Loading...

Micah 1

Jonah  «  Jonah 4  ‹  Micah 1  ›  Micah 2  »  Nahum


1

Տէրոջ խօսքը, որ Յուդայի թագաւորներուն՝ Յովաթամի, Աքազի ու Եզեկիայի օրերը՝ Մորստացի Միքիայի 1ուղղուեցաւ, եւ 2իրեն տեսիլքով հաղորդուեցաւ՝՝ Սամարիայի ու Երուսաղէմի մասին.


ՈՂԲ ՄԸ ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ

2

«Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, Ուշադի՛ր եղէք, ո՛վ երկիր եւ անոր 3բոլոր բնակիչները՝՝. Տէրը՝ Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ, Տէրը՝ իր սուրբ տաճարէն։

3

Արդարեւ ահա՛ Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, Եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձունքներուն վրայ քալէ.

4

Լեռները անոր տակ պիտի հալին Եւ հովիտները ճեղքուին՝ Կրակին առջեւ հալած մեղրամոմի պէս, Զառիվայրին վրայ թափուած ջուրի պէս։

5

Այս բոլորը պիտի ըլլան Յակոբի յանցանքին համար, Եւ Իսրայէլի տան մեղքերուն համար։ Յակոբի յանցանքին պատճառը ո՞վ է, Սամարիա չէ՞. Ու Յուդայի բարձր տեղերուն պատճառը ո՞վ է, Երուսաղէմ չէ՞։

6

Ուստի Սամարիան դաշտի մէջ աւերակի շեղջի 4պիտի վերածեմ՝՝, Այգի տնկելու տեղի. Անոր քարերը ձորին մէջ պիտի գլորեմ, Եւ անոր հիմերը պիտի յայտնեմ։

7

Անոր բոլոր 5արձանները պիտի փշրուին, Անոր տրուած բոլոր վարձատրութիւնները կրակով պիտի այրուին, Անոր բոլոր կուռքերը աւերակի պիտի 6վերածեմ. Քանի զանոնք պոռնիկի վարձատրութեամբ հաւաքեց, Անոնք պոռնիկի 7վարձատրութեան պիտի վերածուին՝՝։

8

Հետեւաբար պիտի հեծեծեմ ու գոռամ, 8Բոպիկ եւ մերկ պիտի շրջիմ. Շնագայլերու պէս կոծ պիտի ընեմ, ու ջայլամներու պէս՝ սուգ.

9

Որովհետեւ անոր վէրքը մահաբեր է, Ան մինչեւ Յուդա եկաւ, Մինչեւ իմ ժողովուրդիս դուռը հասաւ, մինչեւ Երուսաղէմ»։


ԹՇՆԱՄԻՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

10

«Գէթի մէջ մի՛ պատմէք ու բնա՛ւ մի՛ լաք. 9Բեթափրայի մէջ՝ թաւալէ՛ փոշիի մէջ.

11

Ո՛վ 10Սափիրի բնակչուհի, անցի՛ր՝ քու ամօթոյքդ բացուած։ 11Սաանանի բնակչուհին դուրս չ’ելլեր. 12Բեթեսէլի կոծին համար իր 13նեցուկը ձեզմէ ետ պիտի առնէ։

12

Արդարեւ 14Մարոթի բնակչուհին բարիքի կը սպասէ, Բայց չարիք իջաւ Տէրոջմէն՝ մինչեւ Երուսաղէմի դուռը։

13

Նժոյգը կառքի՛ն լծէ, ո՛վ Լաքիսի բնակչուհի. 15Դո՛ւն ես՝՝ Սիոնի աղջիկին մեղքին սկզբնապատճառը, Քանի որ քու մէջդ գտնուեցան Իսրայէլի յանցանքները։

14

Հետեւաբար Մորեսէթ-Գէթի հրաժարումի ընծաներ պիտի տաս. 16Աքեզիբի տուները Իսրայէլի թագաւորներուն 17խաբկանք պիտի ըլլան։

15

Տակաւին 18քու վրադ տիրապետող՝՝ մը պիտի բերեմ, ո՛վ 19Մարեսայի բնակչուհի. Իսրայէլի փառքը մինչեւ Ոդողոմ պիտի հասնի։

16

Կնտա՛կ եղիր ու 20մազե՛րդ կտրէ՝՝ քնքուշ որդիներուդ համար. 21Շատցո՛ւր կնտութիւնդ՝ արծիւի պէս, Քանի որ անոնք քեզմէ հեռու տարագրուեցան»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ ինք տեսաւ
3 Եբր.՝ լիութիւնը
4 Եբր.՝ վրայ պիտի դնեմ
5 Եբր.՝ քանդակուած պատկերները
6 Եբր.՝ ընեմ
7 Կամ՝ վարձատրութիւն պիտի դառնան
8 Կամ՝ թալլուած
9 Այսինքն՝ Փոշիի տան
10 Այսինքն՝ Գեղեցկութեան
11 Այսինքն՝ Հօտեր ունեցողի
12 Այսինքն՝ Մերձակայ տան, կամ Իջեւանի տան
13 Եբր.՝ կայանը
14 Այսինքն՝ Դառնութեան
15 Եբր.՝ Ա՛ն է
16 Այսինքն՝ Ստութեան
17 Եբր.՝ ստութիւն
18 Եբր.՝ քեզի տիրացող
19 Այսինքն՝ Ստացուածքի
20 Եբր.՝ քե՛զ խուզէ
21 Եբր.՝ Ընդարձակէ՛