Matthew 9
Malachi « Matthew 8 ‹ Matthew 9 › Matthew 10 » Mark
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲՈՒԺԷ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՄԸ (Մարկ. 2. 1-12։ Ղուկ. 5. 17-26)
1Ուստի նաւ մտնելով՝ անցաւ միւս կողմը ու գնաց իր քաղաքը։
2Եւ բերին իրեն անդամալոյծ մը, որ պառկած էր մահիճի մէջ։ Յիսուս՝ տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են քեզի»։
3Դպիրներէն ոմանք ըսին՝ իրենք իրենց մէջ. «Ասիկա կը հայհոյէ»։
4Յիսուս՝ գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ չար բան կը մտածէք ձեր սիրտերուն մէջ։
5Ո՞րը աւելի դիւրին է, “մեղքերդ ներուած են” ըսե՞լը, թէ՝ “ոտքի՛ ելիր ու քալէ՛ ” ըսելը։
6Բայց որպէսզի գիտնաք թէ մարդու Որդին իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու երկրի վրայ, (այն ատեն ըսաւ անդամալոյծին.) “Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մահիճդ ու գնա՛ տունդ”»։
7Ան ալ ոտքի ելաւ եւ գնաց իր տունը։
8Երբ բազմութիւնները տեսան՝ զարմացան, ու փառաբանեցին Աստուած, որ այդպիսի իշխանութիւն տուած էր մարդոց։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄԱՏԹԷՈՍԸ (Մարկ. 2. 13-17։ Ղուկ. 5. 27-32)
9Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ մարդ մը, Մատթէոս կոչուած, որ նստած էր մաքս ընդունելու տեղը, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»։ Ան ալ կանգնեցաւ ու հետեւեցաւ անոր։
10Տունը 1սեղան նստած՝՝ ատենը՝ ահա՛ ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։
11Երբ Փարիսեցիները տեսան՝ ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը կ’ուտէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»։
12Բայց երբ Յիսուս լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ թէ առողջներուն բժիշկ պէտք է, հապա՝ հիւանդներուն։
13Գացէ՛ք, սորվեցէ՛ք թէ ի՛նչ ըսել է. “Կարեկցութի՛ւն կ’ուզեմ, ու ո՛չ թէ զոհ”. որովհետեւ ես եկայ կանչելու ո՛չ թէ արդարները, հապա մեղաւորները՝ 2ապաշխարութեան»։
ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ (Մարկ. 2. 18-22։ Ղուկ. 5. 33-39)
14Այն ատեն Յովհաննէսի աշակերտները եկան անոր եւ ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»։
15Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է՝ որ 3հարսնեւորները սգան, քանի փեսան իրենց հետ է։ Բայց օրերը պիտի գան՝ երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ. ա՛յն ատեն ծոմ պիտի պահեն։
16Ո՛չ մէկը կը ձգէ նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, որովհետեւ անիկա որ անոր լրումին համար դրուած է, կը քաշէ հանդերձը, ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ։
17Ո՛չ ալ նոր գինին կը դնեն հին տիկերու մէջ. այլապէս՝ տիկերը կը պատռին, ե՛ւ գինին կը թափի, ե՛ւ տիկերը կը կորսուին։ Հապա նոր գինին կը դնեն նո՛ր տիկերու մէջ, ու երկուքն ալ կը պահուին»։
ՊԵՏԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ՏԵՌԱՏԵՍ ԿԻՆԸ (Մարկ. 5. 21-43։ Ղուկ. 8. 40-56)
18Երբ ան այս բաները կը խօսէր անոնց հետ, ահա՛ պետ մը եկաւ ու երկրպագեց անոր՝ ըսելով. «Աղջիկս թերեւս վախճանած է մինչեւ հիմա. բայց եկո՛ւր, դի՛ր ձեռքդ անոր վրայ, եւ պիտի ապրի»։
19Յիսուս ալ ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ անոր՝ իր աշակերտներուն հետ։
20Եւ ահա՛ կին մը, որ արիւնահոսութենէ կը տառապէր տասներկու տարիէ ի վեր, մօտեցաւ ետեւէն ու դպաւ անոր հանդերձին քղանցքին.
21քանի որ կ’ըսէր ինքնիրեն. «Եթէ միայն դպչիմ անոր հանդերձին՝ պիտի բժշկուիմ»։
22Յիսուս, երբ ետեւ դարձաւ ու տեսաւ զայն, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, աղջիկ, հաւատքդ բժշկեց քեզ»։ Եւ կինը բժշկուեցաւ նոյն ժամուն։
23Երբ Յիսուս հասաւ պետին տունը, ու տեսաւ սրնգահարները եւ աղմկարար բազմութիւնը,
24ըսաւ անոնց. «Մեկնեցէ՛ք, որովհետեւ աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։
25Անոնք ալ ծաղրեցին զինք։ Բայց երբ բազմութիւնը դուրս հանուեցաւ, ինք ներս մտաւ, բռնեց անոր ձեռքէն, եւ աղջիկը ոտքի ելաւ։
26Այս լուրը տարածուեցաւ ամբողջ երկիրը։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲՈՒԺԷ ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐ
27Երբ Յիսուս յառաջ անցաւ անկէ, երկու կոյրեր հետեւեցան անոր՝ աղաղակելով. «Ողորմէ՜ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի».
28Երբ տուն հասաւ, կոյրերը եկան իրեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ ընել այս բանը»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։
29Այն ատեն դպաւ անոնց աչքերուն եւ ըսաւ. «Թող ըլլայ ձեզի՝ ձեր հաւատքին համեմատ»։
30Անոնց աչքերը բացուեցան, ու Յիսուս ազդարարեց անոնց՝ ըսելով. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը գիտնայ»։
31Բայց անոնք մեկնելով տարածեցին անոր համբաւը այդ ամբողջ երկրին մէջ։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲՈՒԺԷ ՀԱՄՐ ՄԸ
32Երբ անոնք դուրս ելան, ահա՛ համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն։
33Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ։ Ուստի բազմութիւնները զարմացան, ու կ’ըսէին թէ բնա՛ւ այսպիսի բան երեւցած չէր Իսրայէլի մէջ։
34Բայց Փարիսեցիները կ’ըսէին. «Ան դեւերուն իշխանո՛վ դուրս կը հանէ դեւերը»։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՂՃԱՅ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
35Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ կը բուժէր բոլոր ախտերն ու բոլոր վատառողջութիւնները ժողովուրդին մէջ։
36Եւ տեսնելով բազմութիւնները՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ պարտասած ու ցրուած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։
37Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց գործաւորները՝ քիչ.
38ուրեմն աղերսեցէ՛ք հունձքին Տէրոջ, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին»։