Loading...

Malachi 1

Zechariah  «  Zechariah 14  ‹  Malachi 1  ›  Malachi 2  »  Matthew


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ

1

Մաղաքիայի 1միջոցով Իսրայէլի տրուած 2Տէրոջ պատգամը.—

2

«Ես ձեզ սիրեցի,— կը պատգամէ Տէրը,— Սակայն դուք կ’ըսէք. “Մեզ ի՞նչպէս սիրեցիր”։ Միթէ Եսաւ Յակոբի եղբայրը չէ՞ր,— կը յայտարարէ Տէրը.— Յակո՛բը սիրեցի,

3

Իսկ Եսաւը ատեցի, Անոր լեռները 3ամայութեան վերածեցի՝՝, Եւ անոր ժառանգութիւնը անապատի շնագայլերուն յանձնեցի։

4

Եթէ Եդովմ ըսէ. “4Կործանեցանք, Բայց աւերակները պիտի վերակառուցանենք”, Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Թող անոնք կառուցանեն, բայց ես պիտի փլցնեմ. Անոնք պիտի կոչուին. "Ամբարշտութեան հողամաս", Նաեւ. "Ժողովուրդ՝ որու դէմ Տէրը յաւիտեան սրտմտութեամբ լեցուած է"”։

5

Ձեր աչքերը պիտի տեսնեն, ու պիտի ըսէք. “Տէրը թող մեծնայ Իսրայէլի 5հողամասէն անդին՝՝”»։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

6

«Որդին իր հայրը կը պատուէ, Ծառան՝ իր տէրը։ Ուրեմն եթէ ես հայր եմ, ո՞ւր է իմ պատիւս. Եթէ տէր եմ, ո՞ւր է իմ երկիւղս,— Կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը ձեզի՝ Ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’արհամարհէք, Եւ կ’ըսէք. “Քու անունդ ի՞նչպէս արհամարհեցինք”։—

7

Իմ զոհասեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք, Ու կ’ըսէք. “Քեզ ի՞նչպէս պղծեցինք”։ ” “Տէրոջ սեղանը արհամարհելի է” ըսելով։

8

Երբ կոյր անասունը իբր զոհ կը մատուցանէք, միթէ չարութիւն չէ՞. Երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, միթէ չարութիւն չէ՞։ Եթէ զայն 6ընծայես քու կուսակալիդ, Միթէ քեզի պիտի հաւանի՞, Կամ 7քեզ սիրով պիտի ընդունի՞ ՝՝», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։

9

(Ուրեմն հիմա 8պաղատեցէ՛ք Աստուծոյ, Որպէսզի մեզի ողորմի. Ասիկա ձեր ձեռքով եղաւ։) «Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—

10

Նոյնիսկ ձեր մէջ ո՞վ դռները ձրի կը գոցէ. Իմ զոհասեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։ Ձեզի չեմ հաճիր,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ 9ընդունիր։

11

Արդարեւ արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք՝ 10Ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ. Ամէն տեղ իմ անունիս Խունկ եւ մաքուր ընծայ պիտի մատուցանուի, Որովհետեւ իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—

12

Բայց դուք զայն կը պղծէք՝ Ըսելով. “Տէրոջ սեղանը պիղծ է, Ու անոր 11բերած կերակուրը՝ արհամարհելի”։

13

Նաեւ կ’ըսէք. “Այս ի՜նչ տաժանք է”, Եւ անոր վրայ կը փչէք,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։— Յափշտակուածը, կաղն ու հիւանդը կը բերէք, Ա՛յդպէս ընծայ կը բերէք. Միթէ զանոնք ձեր ձեռքէն պիտի 12ընդունի՞մ,— կը յայտարարէ Տէրը։—

14

Թող անիծեա՛լ ըլլայ այն նենգ մարդը, Որ իր հօտին մէջ անարատ արու մը ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ, Բայց 13արատաւորը Տէրոջ կը մատուցանէ իբր զոհ. Որովհետեւ ես մեծ թագաւոր եմ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— Եւ իմ անունս ահաւոր է ազգերուն մէջ»։



1 Եբր.՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ Եհովայի
3 Եբր.՝ ամայութիւն ըրի
4 Եբր.՝ Թշուառացանք
5 Կամ՝ հողամասին վրայ
6 Եբր.՝ մատուցանես
7 Եբր.՝ քու երեսդ պիտի բարձրացնէ՞
8 Եբր.՝ երեսի՛ն պաղատեցէք
9 Եբր.՝ հաւանիր
10 Կամ՝ Հեթանոսներուն
11 Եբր.՝ պտուղը՝ այսինքն
12 Եբր.՝ հաւանի՞մ
13 Եբր.՝ ապականածը