John 7
Luke « John 6 ‹ John 7 › John 8 » Acts
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
1Ասկէ ետք Յիսուս կը շրջէր Գալիլեայի մէջ, քանի որ չէր ուզեր շրջիլ Հրէաստանի մէջ, որովհետեւ Հրեաները կը ջանային սպաննել զինք։
2Հրեաներուն Տաղաւարներու տօնը մօտ էր.
3ուստի իր եղբայրները ըսին իրեն. «Մեկնէ՛ ասկէ ու գնա՛ Հրէաստան, որպէսզի աշակերտնե՛րդ ալ տեսնեն քու գործերդ՝ որ կ’ընես։
4Որովհետեւ ո՛չ մէկը գաղտնի կ’ընէ որեւէ բան, երբ կը ջանայ բացորոշապէս ճանչցնել ինքզինք. եթէ կ’ընես այդ բաները, դուն քեզ բացայայտէ՛ աշխարհի»։
5Քանի որ իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն։
6Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ, բայց ձեր ժամանակը պատրաստ է ամէն ատեն։
7Աշխարհը չի կրնար ատել ձեզ, բայց կ’ատէ զիս, որովհետեւ ես կը վկայեմ անոր մասին թէ իր գործերը չար են։
8Դո՛ւք բարձրացէք այս տօնին. ես (դեռ) չեմ բարձրանար այս տօնին, որովհետեւ ժամանակս դեռ լրացած չէ»։
9Ասիկա ըսելով անոնց՝ ինք մնաց Գալիլեա։
10Բայց երբ իր եղբայրները բարձրացան, ի՛նքն ալ բարձրացաւ տօնին. ո՛չ թէ բացայայտօրէն, հապա՝ գաղտնի։
ՅԻՍՈՒՍ՝ ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ
11Իսկ Հրեաները կը փնտռէին զինք տօնին ատենը, ու կ’ըսէին. «Ո՞ւր է ան»։
12Բազմութեան մէջ շատ տրտունջ կար անոր մասին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Բարի մարդ է»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ո՛չ, այլ ընդհակառակը՝ բազմութի՛ւնը կը մոլորեցնէ»։
13Սակայն ո՛չ մէկը բացորոշապէս կը խօսէր անոր մասին՝ Հրեաներու վախէն։
14Իսկ երբ տօնը կէս եղաւ՝ Յիսուս բարձրացաւ տաճարը, եւ կը սորվեցնէր։
15Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գիտէ 1Գիրքերը, քանի բնա՛ւ սորված չէ զանոնք»։
16Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Իմ ուսուցումս՝ ի՛մս չէ, հապա զիս ղրկողի՛նն է։
17Եթէ մէկը ուզէ գործադրել անոր կամքը, պիտի գիտնայ թէ այս ուսուցումը Աստուծմէ՛ է, թէ ես ինձմէ կը խօսիմ։
18Ա՛ն որ կը խօսի ինքնիրմէ՝ կը փնտռէ ի՛ր իսկ փառքը, բայց ա՛ն որ կը փնտռէ զինք ղրկողին փառքը՝ անիկա՛ ճշմարտախօս է, եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։
19Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի Օրէնքը. բայց ձեզմէ ո՛չ մէկը կը գործադրէ Օրէնքը։
20Ինչո՞ւ կը ջանաք սպաննել զիս»։ Բազմութիւնը պատասխանեց. «Դե՛ւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կը ջանայ սպաննել քեզ»։
21Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Գործ մը ըրի, եւ բոլորդ ալ կը զարմանաք։
22Մովսէս տուաւ ձեզի թլփատութիւնը, (որ ո՛չ թէ Մովսէսէ էր՝ հապա նախնիքներէն,) ու մարդ կը թլփատէք Շաբաթ օրը։
23Եթէ մարդ կը թլփատուի Շաբաթ օրը՝ որպէսզի Մովսէսի Օրէնքը չլուծուի, կը դառնանա՞ք ինծի դէմ՝ որ ամբողջ մարդ մը բժշկեցի Շաբաթ օրը։
24Մի՛ դատէք երեւոյթին համեմատ, հապա դատեցէք արդարութեա՛մբ»։
Ի՞ՆՔՆ Է ՄԵՍԻԱՆ
25Ուստի Երուսաղեմացիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ ան՝ որ կը ջանան սպաննել։
26Ահա՛ համարձակօրէն կը խօսի, ու ոչինչ կ’ըսեն անոր. միթէ պետերը գիտցա՞ն թէ ճշմա՛րտապէս ա՛յս է Քրիստոսը։
27Սակայն մենք գիտե՛նք թէ ասիկա ուրկէ՛ է. բայց երբ Քրիստոս գայ, ո՛չ մէկը պիտի գիտնայ անոր ուրկէ՛ ըլլալը»։
28Իսկ Յիսուս՝ սորվեցնելու ատեն՝ տաճարին մէջ աղաղակեց. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք, եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինձմէ եկած չեմ, հապա ա՛ն որ ղրկեց զիս՝ ճշմարիտ է։ Դուք չէք ճանչնար զայն.
29բայց ես կը ճանչնամ զայն, որովհետեւ ես անկէ եմ, եւ ա՛ն ղրկեց զիս»։
30Ուստի կը ջանային ձերբակալել զինք. բայց ո՛չ մէկը ձեռք բարձրացուց իր վրայ, որովհետեւ իր ժամը դեռ հասած չէր։
31Բազմութենէն շատեր հաւատացին իրեն, ու կ’ըսէին. «Երբ Քրիստոս գայ, միթէ աւելի՞ նշաններ պիտի ընէ՝ քան անոնք որ ասիկա ըրաւ»։
ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ ՂՐԿՈՒԵՑԱՆ՝ ՅԻՍՈՒՍԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼՈՒ
32Փարիսեցիները լսեցին բազմութեան այս տրտունջը անոր մասին. եւ Փարիսեցիներն ու քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին՝ որպէսզի ձերբակալեն զայն։
33Իսկ Յիսուս 2ըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա կ’երթամ անոր՝ որ ղրկեց զիս։
34Դուք պիտի փնտռէք զիս՝ բայց պիտի չգտնէք, եւ չէք կրնար գալ իմ եղած տեղս»։
35Ուրեմն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ, որ մենք պիտի չգտնենք զինք. միթէ 3հեթանոսներուն մէջ ցրուածներո՞ւն պիտի երթայ, եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։
36Ի՞նչ է այն խօսքը՝ որ ըսաւ. “Դուք պիտի փնտռէք զիս բայց պիտի չգտնէք, եւ չէք կրնար գալ իմ եղած տեղս”»։
ԿԵՆԱՐԱՐ ՋՈՒՐԻ ԳԵՏԵՐ
37Տօնին վերջին մեծ օրը՝ Յիսուս կայնած էր ու կ’աղաղակէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող գայ ինծի եւ խմէ։
38Ա՛ն որ հաւատայ ինծի, կենարար ջուրի գետեր պիտի բխին անոր փորէն, ինչպէս Գիրքը կ’ըսէ»։
39Ասիկա ըսաւ Հոգիին մասին՝ որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. որովհետեւ Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանի որ Յիսուս փառաւորուած չէր տակաւին։
ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ
40Բազմութենէն շատեր՝ երբ լսեցին այս խօսքը՝ կ’ըսէին. «Ճշմա՛րտապէս ա՛յս է մարգարէն»։
41Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ա՛յս է Քրիստոսը»։ Ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Միթէ Քրիստոս Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ։
42Միթէ Գիրքը չ’ը՞սեր թէ Քրիստոս պիտի գայ Դաւիթի զարմէն ու Դաւիթի եղած գիւղէն՝ Բեթլեհէմէն»։
43Ուստի պառակտում եղաւ բազմութեան մէջ՝ անոր պատճառով։
44Անոնցմէ ոմանք ուզեցին ձերբակալել զայն, բայց ո՛չ մէկը ձեռք բարձրացուց անոր վրայ։
ՀՐԵԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
45Ուստի սպասաւորները եկան քահանայապետներուն եւ Փարիսեցիներուն քով, որոնք ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ հոս չբերիք զայն»։
46Սպասաւորները պատասխանեցին. «Ո՛չ մէկը երբե՛ք խօսած է այս մարդուն պէս»։
47Ուստի Փարիսեցիները պատասխանեցին անոնց. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։
48Պետերէն կամ Փարիսեցիներէն մէ՛կը հաւատա՞ց անոր.
49բայց այս բազմութիւնը՝ որ չի գիտեր Օրէնքը՝ անիծեալ է»։
50Նիկոդեմոս ըսաւ անոնց, (որ նախապէս՝ գիշերուան մէջ գացեր էր իրեն, եւ անոնցմէ մէկն էր.)
51«Միթէ մեր Օրէնքը կը դատէ՞ մարդ մը, եթէ նախապէս չլսէ զայն, եւ չգիտնայ թէ ի՛նչ կ’ընէ»։
52Պատասխանեցին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. զննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլեայէն մարգարէ չ’ելլեր»։
53Ապա իւրաքանչիւրը գնաց իր տունը։