Loading...

Lamentations 3

Jeremiah  «  Lamentations 2  ‹  Lamentations 3  ›  Lamentations 4  »  Ezekiel


ՊԱՏԻԺ, ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՅՈՅՍ

1

Ես այն 1մարդն եմ, որ տառապանք տեսաւ անոր ցասումի գաւազանով.

2

Զիս առաջնորդեց եւ խաւարի մէջ տարաւ, ո՛չ թէ լոյսի մէջ։

3

Այո՛, ինծի դէմ դարձաւ. ամէն օր իր ձեռքը իմ վրաս դարձուց։

4

Իմ մարմինս ու մորթս մաշեցուց, ոսկորներս կոտրեց։

5

Ինծի դէմ պատնէշներ կառուցանեց եւ զիս թոյնով ու տաժանքով շրջապատեց։

6

Զիս խաւար տեղեր բնակեցուց՝ շատոնց մեռածներուն պէս։

7

Զիս ցանկապատեց, ուստի չեմ կրնար դուրս ելլել. իմ պղինձէ շղթաներս ծանրացուց։

8

Մինչեւ անգամ աղաղակած եւ օգնութեան կանչած ատենս՝ ան իմ աղօթքս 2մերժեց։

9

Իմ ճամբաներս տաշուած քարերով փակեց. իմ շաւիղներս ծռեց։

10

Ան ինծի դարանակալ արջի պէս ու ծածուկ տեղեր պահուըտած առիւծի պէս եղաւ։

11

Իմ ճամբաներս խոտորցուց եւ զիս պատառեց. զիս ամայացուց։

12

Իր աղեղը լարեց, ու զիս իբր նետի նշանակէտ կայնեցուց։

13

Իր կապարճին 3նետերը երիկամունքիս մէջ 4մխրճեց։

14

Իմ ամբողջ ժողովուրդիս հեգնանքի առարկան եղայ, եւ անոնց տաղերգութեան նիւթը՝ ամբողջ օրը։

15

Զիս դառնութիւններով կշտացուց, օշինդրով յագեցուց.

16

Նաեւ ակռաներս խիճերով կոտրտեց, զիս մոխիրով ծածկեց։

17

Այսպէս՝ անձս խաղաղութենէն հեռացուցիր, բարօրութիւնը մոռցայ,

18

Եւ ըսի. «Իմ զօրութիւնս կորսուեցաւ. ակնկալութիւն չունիմ Տէրոջմէն»։

19

Յիշէ՛ իմ տառապանքս ու թշուառութիւնս, օշինդրը եւ թոյնը.

20

Իմ անձս միշտ կը յիշէ զանոնք, ու ներսս նկուն կ’ըլլայ։

21

Սա՛ 5կը մտաբերեմ՝՝, հետեւաբար կը յուսադրուիմ.—

22

Տէրոջ կարեկցութեա՛մբ 6անհետացած չենք, որովհետեւ անոր գթութիւնը չի սպառիր.

23

Անոնք ամէն առտու կը վերանորոգուին, մեծ է քու հաւատարմութիւնդ։

24

Իմ անձս ըսաւ. «Տէ՛րն է իմ բաժինս. հետեւաբար անոր պիտի յուսամ»։

25

Տէրը բարի է իրեն յուսացողներուն եւ զինք փնտռող անձին.

26

Լաւ է Տէրոջ փրկութեան սպասել՝ լռութեամբ։

27

Լաւ է որ 7մարդ իր երիտասարդութեան մէջ կրէ լուծը։

28

Առանձին կը նստի ու լուռ կը կենայ, քանի որ լուծը 8անոր վրայ դրուեցաւ՝՝։

29

Իր բերանը հողին մէջ կը դնէ՝ ըսելով. «Թերեւս յոյս կայ».

30

Իր այտը իրեն զարնողին կը դարձնէ, ու նախատինքով կը կշտանայ։

31

Արդարեւ Տէրը յաւիտեան չի մերժեր.

32

Թէեւ կը տրտմեցնէ, կը գթայ ալ՝ իր կարեկցութեան ճոխութեան համեմատ,

33

Քանի որ 9յօժարակամ չի տառապեցներ ու չի տրտմեցներ մարդու որդիները։

34

Երկրի բոլոր բանտարկեալները ոտքի տակ ճզմելը,

35

Ամենաբարձրին 10առջեւ մարդու մը իրաւունքը ծռելը,

36

Մարդու մը անիրաւութիւն գործելը՝ իր դատին մէջ, միթէ Տէրը չի՞ տեսներ։

37

Ո՞վ է ան՝ որ կը խօսի եւ ըսածը 11կ’իրագործուի, եթէ Տէրը չէ հրամայեր.

38

Միթէ բարիքն ու չարիքը Ամենաբարձրին բերանէն չե՞ն ելլեր։

39

Ապրող մարդը ինչո՞ւ կը հառաչէ, զօրաւոր մարդը՝ իր մեղքերուն պատիժին համար։

40

Մեր ճամբաները քննե՛նք եւ հետազօտե՛նք, ու Տէրո՛ջ վերադառնանք։

41

Մեր սիրտերը մեր ձեռքերուն հետ բարձրացնե՛նք Աստուծոյ՝ որ երկինքն է։

42

Մենք յանցանք գործեցինք եւ ընդվզեցանք, ու դուն չներեցիր։

43

Բարկութեամբ ծածկուեցար եւ մեզ հալածեցիր. մեռցուցիր առանց խնայելու։

44

Ամպով ծածկուեցար, որպէսզի մեր աղօթքը քեզի 12չհասնի՝՝։

45

Մեզ ժողովուրդներուն մէջ խոտան եւ անարգ ըրիր.

46

Մեր բոլոր թշնամիները մեզի դէմ իրենց բերանը բացին.

47

Մեր վրայ երկիւղ ու գուբ, աւերում եւ փլուզում 13հասան։

48

Իմ ժողովուրդիս աղջիկին փլուզումին համար՝ աչքէս ջուրի առուներ 14կը հոսին՝՝։

49

Իմ աչքս անդադար արցունք կը թափէ, առանց ընդհատումի,

50

Մինչեւ որ Տէրը երկինքէն նայի ու տեսնէ։

51

Իմ քաղաքիս բոլոր աղջիկներուն համար աչքս անձս կը տրտմեցնէ։

52

Իմ թշնամիներս առանց 15պատճառի անդադար զիս ճնճղուկի պէս կ’որսան.

53

Իմ կեանքս գուբի մէջ փճացուցին, վրաս քար նետեցին։

54

Ջուրերը գլուխէս վեր 16բարձրացան։ Ըսի. «Ես կտրուեցայ»։

55

17Խորունկ գուբէն քու անունդ կանչեցի, ո՛վ Տէր։

56

Իմ ձայնս լսեցիր. քու ականջդ 18մի՛ գոցեր՝՝ իմ շնչիւնիս եւ աղաղակիս։

57

Քեզի գոչած օրս մօտեցար ու ըսիր. «Մի՛ վախնար»։

58

Ո՛վ Տէր, իմ անձիս իրաւունքը պաշտպանեցիր, իմ կեանքս ազատեցիր։

59

Ո՛վ Տէր, ինծի եղած անիրաւութիւնը տեսար. պաշտպանէ՛ իմ դատս։

60

Դուն տեսար անոնց ամբողջ վրէժխնդրութիւնը, ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները։

61

Դուն լսեցիր, ո՛վ Տէր, անոնց նախատինքը, ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները,

62

Ինծի դէմ կանգնողներուն շրթունքները, եւ ամէն օր ինծի դէմ անոնց խորհած 19հնարքները։

63

Նայէ՛ անոնց նստելուն ու ելլելուն. ես անոնց տաղերգութեան նիւթն եմ։

64

Ո՛վ Տէր, 20վարձատրէ՛ զանոնք՝՝ իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ։

65

Սիրտի 21թմրութի՛ւն տուր անոնց. քու անէ՛ծքդ տուր անոնց։

66

Բարկութեամբ հալածէ՛ զանոնք, ու բնաջնջէ՛ Տէրոջ երկինքին տակէն։



1 Եբր.՝ զօրաւոր մարդն
2 Եբր.՝ խցեց
3 Եբր.՝ որդիները
4 Եբր.՝ մտցուց
5 Եբր.՝ սիրտիս մէջ կը դարձնեմ
6 Եբր.՝ հատած
7 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը
8 Կամ՝ իր վրայ վերցուց
9 Եբր.՝ իր սիրտով
10 Եբր.՝ երեսին դիմաց
11 Եբր.՝ կ’ըլլայ
12 Եբր.՝ մէջէն չանցնի
13 Եբր.՝ եղան
14 Եբր.՝ կ’իջնեն
15 Եբր.՝ վճարումի
16 Եբր.՝ յորդեցան
17 Եբր.՝ Ստորին
18 Եբր.՝ թաքուն մի՛ պահեր
19 Եբր.՝ խորհրդածութիւնները
20 Եբր.՝ վարձատրութի՛ւն հատուցանէ անոնց
21 Եբր.՝ ծածկո՛ց