Lamentations 4
Jeremiah « Lamentations 3 ‹ Lamentations 4 › Lamentations 5 » Ezekiel
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ՝ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
1Ոսկին ի՜նչպէս 1իր փայլը կորսնցուց՝՝, ու լաւորակ մաքուր ոսկին այլափոխուեցաւ։ Սրբարանին քարերը բոլոր փողոցներուն 2անկիւնը թափուեցան։
2Սիոնի պատուական որդիները, որոնք զուտ ոսկիի հաւասար էին, Ի՜նչպէս բրուտի ձեռքով շինուած 3խեցիէ կարասներու պէս սեպուեցան։
34Վիշապներն անգամ իրենց ծիծը կը հանեն եւ իրենց 5ձագերը կը դիեցնեն, Սակայն իմ ժողովուրդիս աղջիկը անապատի ջայլամներուն պէս անգութ եղաւ։
4Ծծկերին լեզուն ծարաւէն իր քիմքին փակաւ. Երախաները հաց ուզեցին, բայց զայն ո՛չ մէկը անոնց կը 6կիսէ։
5Համադամ կերակուրներ ուտողները փողոցներուն մէջ 7նուաղեցան. 8Կարմիր հագուստներով մեծցողները աղբիւս գրկեցին։
6Իմ ժողովուրդիս աղջիկին անօրէնութեան պատիժը աւելի մեծ եղաւ Սոդոմի մեղքին պատիժէն, Որ մէկ վայրկեանի մէջ կործանեցաւ՝ առանց ոեւէ մէկուն ձեռքերուն անոր վրայ հասնելուն։
7Անոր 9ուխտաւորները ձիւնէն աւելի մաքուր, կաթէն աւելի սպիտակ էին. Անոնց մարմինը 10յակինթներէն աւելի կարմիր էր. անոնց կերպարանքը շափիւղայի կը նմանէր։
8Անոնց 11երեւոյթը 12մուրէն աւելի սեւ՝՝ եղաւ, ուստի փողոցներուն մէջ չեն ճանչցուիր. Անոնց մորթը իրենց ոսկորներուն կը կպչի, փայտի պէս չորցած է։
9Սուրով մեռածները սովէն մեռածներէն 13գոհ էին, Որովհետեւ ասոնք արտի բերքերուն պակասութենէն 14հիւծեցան ու 15մեռան։
10Գթասիրտ կիներուն ձեռքերը իրենց զաւակները եփեցին, Իմ ժողովուրդիս աղջիկին փլուզումին ատենը իրենց ուտելիք եղան։
11Տէրը իր ցասումը 16իրագործեց, իր բորբոքած բարկութիւնը թափեց. Սիոնի մէջ կրակ մը 17վառեց, որ անոր հիմերը սպառեց։
12Երկրի թագաւորներն ու երկրագունդի բոլոր բնակիչները չհաւատացին Թէ հակառակորդն ու թշնամին Երուսաղէմի դռներէն պիտի մտնեն։
13Անոր մարգարէներուն մեղքերուն եւ քահանաներուն անօրէնութիւններուն պատճառով,— Որոնք անոր մէջտեղը արդարներուն արիւնը թափեցին,—
14Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական շրջեցան, արիւնով պղծուեցան, Այնպէս որ կարելի չէր անոնց հանդերձներուն դպչիլ։
15Անոնց կը գոչէին. «Հեռացէ՛ք, ո՛վ անմաքուրներ. հեռացէ՛ք, հեռացէ՛ք, մի՛ դպչիք»։ Երբ անոնք փախան եւ աստանդական շրջեցան, 18ազգերուն մէջ ըսուեցաւ. «Անոնք ա՛լ 19բնակարան պիտի չունենան՝՝»։
16Տէրոջ բարկութիւնը 20ցրուեց զանոնք. ա՛լ 21ուշադրութիւն չի դարձներ՝՝ անոնց։ 22Քահանաները չպատուեցին՝՝, երէցներուն չողորմեցան։
17Իսկ մենք՝ զուր տեղը մինչեւ հիմա օգնութեան սպասեցինք, ու մեր աչքերը նուաղեցան. Դիտելով 23սպասեցինք այնպիսի ազգի մը, որ չէր կրնար մեզ ազատել։
18Մեր քայլերը կ’որսան, որպէսզի մեր հրապարակները չերթանք. Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լրացան. իրա՛ւ մեր վախճանը հասաւ։
19Մեր հալածիչները երկինքի արծիւներէն արագընթաց եղան. Մեզ լեռներուն վրայ խանդով հալածեցին, անապատին մէջ մեզի դէմ դարան մտան։
20Մեր ռունգերուն շունչը՝ Տէրոջ օծեալը՝ անոնց 24փոսերուն մէջ բռնուեցաւ, Որուն համար կ’ըսէինք. «25Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք»։
21Բերկրէ՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, որ Հուսի երկրին մէջ կը բնակիս. Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու քեզ մերկացնես։
22Քու անօրէնութեանդ պատիժը վերջացաւ, ո՛վ Սիոնի աղջիկ. ա՛լ քեզ պիտի չտարագրէ։ Քու անօրէնութիւնդ պիտի հատուցանէ, ո՛վ Եդովմի աղջիկ. քու մեղքերդ պիտի յայտնէ։