Loading...

Micah 2

Jonah  «  Micah 1  ‹  Micah 2  ›  Micah 3  »  Nahum


ԱՂՔԱՏԸ ՏԱՌԱՊԵՑՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

1

Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը մտածեն, Իրենց անկողինին վրայ չարիք կը պատրաստեն, Եւ առտուան լոյսին ատենը զայն կը գործադրեն, Քանի որ իրենց ձեռքերուն մէջ զօրութիւն կայ։

2

Անոնք արտերու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն, Նաեւ տուներու, եւ զանոնք կը բռնագրաւեն. 1Մարդն ու իր տունը, Մարդը եւ իր ժառանգութիւնը կը հարստահարեն։

3

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես այս գերդաստանին դէմ չարիք մը կը մտածեմ, Որմէ պիտի չկարենաք ձեր վիզը հեռացնել, Ո՛չ ալ գոռոզութեամբ պիտի քալէք, Որովհետեւ ժամանակը չար է։

4

Այդ օրը 2ձեզ նշաւակ պիտի ընեն՝՝, Ողբալից եղերերգութեամբ պիտի սգան եւ ըսեն. “Բոլորովին բնաջնջուեցանք. Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց, Զայն ի՜նչպէս ինձմէ հեռացուց. Մեր արտերը վերադարձնելու փոխարէն՝ բաժնեց”։

5

Հետեւաբար Տէրոջ համախմբումին մէջ Ո՛չ մէկը պիտի ունենաս՝ որ վիճակի մը վրայ լար քաշէ։

6

Մարգարէացողներուն կ’ըսեն. “Մի՛ մարգարէանաք”. Եթէ անոնց չմարգարէանան, նախատինքը 3պիտի չհեռանայ՝՝։

7

Ո՛վ Յակոբի տուն 4կոչուող, միթէ Տէրոջ Հոգին 5տկարացա՞ւ. Ասո՞նք են անոր արարքները. Միթէ իմ խօսքերս բարիք չե՞ն ըներ ուղղամտութեամբ ընթացողին։

8

Իմ ժողովուրդս 6առաջուընէ ոտքի ելաւ իբր թշնամի. Երբ պատերազմէն վերադարձողները ապահովութեամբ անցնին, Հանդերձներուն 7վրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք։

9

Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց վայելած տուներէն կը վռնտէք. Անոնց երախաներէն իմ փառաւորութիւնս կ’առնէք յաւիտենապէս։

10

Կանգնեցէ՛ք ու գացէ՛ք, Քանի որ ասիկա հանգստավայր չէ. Պիղծ ըլլալուն պատճառով՝ Մեծ 8կործանումով պիտի բնաջնջուի։

11

Եթէ հովի ու կեղծիքի մէջէն ընթացող մարդ մը Ստէ՝ ըսելով. “Գինիի եւ օղիի համար քեզի պիտի մարգարէանամ”, Անիկա՛ պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն։

12

Ո՜վ Յակոբ, ձեզ բոլորդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ. Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Բոսրայի ոչխարներուն պէս 9պիտի մէկտեղեմ՝՝, Իրենց արօտավայրին մէջ եղող հօտերուն պէս. Մարդոց բազմութեան համար դղրդիւն պիտի ըլլայ։

13

Խրամատ բացողը անոնց առջեւէն բարձրացաւ. Անոնք խրամատ բացին, դռնէն անցան եւ անկէ դուրս ելան։ Անոնց թագաւորը անոնց առջեւ անցած է, Ու Տէրը անոնց գլուխն է»։



1 Եբր.՝ Զօրաւոր մարդը
2 Եբր.՝ ձեր վրայ առակ պիտի հանեն
3 Եբր.՝ ետ պիտի չքաշուի
4 Եբր.՝ ըսուող
5 Եբր.՝ կարճցա՞ւ
6 Եբր.՝ երէկուընէ
7 Կամ՝ հետ
8 Եբր.՝ երկունքով
9 Եբր.՝ միասին պիտի դնեմ