Loading...

Lamentations 5

Jeremiah  «  Lamentations 4  ‹  Lamentations 5  ›  Ezekiel 1  »  Ezekiel


ԳՈՒԹԻ ԽՆԴՐԱՆՔ

1

Յիշէ՛ մեզի եղածը, ո՛վ Տէր. Նկատէ՛ ու տե՛ս մեր նախատինքը։

2

Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն փոխանցուեցաւ, Մեր տուները՝ օտարազգիներուն։

3

Հայր չունեցող որբեր եղանք. Մեր մայրերը այրիներու պէս են։

4

Մեր ջուրը դրամով կը խմենք. Մեր փայտը 1կը գնենք՝՝։

5

Լուծը մեր վիզին վրայ ըլլալով՝ կը հալածուինք. Կ’աշխատինք ու չենք հանգստանար։

6

Հացով կշտանալու համար Դէպի Եգիպտոս եւ Ասորեստան ձեռք 2երկարեցինք։

7

Մեր հայրերը մեղանչեցին, ու չկան. Անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք։

8

Ստրուկներ տիրեցին մեր վրայ. Անոնց ձեռքէն ո՛չ մէկը մեզ կ’ազատէ։

9

Անապատի սուրին 3պատճառով՝ Մեր կեանքը վտանգելով ներս կը բերենք մեր հացը։

10

4Սովին սաստկութեան՝՝ պատճառով Մեր մորթը փուռի պէս կը բռնկի։

11

Կիները Սիոնի մէջ լլկեցին, Ու կոյսերը՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ։

12

Իշխանաւորները 5անոնց ձեռքով՝՝ կախուեցան. Երէցներուն 6անձը չպատուեցին։

13

Երիտասարդները երկանաքարեր կրեցին, Եւ տղաները փայտին տակ 7ինկան։

14

Երէցները դադրեցան դուռը նստելէն, Ու երիտասարդները՝ իրենց տաղերգութենէն։

15

Մեր սիրտին բերկրանքը դադրեցաւ, Մեր պարը սուգի փոխուեցաւ։

16

Մեր գլուխին պսակը ինկաւ. Հիմա վա՜յ մեզի, քանի որ մեղանչեցինք։

17

Ասոր համար մեր սիրտը ուժաթափ է, Ասոնց պատճառով մեր աչքերը խաւարած են։

18

Սիոն լերան պատճառով՝ որ ամայացած է, Աղուէսները կը պտըտին անոր վրայ։

19

Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը մնաս. Քու գահդ 8դարէ դար՝՝ կը տեւէ։

20

Ինչո՞ւ ընդմիշտ մեզ կը մոռնաս, Ու երկար ժամանակ մեզ կը լքես։

21

Մեզ քեզի՛ վերադարձուր, ո՛վ Տէր, ու պիտի վերադառնանք. Վերանորոգէ՛ մեր օրերը՝ վաղեմի օրերուն պէս։

22

Սակայն դուն մեզ բոլորովին մերժեցիր, Մեզի դէմ չափազանց զայրացար։



1 Եբր.՝ գինով կու գայ
2 Եբր.՝ տուինք
3 Եբր.՝ երեսէն
4 Եբր.՝ Կիզիչ սովին
5 Կամ՝ իրենց ձեռքէն
6 Եբր.՝ երեսը
7 Եբր.՝ գայթեցան
8 Եբր.՝ սերունդէ սերունդ