Matthew 13
Malachi « Matthew 12 ‹ Matthew 13 › Matthew 14 » Mark
ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ (Մարկ. 4. 1-9։ Ղուկ. 8. 4-8)
1Նոյն օրը Յիսուս՝ տունէն ելլելով՝ նստաւ ծովուն եզերքը։
2Մեծ բազմութիւններ քովը հաւաքուեցան. ուստի ինք նաւ մտաւ ու նստաւ, իսկ ամբողջ բազմութիւնը կայնած էր ծովեզերքը։
3Շատ բաներ խօսեցաւ անոնց՝ առակներով, եւ ըսաւ.
4«Ահա՛ սերմնացան մը գնաց՝ որ սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, քանի մը սերմեր ինկան ճամբային եզերքը, եւ թռչունները եկան ու լափեցին զանոնք։
5Ուրիշներ ինկան ժայռոտ տեղերու վրայ, ուր շատ հող չկար, եւ իսկոյն բուսան՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար.
6սակայն տօթակէզ եղան երբ արեւը ելաւ, ու չորցան՝ քանի որ արմատ չունէին։
7Ուրիշներ ալ ինկան փուշերու մէջ. եւ փուշերը բարձրացան ու խեղդեցին զանոնք։
8Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, եւ պտուղ տուին՝ մէկը հարիւր, միւսը՝ վաթսուն, միւսը՝ երեսուն։
9Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»։
ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ (Մարկ. 4. 10-12։ Ղուկ. 8. 9-10)
10Աշակերտները մօտենալով՝ ըսին իրեն. «Ինչո՞ւ առակներով կը խօսիս անոնց»։
11Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։
12Որովհետեւ ո՛վ որ ունի, անոր պիտի տրուի ու առատութեան մէջ պիտի ըլլայ. իսկ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։
13Ուստի առակներով կը խօսիմ անոնց, քանի որ տեսնելով՝ չեն տեսներ, ու լսելով՝ չեն լսեր, ո՛չ ալ կը հասկնան։
14Անոնց վրայ պիտի իրագործուի Եսայիի մարգարէութիւնը՝ որ կ’ըսէ. “1Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք. 2շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք։
15Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ, եւ իրենց ականջներով ծանր լսեցին ու գոցեցին իրենց աչքերը, որպէսզի աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան, եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք”։
16Բայց երանի՜ ձեր աչքերուն՝ որ կը տեսնեն, եւ ձեր ականջներուն՝ որ կը լսեն։
17Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ ցանկացին տեսնել ձեր տեսածները՝ ու չտեսան, եւ լսել ձեր լսածները՝ ու չլսեցին»։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՄԵԿՆԷ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ (Մարկ. 4. 13-20։ Ղուկ. 8. 11-15)
18«Լսեցէ՛ք ուրեմն սերմնացանին առակը։
19Ո՛վ որ կը լսէ թագաւորութեան խօսքը եւ չի հասկնար, չարը կու գայ ու կը յափշտակէ անոր սիրտին մէջ ցանուածը։ Ասիկա ա՛ն է՝ որ սերմ ստացաւ ճամբային եզերքը։
20Ժայռոտ տեղերու վրայ սերմ ստացողը ա՛ն է, որ կը լսէ խօսքը եւ իսկոյն կ’ընդունի զայն ուրախութեամբ։
21Բայց իր մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւէ, ու երբ տառապանք կամ հալածանք ըլլայ խօսքին պատճառով՝ իսկոյն կը գայթակղի։
22Փուշերու մէջ սերմ ստացողը ա՛ն է, որ կը լսէ խօսքը, սակայն այս աշխարհի հոգերն ու հարստութեան խաբէութիւնը կը խեղդեն խօսքը, եւ անպտուղ կ’ըլլայ։
23Իսկ լաւ հողի մէջ սերմ ստացողը ա՛ն է, որ խօսքը կը լսէ ու կը հասկնայ. նաեւ պտուղ կու տայ, եւ կը բերէ՝ մէկը հարիւր, միւսը՝ վաթսուն, միւսը՝ երեսուն»։
ՈՐՈՄԻՆ ԱՌԱԿԸ
24Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց ու ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ լաւ սերմ ցանեց։
25Մինչ մարդիկ կը քնանային՝ իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց։
26Երբ խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ։
27Ուստի հողատիրոջ ծառաները մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է”։
28Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”։ Ծառաները ըսին իրեն. “Ուստի կ’ուզե՞ս որ երթանք ու քաղենք զանոնք”։
29Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի երբ որոմը քաղէք՝ ցորենն ալ չփրցնէք անոր հետ։
30Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին աճին՝ մինչեւ հունձքի ատենը”։ Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք ու խուրձ- խուրձ կապեցէ՛ք՝ այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”»։
ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ (Մարկ. 4. 30-32։ Ղուկ. 13. 18-19)
31Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց եւ ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է մանանեխի հատիկի մը, որ մարդ մը առաւ ու ցանեց իր արտին մէջ։
32Արդարեւ ան բոլոր սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց երբ աճի՝ տունկերուն մեծագոյնը կ’ըլլայ ու ծառ կը դառնայ, այնպէս որ երկինքի թռչունները կու գան եւ կը բնակին անոր ճիւղերուն վրայ»։
ԽՄՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ (Ղուկ. 13. 20-21)
33Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է խմորին, որ կին մը առաւ ու պահեց երեք գրիւ ալիւրի մէջ՝ մինչեւ որ ամբողջը խմորուեցաւ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՌԱԿՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ (Մարկ. 4. 33-34)
34Յիսուս առակներո՛վ խօսեցաւ բազմութեան այս բոլոր բաները։ Առանց առակի չէր խօսեր անոնց,
35որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Առակներով պիտի բանամ բերանս, եւ պիտի արտայայտեմ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր ծածկուած բաները»։
ՈՐՈՄԻ ԱՌԱԿԻՆ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆԸ
36Այն ատեն Յիսուս արձակեց բազմութիւնը, ու տուն գնաց։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին. «Բացատրէ՛ մեզի արտին որոմներուն առակը»։
37Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Լաւ սերմը ցանողը՝ մարդու Որդին է,
38արտը՝ աշխարհն է։ Լաւ սերմը թագաւորութեան որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։
39Թշնամին որ ցանեց զայն՝ Չարախօսն է, հունձքը՝ աշխարհի վախճանն է, եւ հնձողները՝ հրեշտակներն են։
40Ուրեմն ի՛նչպէս որ որոմը կը քաղուի ու կ’այրուի կրակի մէջ, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ այս աշխարհի վախճանին։
41Մարդու Որդին պիտի ղրկէ իր հրեշտակները, եւ պիտի հաւաքեն իր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւններն ու անօրէնութիւն գործողները,
42եւ պիտի նետեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում։
43Այն ատեն արդարները պիտի փայլին արեւի պէս՝ իրենց Հօր թագաւորութեան մէջ։ Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»։
ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՆՁԻՆ ԱՌԱԿԸ
44«Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է արտի մէջ պահուած գանձին, որ մարդ մը՝ գտնելէ ետք՝ կը ծածկէ, եւ ուրախութենէն կ’երթայ, կը ծախէ իր ամբողջ ունեցածը, ու կը գնէ այդ արտը»։
ՄԱՐԳԱՐԻՏԻՆ ԱՌԱԿԸ
45«Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է առեւտրականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ,
46եւ շատ պատուական մարգարիտ մը գտնելէ ետք՝ գնաց, ծախեց իր ամբողջ ունեցածը, ու գնեց զայն»։
ՈՒՌԿԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ
47«Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է ծովը նետուած ուռկանի մը, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։
48Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, հանեցին ծովեզերքը եւ նստան, հաւաքեցին լաւերը ամաններու մէջ, իսկ դուրս նետեցին վատերը։
49Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ աշխարհի վախճանին։ Հրեշտակները պիտի ելլեն, արդարներուն մէջէն պիտի զատեն չարերը,
50ու պիտի նետեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ. հոն պիտի ըլլայ լաց եւ ակռաներու կրճտում»։
ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
51Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հասկցա՞ք այս ամէնը»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։
52Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ասոր համար ամէն դպիր՝ որ աշակերտ եղած է երկինքի թագաւորութեան, նման է տանտիրոջ մը՝ որ իր գանձէն կը հանէ նորն ու հինը»։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ ՆԱԶԱՐԷԹԻ ՄԷՋ (Մարկ. 6. 1-6։ Ղուկ. 4. 16-30)
53Երբ Յիսուս աւարտեց այս առակները՝ մեկնեցաւ անկէ։
54Գնաց իր բնագաւառը եւ կը սորվեցնէր անոնց՝ իրենց ժողովարանին մէջ, այնպէս որ անոնք կ’ապշէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները։
55Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս, Յովսէս, Սիմոն ու Յուդա,
56եւ ասոր քոյրերը՝ բոլորն ալ մեր քով չե՞ն։ Ուրեմն ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բոլոր բաները».
57ու կը գայթակղէին անոր պատճառով։ Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը առանց պատիւի չէ, բացի իր բնագաւառին եւ իր տան մէջ»։
58Ու շատ հրաշքներ չգործեց հոն՝ անոնց անհաւատութեան պատճառով։