Matthew 14
Malachi « Matthew 13 ‹ Matthew 14 › Matthew 15 » Mark
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏԻՉԻՆ ՄԱՀԸ (Մարկ. 6. 14-29։ Ղուկ. 9. 7-9)
1Այդ ատեն Հերովդէս չորրորդապետը լսեց Յիսուսի համբաւը, եւ ըսաւ իր ծառաներուն.
2«Ան Յովհաննէս Մկրտի՛չն է՝ մեռելներէն յարութիւն առած. ուստի հրաշքներ կը գործուին անով»։
3Արդարեւ Հերովդէս բռներ էր Յովհաննէսը, ու զայն կապելով բանտը դրեր էր, իր եղբօր՝ Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով.
4որովհետեւ Յովհաննէս կ’ըսէր անոր. «Քեզի արտօնուած չէ կին առնել զինք»։
5Ուստի կ’ուզէր սպաննել զայն, բայց կը վախնար բազմութենէն, որովհետեւ մարգարէ 1կը նկատէին՝՝ զայն։
6Երբ Հերովդէսի ծնունդին տարեդարձը կը տօնուէր, Հերովդիայի աղջիկը պարեց հանդիսականներուն առջեւ, ու հաճեցուց Հերովդէսը։
7Ուստի երդումով խոստացաւ որ տար անոր ի՛նչ որ ուզէր։
8Ան ալ՝ նախապէս խրատուած ըլլալով իր մօրմէն՝ ըսաւ. «Տո՛ւր ինծի Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը՝ ափսէի մը վրայ»։
9Թագաւորը տրտմեցաւ. բայց երդումներուն եւ իրեն հետ նստողներուն պատճառով՝ հրամայեց որ տրուի։
10Ու մարդ ղրկելով՝ գլխատեց Յովհաննէսը բանտին մէջ։
11Եւ անոր գլուխը բերուեցաւ ափսէի մը վրայ ու տրուեցաւ աղջիկին. ան ալ տուաւ իր մօր։
12Եւ անոր աշակերտները եկան, վերցուցին մարմինը, թաղեցին զայն, ու գացին պատմեցին Յիսուսի։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ (Մարկ. 6. 30-44։ Ղուկ. 9. 10-17։ Յովհ. 6. 1-14)
13Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով մեկնեցաւ ամայի տեղ մը՝ առանձին։ Երբ բազմութիւնները լսեցին, ոտքով հետեւեցան անոր՝ իրենց քաղաքներէն։
142Երբ դուրս ելաւ, տեսնելով մեծ բազմութիւն մը՝ գթաց անոնց վրայ ու բուժեց անոնց հիւանդները։
15Իրիկունը՝ իր աշակերտները եկան եւ ըսին. «Հոս ամայի տեղ մըն է, ու ժամանակը արդէն անցած է. արձակէ՛ բազմութիւնը, որպէսզի երթան գիւղերը եւ կերակուր գնեն իրենց»։
16Յիսուս ըսաւ անոնց. «Պէտք չկայ որ անոնք երթան, դո՛ւք տուէք անոնց՝ որ ուտեն»։
17Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։
18Ըսաւ անոնց. «Հո՛ս՝ ինծի՛ բերէք զանոնք»։
19Եւ հրամայեց որ բազմութիւնը նստեցնեն խոտին վրայ։ Հինգ նկանակներն ու երկու ձուկերը առաւ, դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց, եւ կտրելով նկանակները՝ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան։
20Բոլորը կերան ու կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները՝ տասներկու կողով լեցուցին։
21Անոնք որ կերան՝ հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն ու մանուկներէն զատ։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՔԱԼԷ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅ (Մարկ. 6. 45-52։ Յովհ. 6. 15-21)
223Իսկոյն հարկադրեց աշակերտները՝ որ նաւ մտնեն եւ իրմէ առաջ անցնին միւս եզերքը, մինչ ինք բազմութիւնները կ’արձակէր։
23Բազմութիւնները արձակելէ ետք, լեռը ելաւ առանձին՝ աղօթելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, հոն էր՝ մինակը.
24իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղն էր՝ ալեկոծութեան մէջ, որովհետեւ հովը հակառակ ուղղութեամբ էր։
25Գիշերուան չորրորդ պահուն՝ Յիսուս գնաց դէպի նաւը, քալելով ծովուն վրայ։
26Երբ աշակերտները տեսան զայն՝ որ կը քալէր ծովուն վրայ, վրդովեցան եւ ըսին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ու վախնալով աղաղակեցին։
27Իսկոյն Յիսուս խօսեցաւ անոնց եւ ըսաւ. «Քաջալերուեց՛էք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։
28Պետրոս պատասխանեց անոր. «Տէ՛ր, եթէ դո՛ւն ես, հրամայէ՛ ինծի՝ որ գամ քեզի ջուրերուն վրայէն»։
29Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Երբ Պետրոս նաւէն իջաւ, քալեց ջուրերուն վրայէն՝ Յիսուսի քով երթալու համար։
30Բայց տեսնելով հովին սաստիկ ըլլալը՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց. «Տէ՛ր, փրկէ՛ զիս»։
31Յիսուս իսկոյն երկարեց իր ձեռքը, բռնեց զինք ու ըսաւ. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար»։
32Երբ նաւ ելան՝ հովը դադրեցաւ։
33Անոնք որ նաւուն մէջ էին՝ եկան, երկրպագեցին անոր եւ ըսին. «Ճշմա՛րտապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես»։
34Անցնելով միւս կողմը՝ հասան Գեննեսարէթ։
35Երբ այդ տեղի մարդիկը ճանչցան զինք, մարդ ղրկեցին ամբողջ շրջակայքը, բերին անոր բոլոր ախտաւորները,
36ու կ’աղաչէին անոր որ միա՛յն դպչէին իր հանդերձին քղանցքին. եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։