Matthew 28
Malachi « Matthew 27 ‹ Matthew 28 › Mark 1 » Mark
ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ (Մարկ. 16. 1-10։ Ղուկ. 24. 1-12։ Յովհ. 20. 1-10)
1Շաբաթ գիշերը, երբ Մէկշաբթին կը լուսնար, Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը եկան՝ տեսնելու գերեզմանը։
2Եւ ահա՛ հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, որովհետեւ Տէրոջ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ եկաւ, դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու նստաւ անոր վրայ։
3Անոր տեսքը փայլակի պէս էր, եւ անոր հագուստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ։
4Անոր վախէն՝ պահակները ցնցուեցան ու մեռելի պէս եղան։
5Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Դուք մի՛ վախնաք, քանի որ գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը՝ որ խաչուեցաւ։
6Ան հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ (ինչպէս ըսած էր)։ Եկէ՛ք, տեսէ՛ք այն տեղը՝ ուր Տէրը դրուած էր։
7Յետոյ շուտո՛վ գացէք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն. “Ան մեռելներէն յարութիւն առաւ, ու ձեր առջեւէն կ’երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զայն”։ Ահա՛ ըսի ձեզի»։
8Անոնք ալ շուտով դուրս ելան գերեզմանէն, վախով եւ մեծ ուրախութեամբ, ու վազեցին պատմելու աշակերտներուն։
9Երբ կ’երթային՝ պատմելու անոր աշակերտներուն, Յիսուս դիմաւորեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ողջո՜յն»։ Անոնք ալ մօտենալով՝ բռնեցին անոր ոտքերը ու երկրպագեցին անոր։
10Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէ՛ք՝ լո՛ւր տուէք իմ եղբայրներուս որ երթան Գալիլեա։ Հո՛ն պիտի տեսնեն զիս»։
ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
11Երբ անոնք կ’երթային, պահակազօրքէն ոմանք գացին քաղաքը եւ պատմեցին քահանայապետներուն բոլոր պատահածները։
12Անոնք ալ՝ երէցներուն հետ հաւաքուելով ու խորհրդակցելով՝ շատ դրամ տուին զինուորներուն,
13եւ ըսին. «Սա՛ ըսէ՛ք. “Անոր աշակերտները եկան գիշերուան մէջ ու գողցան զայն, երբ մենք կը քնանայինք”։
14Եթէ այդ բանը հասնի կառավարիչին ականջը, մենք կը համոզենք զինք եւ 1ապահով կ’ընենք ձեզ»։
15Անոնք ալ առին դրամը, ըրին ի՛նչպէս որ սորվեցուցած էին իրենց, եւ այս զրոյցը մինչեւ այսօր տարածուեցաւ Հրեաներուն մէջ։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՈՒԷՐԸ (Մարկ. 16. 14-18։ Ղուկ. 24. 36-49։ Յովհ. 20. 19-23։ Գործ. 1. 6-8)
16Իսկ տասնմէկ աշակերտները գացին Գալիլեա, այն լեռը՝ որ Յիսուս որոշած էր։
17Երբ տեսան զայն՝ երկրպագեցին անոր. բայց ոմանք կասկածեցան։
18Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ։
19Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։
20Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի։ Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ Ամէն։