6ստեղծեցի. Ան արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։
167Տե՛ս. անոր ոյժը իր մէջքին մէջ է, Եւ կորովը՝ փորին 8մկաններուն մէջ։
17Մայրիի պէս ամուր պոչը կը ծռէ. Ազդրերը ջիղերով հիւսուած են։
18Ոսկորները 9պղինձէ խողովակներ՝՝ են, Անդամները՝ երկաթէ ձողերու պէս։
19Ան Աստուծոյ 10գործերուն 11սկիզբն է. Զայն 12ստեղծողը 13իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել՝՝։
20Արդարեւ լեռները անոր կեր կը բերեն, Հոն՝ ուր բոլոր դաշտի գազանները կը զբօսնին։
21Ան ստուերոտ ծառերուն տակ կը պառկի, Եղէգներուն ու ճահիճներուն ծածկոյթին մէջ։
22Ստուերոտ ծառերը իրենց շուքով կը ծածկեն զայն, Վտակներուն ուռիները զինք կը շրջապատեն։
2314Եթէ գետը խուժէ, ան իրար չ’անցնիր. Թէեւ Յորդանան մը անոր երախին մէջ խոյանայ, ան ապահով է։
24Միթէ ան աչքերէն կը բռնուի՞. 15Ո՞վ կրնայ անոր քիթը ծակել որոգայթի մէջ՝՝»։