Job 41
Esther « Job 40 ‹ Job 41 › Job 42 » Psalm
1
«1Կոկորդիլոսը կրնա՞ս քաշել կարթով, Կամ լարով՝ իր լեզուն անոր մէջ 2մխրճելով։
2Անոր քիթին կնիւն կրնա՞ս անցընել, Կամ ծնօտը 3կարթով ծակել։
3Միթէ ան շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞ քեզի. Մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞ քեզի։
4Ուխտ կը կնքէ՞ քեզի հետ. Զայն կրնա՞ս 4մշտնջենաւոր ստրուկի պէս առնել։
5Ճնճղուկի հետ զբօսնելու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս զբօսնիլ. Կամ զայն կը կապե՞ս՝ քու պատանուհիներդ զուարճացնելու համար։
65Ընկերակիցները անոր միսով կրնա՞ն 6կոչունք սարքել՝՝. Ան կը բաժնուի՞ 7վաճառականներուն միջեւ։
7Անոր մորթը կրնա՞ս սլաքներով լեցնել, Կամ անոր գլուխը՝ ձկնորսի տէգերով։
8Դի՛ր ձեռքդ անոր վրայ. պատերազմը պիտի յիշես, Ու պիտի չշարունակես։
9Ահա՛ անոր բռնուելուն ակնկալութիւնը 8ընդունայն է. Անոր տեսքն իսկ մարդը չի՞ զգետներ։
10Չկայ խիզախ մէկը՝ որ համարձակի զայն 9արթնցնել. Հապա ո՞վ կրնայ ինծի ներկայանալ։
11Ո՞վ 10ինծի փոխ տուաւ՝՝, որ ես անոր հատուցանեմ. Ամբողջ երկինքին տակ եղածը իմս է։
12Ես պիտի 11խօսիմ անոր անդամներուն, զօրութեան, Նաեւ շնորհալի 12կերտուածքին մասին։
13Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ. Անոր կրկնակ կզակին մէջ ո՞վ կրնայ մտնել.
14Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ. Ահը անոր ակռաներուն շուրջն է։
15Անոր ամուր վահանները իր յոխորտանքն են, Գոցուած եւ պինդ կնքուած.
16Մէկը միւսին ա՛յնչափ մօտ է՝ Որ իրենց մէջ հո՛վը չի կրնար մտնել.
17Իրարու կցուած են, Զիրար կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։
18Անոր փռնգտալէն լոյս կը շողայ, Եւ աչքերը արշալոյսին կոպերուն կը նմանին։
19Անոր երախէն հրավառ ջահեր կ’ելլեն, Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։
20Ռունգերէն ծուխ կ’ելլէ՝ Եռացող սանէ կամ կաթսայէ ելած շոգիի պէս։
21Անոր շունչը կրակի կայծեր կը բռնկեցնէ, Եւ բերանէն բոց կ’ելլէ։
22Անոր վիզին վրայ զօրութիւն կը 13բնակի, Ու երկիւղը իր առջեւ կը 14պարէ։
23Անոր միսին ծալքերը իրարու փակած են. Իր վրայ ձուլուած են, չեն երերար։
24Անոր սիրտը քարի պէս 15պինդ է, Ջաղացքի ստորին 16քարին պէս ամուր։
25Երբ բարձրանայ՝ զօրաւորները կը վախնան, 17Երկիւղէն կը փախչին՝՝։
26Անոր վրայ 18յարձակողին սուրը չի 19մխրճուիր. Նիզակը, սլաքն ու զրահը անօգուտ են։
27Երկաթը յարդ կը համարէ, Եւ պղինձը՝ փտած փայտ։
2820Նետը զայն չի փախցներ. Պարսատիկի քարերը անոր դիմաց խոզանի կը վերածուին։
29Մահակները խոզան կը սեպէ. Տէգին ճօճուելուն վրայ կը ծիծաղի։
3021Սրածայր 22խեցատներ կան անոր տակ. Ցաքան կը տարածէ 23սիկին վրայ։
31Խորխորատը կաթսայի մը պէս կ’եռացնէ, Ծովը օծանելիքի սանի նման կ’ընէ։
32Իր ետեւէն շաւիղը կը լուսաւորէ, Անդունդը 24ճերմակ մազերու կը նմանի՝՝։
3325Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ, Որ այդպէս անվախ 26ստեղծուած ըլլայ։
34Բոլոր խրոխտներուն արհամարհանքով կը նայի. Բոլոր 27վայրենի գազաններուն՝՝ թագաւորն է»։