Loading...

Jonah 4

Obadiah  «  Jonah 3  ‹  Jonah 4  ›  Micah 1  »  Micah


ՅՈՎՆԱՆԻ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ

1

Յովնան չափազանց դժգոհեցաւ ու բորբոքեցաւ։

2

Ուստի Տէրոջ աղօթելով ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր, միթէ ասիկա չէ՞ր ինչ որ կ’ըսէի, երբ դեռ իմ երկիրս էի. ասոր համար 1նախապէս Թարսիս փախայ։ Արդարեւ գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, համբերատար եւ շատ կարեկից Աստուած ես, ու չարիքէն կը հրաժարիս։

3

Հետեւաբար հիմա, ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, իմ կեանքս ա՛ռ ինձմէ, քանի որ ինծի համար աւելի լաւ է մեռնիլ՝ քան ապրիլ»։

4

Տէրը պատասխանեց. «Միթէ լա՞ւ է այդպէս բորբոքիլդ»։

5

Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ, ու քաղաքին արեւելեան կողմը մնաց. հոն իրեն տաղաւար մը շինեց եւ անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչեւ որ տեսնէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի քաղաքին։

6

Տէր Աստուած 2տզենիի մը 3հրահանգեց որ Յովնանի վրայ բարձրանայ եւ անոր գլուխին վրայ հովանի ըլլայ, որպէսզի զայն իր վատ վիճակէն ազատէ։ Յովնան տզենիին համար մեծապէս ուրախացաւ։

7

Հետեւեալ օրը՝ արշալոյսին՝ Աստուած ճճիի մը հրահանգեց որ տզենին 4կրծէ. ան ալ չորցաւ։

8

Երբ արեւը կը ծագէր, Աստուած խորշակաբեր արեւելեան հովի մը հրահանգեց, եւ արեւը Յովնանի գլուխին զարկաւ. ան ալ խամրեցաւ, ինքնիրեն 5փափաքեցաւ մեռնիլ, եւ ըսաւ. «Ինծի համար աւելի լաւ է մեռնիլ՝ քան ապրիլ»։

9

Աստուած Յովնանի ըսաւ. «Միթէ լա՞ւ է այդպէս բորբոքիլդ՝ տզենիին համար»։ Ան ալ պատասխանեց. «Լաւ է մեռնելու աստիճան բորբոքիլս»։

10

Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Դուն տզենիին վրայ խղճացիր, որուն համար չաշխատեցար ու զայն չաճեցուցիր. ան մէ՛կ գիշերուան մէջ 6բուսաւ, եւ մէ՛կ գիշերուան մէջ փճացաւ։

11

Հապա ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէի՝ այդ մեծ քաղաքին վրայ, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան՝ որոնք չեն կրնար իրենց աջ ձեռքը 7զատորոշել ձախ ձեռքէն, նաեւ շատ անասուններ»։



1 Եբր.՝ վաղուց
2 Կամ՝ տզկանեփատի, կամ՝ տզկաղատի
3 Եբր.՝ սահմանեց
4 Եբր.՝ զարնէ
5 Եբր.՝ խնդրեց
6 Եբր.՝ գոյացաւ
7 Եբր.՝ գիտնալ