Matthew 15
Malachi « Matthew 14 ‹ Matthew 15 › Matthew 16 » Mark
ՆԱԽՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ (Մարկ. 7. 1-13)
1Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որոնք Երուսաղէմէն էին, եւ ըսին.
2«Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ զանց կ’ընեն նախնիքներուն աւանդութիւնը, քանի որ չեն լուար իրենց ձեռքերը՝ երբ հաց կ’ուտեն»։
3Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Հապա դո՛ւք ինչո՞ւ զանց կ’ընէք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութեան պատճառով։
4Արդարեւ Աստուած պատուիրեց. “Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ.
5եւ ո՛վ որ անիծէ իր հայրը կամ մայրը, մահո՛վ թող վախճանի”։
6Բայց դուք կ’ըսէք. “Ո՛վ որ իր հօր կամ մօր ըսէ թէ "ի՛նչ օգուտ որ պիտի ստանաս ինձմէ՝ Աստուծոյ տալիք ընծայ է", եւ իր հայրը կամ մայրը չպատուէ՝ ազատ է”։ Ա՛յսպէս՝ անվաւեր դարձուցած էք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութեան պատճառով։
7Կեղծաւորնե՛ր, Եսայի ճի՛շդ մարգարէացաւ ձեր մասին՝ ըսելով.
8“Այս ժողովուրդը միայն 1շրթունքո՛վ կը պատուէ զիս, բայց իրենց սիրտը հեռու է ինձմէ.
9եւ պարապ տեղը կը պաշտեն զիս՝ մարդոց պատուէրները սորվեցնելով իբր վարդապետութիւն”»։
ՄԱՐԴԸ ԱՆՄԱՔՈՒՐ ԸՆՈՂ ԲԱՆԵՐ (Մարկ. 7. 14-23)
10Եւ բազմութիւնը կանչելով իրեն՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք ու հասկցէ՛ք.
11ո՛չ թէ ինչ որ կը մտնէ բերանը՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ կ’ելլէ բերանէն՝ անիկա՛ կը պղծէ մարդը»։
12Այն ատեն իր աշակերտները մօտեցան եւ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ Փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այդ խօսքը»։
13Ան ալ պատասխանեց. «Ամէն տունկ՝ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած, պիտի խլուի։
14Թողուցէ՛ք զանոնք. իրենք կոյր են, ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը առաջնորդէ կոյրը, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։
15Պետրոս ըսաւ անոր. «Բացատրէ՛ մեզի այս առակը»։
16Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անխելք էք.
17չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ կը մտնէ բերանը, կը պարունակուի փորին մէջ, ու կը ձգուի արտաքնոցը։
18Իսկ ինչ որ բերանէն դուրս կ’ելլէ՝ սիրտէ՛ն յառաջ կու գայ, եւ անիկա՛ կը պղծէ մարդը։
19Որովհետեւ սիրտէ՛ն կ’ելլեն չար մտածումներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։
20Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը՝ չի պղծեր մարդը»։
ԿՆՈՋ ՄԸ ՀԱՒԱՏՔԸ (Մարկ. 7. 24-30)
21Յիսուս անկէ մեկնելով՝ գնաց Տիւրոսի ու Սիդոնի երկրամասերը։
22Եւ ահա՛ քանանացի կին մը, այդ հողամասերէն ելած, կը պոռար անոր. «Ողորմէ՜ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ որդի, աղջիկս սաստիկ կը չարչարուի դեւէն»։
23Ինք ո՛չ մէկ խօսքով պատասխանեց անոր. իսկ իր աշակերտները մօտենալով՝ կը թախանձէին իրեն ու կ’ըսէին. «Արձակէ՛ զայն, որովհետեւ կ’աղաղակէ մեր ետեւէն»։
24Ինք ալ պատասխանեց. «Ես ղրկուեցայ միայն Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն»։
25Բայց անիկա եկաւ, երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի»։
26Ան ալ պատասխանեց. «Լաւ չէ առնել զաւակներուն հացը ու նետել շուներուն»։
27Անիկա ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր. սակայն շուները կը կերակրուին իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով»։
28Այն ատեն Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ո՛վ կին, մեծ է հաւատքդ. թող ըլլայ քեզի՝ ի՛նչ որ կ’ուզես»։ Եւ նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲՈՒԺԷ ՇԱՏԵՐ
29Յիսուս անկէ մեկնեցաւ. երբ Գալիլեայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ։
30Ու մեծ բազմութիւններ եկան իրեն, որոնք ունէին իրենց հետ կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ շատ ուրիշներ, ու ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բուժեց զանոնք.
31այնպէս որ բազմութիւնը զմայլեցաւ՝ տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին. ու կը փառաբանէին Իսրայէլի Աստուածը։
ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒԻԼԸ (Մարկ. 8. 1-10)
32Յիսուս՝ քովը կանչելով իր աշակերտները՝ ըսաւ. «Կը գթամ այդ բազմութեան վրայ, որովհետեւ արդէն երեք օրէ ի վեր քովս են, եւ ուտելիք ոչի՛նչ ունին։ Չեմ ուզեր անօթի արձակել զանոնք, որպէսզի ճամբան չպարտասին»։
33Աշակերտները ըսին անոր. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ կշտացնենք ա՛յսչափ մեծ բազմութիւն մը»։
34Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը, ու քանի մը մանր ձուկ»։
35Հրամայեց բազմութեան՝ որ նստին գետինին վրայ։
36Առաւ եօթը նկանակներն ու ձուկերը, շնորհակալ եղաւ, կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան։
37Բոլորը կերան ու կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները՝ եօթը զամբիւղ լեցուցին։
38Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն ու մանուկներէն զատ։
39Երբ արձակեց բազմութիւնը, նաւ մտաւ եւ գնաց Մագդաղայի հողամասը։