Loading...

Lamentations 2

Jeremiah  «  Lamentations 1  ‹  Lamentations 2  ›  Lamentations 3  »  Ezekiel


ՏԷՐՈՋ ՊԱՏԻԺԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

1

Ի՜նչպէս Տէրը՝ իր բարկութեան մէջ՝ 1խաւարով ծածկեց՝՝ Սիոնի աղջիկը, Երկինքէն 2երկիր նետեց Իսրայէլի 3պարծանքը, Եւ իր բարկութեան օրը չյիշեց իր ոտքերուն պատուանդանը։

2

Տէրը Յակոբի բոլոր բնակարանները առանց խնայելու 4քանդեց, Յուդայի աղջիկին ամրոցները իր ցասումով փլցուց եւ 5հիմնայատակ ըրաւ՝՝, Թագաւորութիւնն ու անոր իշխանաւորները անպատուեց։

3

Իսրայէլի ամբողջ 6զօրութիւնը բորբոքած բարկութեամբ կոտրեց. Իր աջ ձեռքը թշնամիին 7առջեւէն ետ քաշեց, Եւ Յակոբի մէջ կրակի բոցի պէս բռնկելով՝ անոր շուրջը սպառեց։

4

Իր աղեղը թշնամիի պէս լարեց, իր աջ ձեռքով հակառակորդի պէս կեցաւ, Ու բոլոր աչքի 8հաճելի եղողները մեռցուց. Իր ցասումը կրակի պէս թափեց Սիոնի աղջիկին վրանին վրայ։

5

Տէրը թշնամիի պէս եղաւ. Իսրայէլը կլլեց, Անոր բոլոր պալատները կլլեց, ամրոցները քանդեց, Եւ Յուդայի աղջիկին մէջ թախիծն ու կոծը շատցուց։

6

Անոր 9խորանը բռնութեամբ կործանեց՝ պարտէզի տաղաւարի 10պէս, անոր 11ժողովարանը քանդեց. Տէրը Սիոնի մէջ հանդիսաւոր տօնը եւ Շաբաթը մոռցուց, Իր 12սաստիկ բարկութեամբ՝՝ թագաւորն ու քահանան անարգեց։

7

Տէրը իր զոհասեղանը մերժեց եւ իր սրբարանը ուրացաւ. Անոր պալատներուն պարիսպները թշնամիին ձեռքը մատնեց. Անոնք Տէրոջ տան մէջ հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս ձայն տուին։

8

Տէրը մտածեց Սիոնի աղջիկին պարիսպը քանդել. Լար քաշեց, իր ձեռքը 13կործանելէն չդադրեցուց՝՝. Պատուարին ու պարիսպին սգալ տուաւ, անոնք միասին ուժաթափեցան։

9

Անոր դռները գետինին մէջ մխրճուեցան, անոր նիգերը փճացուց եւ կոտրեց. Անոր թագաւորն ու իշխանաւորները 14ազգերուն մէջ են. օրէնք չկայ. Անոր մարգարէներն ալ Տէրոջմէն տեսիլք չեն յայտնաբերեր։

10

Սիոնի աղջիկին երէցները գետինը նստած՝ լուռ կը կենան, Իրենց գլուխին վրայ հող դրին, 15քուրձ հագան՝՝. Երուսաղէմի կոյսերը իրենց գլուխը գետինը իջեցուցին։

11

Իմ ժողովուրդիս աղջիկին փլուզումին համար աչքերս արցունք թափելէն նուաղեցան. Ընդերքս խռովեցաւ, լեարդս գետինը թափուեցաւ, Որովհետեւ երախաներն ու ծծկերները քաղաքին հրապարակներուն մէջ կը թալկանան։

12

Անոնք իրենց մայրերուն կ’ըսեն. «Ո՞ւր են ցորենը եւ գինին», Մինչ վիրաւորուածներու պէս կը թալկանան քաղաքին հրապարակներուն մէջ, Եւ իրենց 16հոգին կ’աւանդեն՝՝ իրենց մայրերուն գիրկին մէջ։

13

Քեզի ի՞նչ վկայութիւն բերեմ. քեզ ինչի՞ նմանցնեմ, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Քեզ մխիթարելու համար քեզ ինչի՞ 17բաղդատեմ, ո՛վ Սիոնի կոյս աղջիկ, Քանի որ քու փլուզումդ ծովու չափ մեծ է. ո՞վ պիտի բուժէ քեզ։

14

Քու մարգարէներդ քեզի համար սնոտի եւ անպատշաճ տեսիլքներ տեսան. Քու անօրէնութիւնդ քեզի չյայտնեցին, որ քեզ գերութենէն վերադարձնեն, Հապա քեզի համար սնոտի 18տեսիլքներ ու 19խոտորումներ տեսան։

15

Բոլոր ճամբայէն անցնողները քեզի համար ծափ զարկին, Սուլելով իրենց գլուխը շարժեցին Երուսաղէմի աղջիկին համար Եւ ըսին. «Ա՞յս է այն քաղաքը, որ “Գեղեցկութեան կատարելութիւնը” եւ “Ամբողջ 20երկրագունդին բերկրանքը” կը կոչուէր»։

16

Քու բոլոր թշնամիներդ իրենց բերանը քեզի դէմ բացին, Սուլելով ակռայ կրճտեցին եւ ըսին. «Զայն կլլեցինք։ Ահա՛ ա՛յս է մեր սպասած օրը. գտանք, տեսանք զայն»։

17

Տէրը իր մտադրածը կիրարկեց, վաղեմի օրերէն 21հաղորդած խօսքը՝՝ 22իրագործեց, Փլցուց առանց խնայելու, եւ թշնամին քեզմով ուրախացուց, Քու հակառակորդներուդ եղջիւրը բարձրացուց։

18

Անոնց սիրտը Տէրոջ աղաղակեց. Ո՛վ Սիոնի աղջիկին պարիսպը, ցերեկ ու գիշեր արցո՛ւնք 23թափէ՝ վտակի պէս։ Քեզի հանգիստ մի՛ տար, աչքիդ բիբը թող չդադրի։

19

Կանգնէ՛, 24աղաղակէ՛ գիշերը, գիշերուան պահերուն սկիզբը. Ջուրի պէս թափէ՛ քու սիրտդ Տէրոջ ներկայութեան մէջ. Ձեռքերդ բարձրացո՛ւր անոր՝ քու երախաներուդ կեանքին համար, Որոնք ամէն փողոցի 25անկիւն անօթութենէ կը թալկանան։

20

Տե՛ս, ո՛վ Տէր, ու նկատէ՛ թէ որո՞ւ հետ այսպէս վարուեցար. Միթէ կիները պիտի ուտե՞ն իրենց որովայնին պտուղը, իրենց երախաները՝ որոնց վրայ կը գուրգուրան. Քահանան ու մարգարէն Տէրոջ սրբարանին մէջ պիտի սպաննուի՞ն։

21

Պատանին եւ ծերը փողոցներու մէջ գետինը պառկեցան, Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս սուրէն ինկան. Քու բարկութեանդ օրը զանոնք մեռցուցիր, մորթեցիր առանց խնայելու։

22

Ամէն կողմէ իմ երկիւղներս հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս կանչեցիր, Ու Տէրոջ բարկութեան օրը վերապրող կամ ազատած չմնաց. Թշնամիս 26հատցուց անոնք՝ որոնց վրայ գուրգուրացած ու զանոնք մեծցուցած էի։



1 Եբր.՝ թանձրութիւն ղրկեց
2 Կամ՝ գետին
3 Կամ՝ շքեղութիւնը
4 Եբր.՝ կլլեց
5 Եբր.՝ գետին դպցուց
6 Եբր.՝ եղջիւրը
7 Եբր.՝ երեսէն
8 Եբր.՝ ցանկալի
9 Եբր.՝ տաղաւարը, կամ՝ ցանկապատը
10 Կամ՝ ցանկապատի
11 Եբր.՝ հանդիպումի վայրը
12 Եբր.՝ բարկութեան սրտմտութեամբ
13 Եբր.՝ կլլելէն չդարձուց
14 Կամ՝ հեթանոսներուն
15 Եբր.՝ քուրձով գօտեւորուեցան
16 Եբր.՝ անձը կը թափի
17 Եբր.՝ հաւասարեցնեմ
18 Եբր.՝ պատգամներ
19 Կամ՝ աքսորի պատճառներ
20 Եբր.՝ երկրին
21 Կամ՝ հրամայած հրամանը
22 Եբր.՝ լրացուց
23 Եբր.՝ իջեցուր
24 Եբր.՝ ճչա՛
25 Եբր.՝ գլուխ
26 Եբր.՝ սպառեց