Loading...

Jonah 3

Obadiah  «  Jonah 2  ‹  Jonah 3  ›  Jonah 4  »  Micah


ՅՈՎՆԱՆԻ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

1

Երկրորդ անգամ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Յովնանի՝ ըսելով.

2

«Կանգնէ՛, գնա՛ Նինուէ մեծ քաղաքը, եւ յայտարարէ՛ անոր այն 2պատգամը՝ որ ես քեզի կը հաղորդեմ»։

3

Ուստի Յովնան կանգնեցաւ ու Նինուէ գնաց՝ Տէրոջ խօսքին համաձայն։ Նինուէ 3չափազանց մեծ քաղաք մըն էր՝ երեք օրուան ուղեւորութեան տարածութեամբ։

4

Յովնան սկսաւ քաղաքը մտնելով գոչել մէկ օրուան ուղեւորութեան ընթացքին. «Դեռ քառասուն օր կայ, ու Նինուէ պիտի կործանի»։

5

Նինուէցիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն յայտարարեցին ու քուրձ հագան, անոնց մեծերէն մինչեւ պզտիկները։

6

Արդարեւ լուրը Նինուէի թագաւորին հասաւ, ան ալ իր գահէն ոտքի ելաւ, վրայէն 4պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ։

7

Նաեւ Նինուէի մէջ՝ թագաւորին եւ իր մեծամեծներուն հրամանով՝ 5մունետիկին գոչել՝՝ տուաւ ու յայտարարեց. «Մարդ թէ անասուն, արջառ եւ ոչխար թող ոչինչ ուտեն, թող չարածին ու ջուր չխմեն։

8

Մարդիկ թէ անասուններ թող քուրձ հագնին եւ ամբողջ ոյժով Աստուծոյ գոչեն։ Իւրաքանչիւրը թող հեռանայ իր չար 6ընթացքէն ու ձեռքերուն մէջ եղած բռնութենէն։

9

Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած 7հրաժարի եւ արգահատի, իր բորբոքած բարկութիւնը կասեցնէ, ու չկորսուինք»։

10

Աստուած տեսաւ թէ անոնք ի՛նչպէս վարուեցան՝ իրենց չար ընթացքէն դարձի գալով. ուստի Աստուած հրաժարեցաւ այն չարիքէն՝ որ յայտարարեր էր թէ անոնց պիտի ընէ, ու զայն չըրաւ։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ յայտարարութիւնը
3 Եբր.՝ Աստուծոյ համար իսկ
4 Եբր.՝ վերարկուն
5 Եբր.՝ աղաղակել
6 Եբր.՝ ճամբայէն
7 Եբր.՝ դառնայ