Loading...

Lamentations 1

Jeremiah  «  Jeremiah 52  ‹  Lamentations 1  ›  Lamentations 2  »  Ezekiel


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՑԱՒԵՐԸ

1

Ի՜նչպէս միայնակ կը բնակի բազմամարդ քաղաքը. Ազգերուն մէջ մեծ եղողը՝ այրիի պէս եղաւ, Գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը՝ հարկատու եղաւ։

2

Գիշերը անդադար կու լայ, եւ իր արցունքները այտերուն վրայ են։ Անոր բոլոր հոմանիներէն զինք մխիթարող չկայ. Անոր բոլոր բարեկամները իրեն անհաւատարիմ եղան, իր թշնամիները եղան։

3

Յուդա տառապանքի ու 1տաժանելի ստրկութեան համար տարագրուեցաւ. Հեթանոսներուն մէջ կը բնակի, հանգստութիւն չի գտներ։ Անոր բոլոր հալածիչները իր տագնապներուն մէջ անոր վրայ հասան։

4

Սիոնի ճամբաները սուգ կը պահեն, քանի որ ո՛չ մէկը կու գայ հանդիսաւոր տօներուն. Անոր բոլոր դռները ամայացած են, անոր քահանաները կը հառաչեն. Անոր կոյսերը կը տրտմին, եւ ինք դառնացած է։

5

Անոր հակառակորդները գլխաւոր եղան, անոր թշնամիները անդորր են, Որովհետեւ 2Տէրը զինք տրտմեցուց իր բազմաթիւ յանցանքներուն համար. Անոր երախաները թշնամիին առջեւէն գերի գացին։

6

Սիոնի աղջիկէն իր ամբողջ վայելչութիւնը 3գնաց. Անոր իշխանաւորները արօտ չգտնող եղջերուներու պէս եղան, Որոնք հալածողին առջեւէն առանց ոյժի կ’երթան։

7

Երուսաղէմ իր տառապանքի ու թշուառութեան օրերուն մէջ յիշեց Վաղեմի օրերուն իր ունեցած բոլոր ցանկալի բաները, Երբ իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքը ինկաւ, եւ ո՛չ մէկը իրեն օգնեց։ Հակառակորդները զայն տեսան ու անոր կործանումին վրայ ծիծաղեցան։

8

Երուսաղէմ ծանրապէս մեղանչեց, հետեւաբար 4կեղտոտութիւն եղաւ. Բոլոր զայն պատուողները զինք արհամարհեցին, որովհետեւ իր մերկութիւնը տեսան. Ինք ալ հառաչեց ու 5կռնակ դարձուց՝՝։

9

Անոր անմաքրութիւնը իր փէշերուն վրայ էր. ան իր 6վախճանին մասին չէր մտածեր՝՝։ Իր 7անկումը զարմանալի՝՝ եղաւ. մխիթարիչ չունեցաւ։ «Ո՛վ Տէր, նայէ՛ իմ տառապանքիս, քանի որ թշնամին 8հպարտացաւ»։

10

Հակառակորդը ձեռքը երկարեց անոր բոլոր ցանկալի բաներուն, Քանի տեսաւ թէ հեթանոսները իր սրբարանին մէջ մտան, Որոնց համար դուն հրամայեր էիր որ քու համախմբումիդ մէջ չմտնեն։

11

Անոր ամբողջ ժողովուրդը հաց փնտռելէն հառաչեց. Իրենց անձը վերանորոգելու համար՝ իրենց ցանկալի բաները կերակուրի փոխարէն տուին։ «Տե՛ս, ո՛վ Տէր, ու նկատէ՛ թէ անարգ եղայ»։

12

«Միթէ հոգ չէ՞ք ըներ, ո՛վ բոլոր ճամբայէն անցնողներ. Նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք թէ արդեօք այն կոտտանքին պէս կոտտանք կա՞յ՝ որ 9իմ վրաս հասաւ՝՝, Որովհետեւ Տէրը զիս տրտմեցուց իր բորբոքած բարկութեան օրը։

13

Բարձրէն իմ ոսկորներուս կրակ ղրկեց, եւ ան տիրապետեց անոնց. Ոտքերուս առջեւ ցանց տարածելով 10ինծի ընկրկիլ տուաւ՝՝. Զիս ամայացուց, ամբողջ օրը ուժաթափ թողուց։

14

Իմ յանցանքներուս լուծը անոր ձեռքով կապուեցաւ. Անոնք 11միացան ու վիզիս վրայ ելան։ Իմ ոյժս 12կոտրեց. Տէրը զիս այնպիսի ձեռքերու մատնեց, որ անոնցմէ չեմ կրնար 13ազատիլ։

15

Տէրը իմ մէջս եղող բոլոր հզօրներս տապալեց. Իմ երիտասարդներս ջախջախելու համար ինծի դէմ համայնք մը կանչեց. Տէրը Յուդայի կոյս աղջիկը հնձանի մէջ կոխեց։

16

Ասոնց համար կու լամ. 14աչքերս արցունք կը հոսեցնեն՝՝. Արդարեւ ինձմէ հեռացաւ մխիթարիչը՝ որ իմ անձս պիտի վերանորոգէր. Իմ որդիներս 15նուաղեցան, որովհետեւ թշնամին զօրաւոր եղաւ»։

17

Սիոն իր ձեռքերը տարածեց, բայց ո՛չ մէկը զինք կը մխիթարէ. Տէրը հրամայեց 16որ Յակոբի՝՝ հակառակորդները զինք շրջապատեն. Երուսաղէմ անոնց մէջ կեղտոտութիւն եղաւ։

18

Տէրը արդար է, քանի որ անոր 17հրամանին դէմ ընդվզեցայ։ Ուրեմն մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, եւ տեսէ՛ք իմ կոտտանքս. Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս գերութեան գացին,

19

Իմ հոմանիներս կանչեցի, սակայն անոնք զիս խաբեցին. Իմ քահանաներս եւ երէցներս քաղաքին մէջ իրենց շունչը տուին, Մինչ իրենց համար կերակուր կը փնտռէին՝ իրենց անձը վերանորոգելու համար։

20

Ո՛վ Տէր, նայէ՛, քանի որ տագնապեցայ. ընդերքս խռովեցաւ. Սիրտս տակնուվրայ եղաւ ներսս, որովհետեւ 18չափազանց ընդվզեցայ. Դուրսը՝ սուրը զիս զաւակներէ զրկեց, իսկ ներսը մահ կայ։

21

Իմ հառաչանքս լսեցին, բայց ո՛չ մէկը զիս կը մխիթարէ. Իմ ձախորդութիւնս լսելով՝ բոլոր թշնամիներս բերկրեցան որ ասիկա իրագործեցիր։ 19Որոշած օրդ պիտի բերես, եւ անոնք ինծի պէս պիտի ըլլան։

22

Անոնց ամբողջ չարութիւնը քու առջեւդ թող հասնի, Ու վարուէ՛ անոնց հետ այնպէս՝ ինչպէս վարուեցար ինծի հետ՝ իմ բոլոր յանցանքներուս համար. Արդարեւ իմ հառաչանքներս շատ են, եւ սիրտս ուժաթափ է»։



1 Եբր.՝ մեծ
2 Եբր.՝ Եհովան
3 Եբր.՝ դուրս ելաւ
4 Կամ՝ թափառական
5 Եբր.՝ ետ դարձաւ
6 Եբր.՝ վախճանը չէր յիշեր
7 Եբր.՝ էջքը սքանչելի
8 Եբր.՝ ինքզինք մեծցուց
9 Եբր.՝ ինծի եղաւ
10 Եբր.՝ զիս ետ դարձուց
11 Եբր.՝ հիւսուեցան
12 Եբր.՝ գայթեցուց
13 Եբր.՝ դէմ կանգնիլ
14 Եբր.՝ աչքս, աչքս ջուր կ’իջեցնէ
15 Եբր.՝ ամայացան
16 Եբր.՝ Յակոբի համար՝ որ անոր
17 Եբր.՝ բերանին
18 Եբր.՝ ընդվզելով
19 Եբր.՝ Յայտարարած, կամ՝ Կանչած