John 9
Luke « John 8 ‹ John 9 › John 10 » Acts
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԺՇԿԷ ԾՆՈՒՆԴՈՎ ԿՈՅՐԸ
1Երբ կ’անցնէր՝ տեսաւ մարդ մը, կոյր ծնած։
2Իր աշակերտները հարցուցին իրեն. «Ռաբբի՛, ո՞վ մեղանչեց, ասիկա՞ թէ անոր ծնողները, որ ան կոյր ծնաւ»։
3Յիսուս պատասխանեց. «Ո՛չ ասիկա մեղանչած է, ո՛չ ալ անոր ծնողները, հապա՝ որպէսզի Աստուծոյ գործերը յայտնաբերուին իր վրայ։
4Մինչ ցերեկ է, պէտք է որ գործեմ զիս ղրկողին գործերը. գիշերը կու գայ, երբ ո՛չ մէկը կրնայ գործել։
5Այնքան ատեն որ ես աշխարհի մէջ եմ՝ աշխարհի լոյսն եմ»։
6Երբ ըսաւ ասիկա՝ թքնեց գետին, կաւ շինեց թուքով, այդ կաւով ծեփեց կոյրին աչքերը
7եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (որ կը թարգմանուի՝ ղրկուած)։ Ան ալ գնաց եւ լուացուեցաւ, եկաւ՝ ու կը տեսնէր։
8Իսկ դրացիները, եւ անոնք որ նախապէս տեսած էին զինք՝ թէ 1կոյր էր, կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր ան՝ որ կը նստէր ու կը մուրար»։ Ոմանք կ’ըսէին. «Անիկա՛ է»։
9Ուրիշներ կ’ըսէին. «Անոր նման մէկն է»։ Իսկ ինք կ’ըսէր. «Ե՛ս եմ»։
10Ուրեմն ըսին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս աչքերդ բացուեցան»։
11Ինք պատասխանեց. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց, ծեփեց աչքերս ու ըսաւ ինծի. “Գնա՛ Սելովամի աւազանը եւ լուացուէ՛ ”։ Ես ալ գացի, լուացուեցայ, ու կը տեսնեմ»։
12Ուստի ըսին իրեն. «Ո՞ւր է ան»։ Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»։
ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ ԲՈՒԺՈՒՈՂԸ
13Փարիսեցիներուն տարին զայն՝ որ ժամանակին կոյր էր,
14ու Շաբաթ օր էր՝ երբ Յիսուս շինեց կաւը եւ բացաւ անոր աչքերը։
15Ուստի Փարիսեցիներն ալ դարձեալ կը հարցնէին իրեն թէ ի՛նչպէս 2աչքերը բացուեցան՝՝։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ, ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։
16Ուստի Փարիսեցիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Այդ մարդը Աստուծմէ չէ, որովհետեւ չի պահեր Շաբաթ օրը»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Մեղաւոր մարդ մը ի՞նչպէս կրնայ ընել այսպիսի նշաններ». եւ պառակտում եղաւ անոնց մէջ։
17Դարձեալ ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր մասին՝ որ բացաւ աչքերդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Մարգարէ՛ մըն է»։
18Իսկ Հրեաները չէին հաւատար թէ ան կոյր էր եւ աչքերը բացուեցան, մինչեւ որ կանչեցին այդ աչքերը բացուած մարդուն ծնողները,
19ու հարցուցին անոնց. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն մասին դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա ի՞նչպէս հիմա կը տեսնէ»։
20Անոր ծնողները պատասխանեցին անոնց. «Գիտենք թէ ա՛յս է մեր որդին, եւ թէ ինք կոյր ծնաւ։
21Բայց հիմա ի՛նչ կերպով կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՛վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր. ինք չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք, ի՛նք թող խօսի իր մասին»։
22Անոր ծնողները ըսին ասիկա, որովհետեւ կը վախնային Հրեաներէն. քանի որ Հրեաները արդէն միաձայնած էին, որ եթէ մէկը դաւանի զայն որպէս Քրիստոս՝ վռնտուի ժողովարանէն։
23Ուստի անոր ծնողները ըսին. «Ինք չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք»։
24Ուրեմն կրկին կանչեցին այդ մարդը՝ որ կոյր էր, եւ ըսին անոր. «Փա՜ռք տուր Աստուծոյ. մենք գիտե՛նք թէ այդ մարդը մեղաւոր է»։
25Ան ալ պատասխանեց. «Չեմ գիտեր թէ մեղաւոր է՝ թէ ոչ. մէ՛կ բան գիտեմ, թէ կոյր էի՝ ու հիմա կը տեսնեմ»։
26Դարձեալ ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, ի՞նչպէս բացաւ աչքերդ»։
27Պատասխանեց անոնց. «Արդէ՛ն ըսի ձեզի, ու չլսեցիք. ինչո՞ւ կ’ուզէք դարձեալ լսել. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք ըլլալ անոր աշակերտները»։
28Իսկ անոնք հեգնելով զայն՝ ըսին. «Դո՛ւն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք՝ Մովսէսի՛ աշակերտներն ենք։
29Մենք գիտե՛նք թէ Աստուա՛ծ խօսեցաւ Մովսէսի. բայց չենք գիտեր թէ ասիկա ուրկէ՛ է»։
30Մարդը պատասխանեց անոնց. «Ա՛յդ է զարմանալին, որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՛ է ան, թէպէտ ի՛նք բացաւ իմ աչքերս։
31Գիտենք թէ Աստուած մտիկ չ’ըներ մեղաւորներուն. բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ եւ անոր կամքը գործադրէ՝ մտիկ կ’ընէ անոր։
32Դարերու սկիզբէն ի վեր լսուած չէ, որ մէկը բացած ըլլայ ծնունդով կոյրի մը աչքերը։
33Եթէ անիկա Աստուծմէ չըլլար, ոչի՛նչ կրնար ընել»։
34Պատասխանեցին անոր. «Դուն ամբողջովին մեղքերու մէջ ծնած ես, ու մեզի՞ կը սորվեցնես», եւ վտարեցին զայն։
ՀՈԳԵԿԱՆ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ
35Յիսուս լսեց թէ վտարեցին զայն. երբ գտաւ զայն՝ ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։
36Ան պատասխանեց. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։
37Յիսուս ըսաւ անոր. «Թէ՛ տեսար զայն, թէ՛ ալ ի՛նքն է քեզի հետ խօսողը»։
38Ան ալ ըսաւ. «Կը հաւատա՛մ, Տէ՛ր», ու երկրպագեց անոր։
39Յիսուս ըսաւ. «Ես այս աշխարհը եկայ՝ դատաստանի համար, որպէսզի չտեսնողները՝ տեսնեն, իսկ տեսնողները՝ կուրանան»։
40Փարիսեցիներէն ոմանք, որ իրեն հետ էին, լսելով ասիկա՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։
41Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք չէիք ունենար. բայց հիմա կ’ըսէք. “Կը տեսնե՛նք”. ուրեմն ձեր մեղքը կը մնայ ձեր վրայ»։