Malachi 4
Zechariah « Malachi 3 ‹ Malachi 4 › Matthew 1 » Matthew
ՏԷՐՈՋ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ՕՐԸ
1«Արդարեւ ահա՛ կու գայ օրը՝ փուռի պէս կիզիչ, Երբ բոլոր հպարտներն ու բոլոր ամբարշտութիւն գործողները Խոզանի պէս պիտի ըլլան. Եկող օրը զանոնք պիտի բոցավառէ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։
2Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեւը պիտի ծագի, Եւ անոր թեւերուն վրայ բուժում պիտի ըլլայ։ Դուք դուրս պիտի ելլէք ու 1ցրուիք՝ 2Գոմէն արձակուած՝՝ հորթերու պէս,
3Եւ ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք, Որովհետեւ անոնք մոխիրի պէս պիտի ըլլան Ձեր ոտքերուն ներբաններուն տակ, Այն օրը՝ որ կը պատրաստեմ», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։
4«Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս՝ Մովսէսի Օրէնքը, Այսինքն այն կանոններն ու դատավճիռները՝ Որ անոր հրամայեցի Քորեբի մէջ, ամբողջ Իսրայէլի համար։
5Ահա՛ ես Եղիա մարգարէն պիտի ղրկեմ ձեզի՝ Տէրոջ մեծ եւ ահաւոր օրը գալէն առաջ։
6Ան հայրերուն սիրտը պիտի վերադարձնէ դէպի որդիները, Եւ որդիներուն սիրտը՝ դէպի հայրերը, Որպէսզի չգամ ու երկիրը նզովքով չզարնեմ»։