Loading...

Job 42

Esther  «  Job 41  ‹  Job 42  ›  Psalm 1  »  Psalm


1

Այն ատեն Յոբ Տէրոջ պատասխանելով՝ ըսաւ.

2

«Գիտեմ թէ ամէն բանի կարող ես, Եւ թէ ո՛չ մէկ մտադրութիւն կրնայ քեզի արգիլուիլ։

3

Ո՞վ է ատիկա՝ որ տգիտութեամբ 1ծրագիրները թաքուն կը պահէ։ Արդարեւ ես խօսեցայ՝ առանց հասկնալու՝ 2Ինծի համար սքանչելիքներու մասին, որոնց գիտակից չէի։

4

Կ’աղերսե՛մ, մտի՛կ ըրէ, որպէսզի խօսիմ. Քեզի պիտի հարցնեմ, որ դո՛ւն բացատրես ինծի։

5

Ես քու համբաւդ ականջով լսեր էի, Բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։

6

Ուրեմն իմ անձս կ’անարգեմ, Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։

7

Տէրը այս խօսքերը Յոբի ըսելէ ետք, Տէրը Թեմանացի Եղիփազի ըսաւ. «Իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ քեզի դէմ ու երկու ընկերներուդ դէմ, որովհետեւ իմ մասիս շիտակ չխօսեցաք՝ իմ ծառայիս՝ Յոբի պէս։

8

Ուստի հիմա ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք, եւ ծառայիս՝ Յոբի երթալով՝ ձեզի համար ողջակէ՛զ մատուցանեցէք. իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար թող աղօթէ, որպէսզի ես ալ անոր 3աղօթքը ընդունելով՝՝ ձեր անզգամութեան համեմատ չվարուիմ ձեզի հետ. արդարեւ իմ առջեւս ծառայիս՝ Յոբի պէս շիտակ չխօսեցաք»։

9

Այն ատեն Թեմանացի Եղիփազ, Սոքեցի Բաղդատ ու Նաամացի Սոփար գացին եւ գործադրեցին ինչ որ Տէրը իրենց ըսաւ. Տէրն ալ Յոբի 4աղօթքը ընդունեց՝՝։

10

Տէրը 5վերականգնեցուց Յոբը՝ մինչ իր բարեկամներուն համար կ’աղօթէր. նաեւ Տէրը Յոբի տուաւ իր 6նախկին ունեցածին՝՝ կրկնապատիկը։

11

Իր բոլոր եղբայրներն ու բոլոր քոյրերը, նաեւ նախապէս բոլոր զինք ճանչցողները իրեն եկան եւ իր տան մէջ իրեն հետ հաց կերան. իրեն ցաւակցեցան ու զինք մխիթարեցին Տէրոջ 7իրեն ղրկած՝՝ բոլոր ձախորդութիւններուն համար։ Նաեւ իւրաքանչիւրը կտոր մը 8արծաթ ու ոսկի օղ մը 9նուիրեց իրեն։

12

Տէրը Յոբի վերջին տարիները առաջիններէն աւելի օրհնեց. արդարեւ տասնչորս հազար ոչխար, վեց հազար ուղտ, հազար զոյգ եզ ու հազար մատակ էշ ունեցաւ։

13

Նաեւ անոր եօթը որդի ու երեք աղջիկ ծնան.

14

առաջին աղջիկին անունը 10Եմիմա կոչեց, երկրորդին անունը՝ Կասիա, ու երրորդին անունը՝ 11Կերեն-Հապուք։

15

Ամբողջ երկրին մէջ Յոբի աղջիկներուն պէս գեղեցիկ կիներ չէին գտնուեր. իրենց հայրը անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց եղբայրներուն 12հետ։

16

Ատկէ ետք՝ Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ, եւ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները, մինչեւ չորրորդ սերունդը։

17

Յետոյ Յոբ մեռաւ, ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած։



1 Կամ՝ խորհուրդը
2 Եբր.՝ Ինձմէ
3 Եբր.՝ երեսը բարձրացնելով
4 Եբր.՝ երեսը բարձրացուց
5 Եբր.՝ գերութենէն վերադարձուց
6 Կամ՝ ամբողջ ստացուածքին
7 Եբր.՝ իր վրայ բերած
8 Կամ՝ ոսկի
9 Եբր.՝ տուաւ
10 Այսինքն՝ ցերեկ
11 Այսինքն՝ ծարոյրի եղջիւր
12 Եբր.՝ մէջ