Jonah 1
Obadiah « Obadiah 1 ‹ Jonah 1 › Jonah 2 » Micah
ՅՈՎՆԱՆԻ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրոջ խօսքը Ամաթիի որդիին՝ Յովնանի 1ուղղուեցաւ՝ ըսելով.
2«Կանգնէ՛, գնա՛ Նինուէ մեծ քաղաքը, եւ գոչէ՛ անոր դէմ, քանի որ անոնց չարութիւնը իմ առջեւս բարձրացաւ»։
3Բայց Յովնան կանգնեցաւ որ Տէրոջ ներկայութենէն Թարսիս փախչի։ Յոպպէ իջաւ, ու նաւ մը գտաւ՝ որ Թարսիս կ’երթար. անոր վարձքը վճարեց եւ անոր մէջ մտաւ, որպէսզի անոնց հետ Թարսիս երթայ՝ Տէրոջ ներկայութենէն հեռու։
4Սակայն Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը 2ղրկեց. ծովուն մէջ այնպիսի մեծ մրրիկ մը եղաւ, որ նաւը 3փշրուելու վտանգին մէջ էր՝՝։
5Նաւաստիները վախցան, եւ իւրաքանչիւրը իր աստուծոյն աղաղակեց. ապա նաւուն մէջի առարկաները ծովը նետեցին, որպէսզի զայն անոնցմէ թեթեւցնեն. իսկ Յովնան նաւուն 4խորշը իջնելով պառկած էր, ու խորունկ կը քնանար։
6Ուստի նաւապետը անոր մօտեցաւ եւ անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ խորունկ քնացող. կանգնէ՛, գոչէ՛ քու Աստուծոյդ. թերեւս Աստուած մեր վրայ մտածէ, ու չկորսուինք»։
7Յետոյ իրարու ըսին. «Եկէ՛ք, վիճա՛կ ձգենք, որպէսզի գիտնանք թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ հասաւ»։ Երբ վիճակ ձգեցին, վիճակը Յովնանի ելաւ։
8Ուստի անոնք իրեն ըսին. «Հիմա իմացո՛ւր մեզի՝ թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ հասաւ։ Քու գործդ ի՞նչ է, եւ ուրկէ՞ կու գաս. քու երկիրդ ո՞րն է, ու դուն ո՞ր ժողովուրդէն ես»։
9Ինք ալ անոնց պատասխանեց. «Ես Եբրայեցի եմ, եւ ծովն ու ցամաքը 5ստեղծող երկինքի Աստուածը՝ Եհովան կը 6պաշտեմ»։
10Այդ մարդիկը չափազանց վախցան, եւ իրեն ըսին. «Այդ բանը ինչո՞ւ ըրիր»։ Արդարեւ այդ մարդիկը գիտցան թէ Տէրոջ ներկայութենէն կը փախչէր, որովհետեւ անոնց պատմեր էր։
11Ուստի անոր ըսին. «Քեզի ի՞նչ ընենք, որ ծովը մեզի համար հանդարտի», քանի ծովը 7հետզհետէ 8կ’ալեկոծէր։
12Ինք ալ անոնց պատասխանեց. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծո՛վը նետեցէք, եւ ծովը ձեզի համար պիտի հանդարտի, քանի որ ես գիտեմ թէ այս մեծ մրրիկը իմ պատճառովս ձեր վրայ հասաւ»։
13Սակայն այդ մարդիկը ջանացին 9թիավարելով նաւը ցամաքը վերադարձնել. բայց չկրցան, որովհետեւ ծովը հետզհետէ կ’ալեկոծէր իրենց դէմ։
14Ուստի Եհովայի գոչեցին եւ ըսին. «Ո՜հ, Եհովա՛, կ’աղերսե՛նք, այս մարդուն կեանքին համար մեզ մի՛ կորսնցներ, ու մեր վրայ անմեղ արիւն մի՛ դներ. արդարեւ դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, իրագործեցիր ինչ որ փափաքեցար»։
15Յետոյ Յովնանը վերցուցին եւ ծովը նետեցին, ծովն ալ իր 10մոլեգնութենէն հանդարտեցաւ՝՝։
16Այդ մարդիկը Եհովայէն չափազանց վախցան. ուստի Եհովայի զոհ մատուցանեցին եւ ուխտեր ըրին։
17Տէրը մեծ ձուկի մը 11հրահանգեց, որ Յովնանը կլլէ. Յովնան երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին 12փորը մնաց։