Loading...

Jonah 2

Obadiah  «  Jonah 1  ‹  Jonah 2  ›  Jonah 3  »  Micah


ՅՈՎՆԱՆԻ ԱՂՕԹՔԸ

1

Յովնան ձուկին 1փորէն Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն աղօթեց,

2

եւ ըսաւ. «Իմ տագնապիս մէջ Տէրոջ գոչեցի, Եւ ան ինծի պատասխանեց. 2Դժոխքին փորէն օգնութեան կանչեցի, Ու ձայնս լսեցիր։

3

Արդարեւ զիս խորխորատը՝ ծովերուն սիրտին մէջ նետեցիր, Ու 3յորձանքները զիս պաշարեցին. Քու բոլոր կոհակներդ եւ ալիքներդ իմ վրայէս անցան։

4

Ես ըսի. “Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ, Սակայն տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ”։

5

Ջուրերը զիս մինչեւ անձս պատեցին, Անդունդը զիս շրջապատեց, 4Կնիւնները գլուխիս փաթթուեցան։

6

Լեռներուն 5խորքը իջայ, Երկիրը իր նիգերով զիս յաւիտենապէս 6արգելափակած էր. Բայց դուն իմ կեանքս փոսէն բարձրացուցիր, Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս։

7

Երբ անձս իմ ներսս թալկացաւ, Տէրը յիշեցի, Եւ աղօթքս քեզի հասաւ՝ քու սուրբ տաճարդ։

8

Սուտ ունայնութիւններու նայողները Իրենց ըլլալիք կարեկցութիւնը կը լքեն,

9

Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Եւ ըրած ուխտս պիտի կատարեմ. Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։

10

Ուստի Տէրը հրամայեց ձուկին, ան ալ Յովնանը ցամաքին վրայ փսխեց։



1 Եբր.՝ ընդերքէն
2 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանին
3 Եբր.՝ գետերը
4 Եբր.՝ Շամբերը
5 Եբր.՝ ծայրերը
6 Եբր.՝ շրջապատած