Malachi 3
Zechariah « Malachi 2 ‹ Malachi 3 › Malachi 4 » Matthew
1
«Ահա՛ ես իմ պատգամաւորս կը ղրկեմ, Եւ իմ առջեւս ճամբայ պիտի պատրաստէ։ Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն Ուխտին հրեշտակը՝ որուն կը բաղձաք, Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ. Ահա՛ կու գայ», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։
2Ո՞վ պիտի կարենայ 1տոկալ անոր գալուստին օրը, Ո՞վ պիտի գոյատեւէ երբ ան երեւնայ. Որովհետեւ զտողին կրակին պէս պիտի ըլլայ, Ու 2թափիչներուն օճառին պէս։
3Ան պիտի բազմի իբր արծաթ զտող եւ մաքրող, Եւ Ղեւիի որդիները պիտի մաքրէ. Զանոնք ոսկիի ու արծաթի պէս պիտի զտէ, Եւ անոնք արդարութեամբ Տէրոջ ընծայ պիտի մատուցանեն.
4Այն ատեն Յուդայի ու Երուսաղէմի ընծան Տէրոջ հաճելի պիտի ըլլայ՝ 3Հին օրերուն պէս ու վաղեմի տարիներուն պէս։
5«Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, Եւ շտապելով վկայ պիտի ըլլամ կախարդներուն ու շնացողներուն, 4Սուտ երդում ընողներուն, Վարձկանին վարձքը չվճարողներուն, Այրին ու որբը հարստահարողներուն, Գաղթականին իրաւունքը ծռողներուն, Ինձմէ չվախցողներուն դէմ», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։
ՏԱՍԱՆՈՐԴԻՆ ՎՃԱՐՈՒՄԸ
6«Արդարեւ ես 5Եհովան եմ, չեմ փոխուիր, Իսկ դուք չէք 6դադրիր Յակոբի որդիներ ըլլալէ։
7Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր Իմ կանոններէս շեղեցաք ու զանոնք չպահեցիք։ Վերադարձէ՛ք ինծի, ես ալ ձեզի պիտի վերադառնամ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։— Սակայն դուք կ’ըսէք. “Ի՞նչպէս վերադառնանք”։
8” Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞. Սակայն դուք զիս կողոպտեցիք, Ու կ’ըսէք. “Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք”. ” Տասանորդներ եւ բարձրացնելիք ընծաներ։
9Դուք անէծքով 7պատժուած էք, Որովհետեւ կողոպտեցիք զիս՝ ամբողջ ազգով։
10Գանձատո՛ւնը բերէք բոլոր տասանորդները, Որպէսզի իմ տանս մէջ 8կերակուր ըլլայ։ Ուրեմն փորձարկեցէ՛ք զիս ասով,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— Թէ արդեօք ձեզի պիտի չբանա՞մ երկինքի 9սահանադռները Ու ձեր վրայ օրհնութիւն թափեմ, Այնքան շատ՝ որ բաւական տեղ չըլլայ։
11Լափող միջատը պիտի սաստեմ ձեր սիրոյն համար, Որ ձեր գետինին պտուղը չփճացնէ Ու ձեր դաշտին մէջ որթատունկը 10անպտուղ չըլլայ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—
12Բոլոր ազգերը երանելի պիտի կոչեն ձեզ, Քանի որ դուք բաղձալի երկիր պիտի ըլլաք», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐՈՒՄ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
13«Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան,— կը յայտարարէ Տէրը.— Բայց դուք կ’ըսէք. “Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք”։
14Դուք ըսիք. “Ընդունայն է Աստուած պաշտելը. Ի՞նչ շահ կայ անոր հրահանգը պահելէն Ու զօրքերու Տէրոջ առջեւ սուգով ընթանալէն։
15Հիմա մենք հպարտները երանելի կը կոչենք. Ամբարշտութիւն գործողներն անգամ 11բարգաւաճ են, Նոյնիսկ Աստուած կը փորձեն եւ կ’ազատին”»։
16Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները Իրարու հետ խօսեցան, Տէրն ալ ուշադիր եղաւ ու լսեց, Եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ՝ Տէրոջմէ վախցողներուն համար, Անոր անունին մասին մտածողներուն համար։
17«Անոնք իմս պիտի ըլլան,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— Այն օրը երբ սեփական ժողովուրդս հաւաքեմ. Անոնց պիտի խնայեմ, Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին՝ Որ իրեն կը ծառայէ։
18Այն ատեն դարձեալ պիտի 12նկատէք տարբերութիւնը Արդարին եւ ամբարիշտին, 13Աստուծոյ ծառայողին՝՝ Եւ անոր չծառայողին»։