Malachi 2
Zechariah « Malachi 1 ‹ Malachi 2 › Malachi 3 » Matthew
1
«Հիմա սա՛ պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ.—
2Եթէ մտիկ չընէք, Եթէ 1չմտածէք Իմ անունիս փառք տալ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— Ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, Ու ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։ Այո՛, զանոնք արդէն անիծած եմ, Քանի որ դուք չէք մտածեր։
3Ահա՛ ես ձեր զարմը պիտի սաստեմ. Ձեր երեսին վրայ թրիք պիտի ցանեմ, Ձեր տօներուն զոհերուն թրիքը, Որ ձեզ անոր հետ տանին։
4Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ե՛ս ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը, Որպէսզի իմ ուխտս Ղեւիի հետ գոյատեւէ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—
5Իրեն հետ կնքած ուխտս կեանքի ու խաղաղութեան համար էր. Զանոնք իրեն տուի այն երկիւղին փոխարէն՝ Որով ինձմէ կը վախնար Եւ իմ 2անունէս կը զարհուրէր։
6Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերանին մէջ էր, Ու անոր շրթունքին վրայ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղամտութեամբ կ’ընթանար, Ու շատերը անօրէնութենէ 3հեռացուց։
7Արդարեւ քահանային շրթունքը Աստուծոյ ճանաչումը պահելու է, Մարդիկ անոր բերանէն օրէնքը փնտռելու են, Քանի որ ան զօրքերու Տէրոջ պատգամաւորն է։
8Բայց դուք ճամբայէն շեղեցաք. Շատերը օրէնքին պատճառով գայթակղեցուցիք, Ղեւիի ուխտը ապականեցիք.— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—
9Ուստի ես ալ ձեզ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ արհամարհեցի ու նուաստացուցի, Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Եւ օրէնքին կիրարկումին մէջ աչառութիւն ըրիք»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ
10Միթէ բոլորս մէկ հայր չունի՞նք, Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ. Ինչո՞ւ իրարու հանդէպ անհաւատարիմ ենք՝ Մեր հայրերուն ուխտը դրժելով։
11Յուդա անհաւատարիմ եղաւ, Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ գարշութիւն գործուեցաւ. Որովհետեւ Յուդա պղծեց Տէրոջ սիրած 4սրբարանը՝ Ամուսնանալով օտար աստուծոյ մը աղջիկին հետ։
12Տէրը Յակոբի վրաններէն պիտի բնաջնջէ ասիկա ընող մարդը, 5Արթուն եղողն ու պատասխանողը՝՝, Եւ զօրքերու Տէրոջ ընծայ մատուցանողը։
136Դարձեալ՝ սա՛ կ’ընէք.— Տէրոջ զոհասեղանը արցունքներով, Լացով ու հեծեծանքով կը ծածկէք, 7Որովհետեւ ան ա՛լ 8ուշադրութիւն չի դարձներ ընծային, Որ զայն ձեր ձեռքէն բարեհաճութեամբ ընդունի։
14Ուստի կ՛ըսէք. “Ինչո՞ւ”։ ” Քանի որ Տէրը վկայ է քու եւ երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, Որուն անհաւատարիմ եղար, Թէպէտ ան ընկերակցուհիդ եւ ուխտիդ կինն էր։
15Միթէ Աստուած մէկ մարմին չըրա՞ւ ա՛ն՝ որ Հոգիին մնացորդը ունէր. Եւ ինչո՞ւ մէկ.— որ 9փնտռէ Աստուծոյ զարմը։ Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք ձեր հոգիին. Ո՛չ մէկը թող անհաւատարիմ ըլլայ իր երիտասարդութեան կնոջ։
16Արդարեւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը կը յայտարարէ թէ Ինք կ’ատէ կին արձակելը. «Ատիկա իր հանդերձով բռնութիւնը ծածկել է», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։ Ուստի ուշադի՛ր եղէք ձեր հոգիին, եւ անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք։
ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՕՐԸ ՄՕՏԱԼՈՒՏ Է
17Ձեր խօսքերով Տէրը 10ձանձրացուցիք, Բայց դուք կ’ըսէք. “Ի՞նչպէս ձանձրացուցինք”։ ” Երբ կ՛ըսէք. “Ամէն չարիք ընող՝ Տէրոջ աչքերուն բարի է, Եւ ինք անոնց կը հաճի”. Կամ. “Ո՞ւր է 11արդարութեան Աստուածը”։