Micah 3
Jonah « Micah 2 ‹ Micah 3 › Micah 4 » Nahum
ՄԻՔԻԱՅԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԻՇԽԱՆՆԵՐՈՒՆ
1Ես ըսի. «Այժմ մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորները, Եւ դո՛ւք, Իսրայէլի տան մեծաւորները. Պարտաւոր չէ՞ք իրաւունքը ճանչնալ,
2Դո՛ւք՝ որ բարիքը կ’ատէք ու չարիքը կը սիրէք, 1Մարդոց վրայէն իրենց մորթը կը 2խլէք, եւ անոնց ոսկորներուն վրայէն՝ իրենց միսը.
3Նաեւ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտէք, Եւ անոնց վրայէն իրենց մորթը կը հանէք»։ Անոնց ոսկորները կը կոտրտեն, Զանոնք կը կտրատեն կաթսայի մէջ ու եփարանի մէջ եփուելիք միսի պէս։
4Ուստի Տէրոջ պիտի աղաղակեն, Բայց անոնց պիտի չպատասխանէ. Այդ ատեն իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ, Որովհետեւ անոնք չարիք գործեցին իրենց արարքներով։
5Տէրը սա՛ կը յայտարարէ այն մարգարէներուն մասին՝ Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն. «Երբ իրենց ակռաներով բան մը խածնեն՝ Խաղաղութիւն կը յայտարարեն, Սակայն ո՛վ որ իրենց բերանը բան չդնէ՝ Անոր դէմ պատերազմ կը 3պատրաստեն։
6Հետեւաբար գիշեր պիտի ունենաք Առանց տեսիլքի, 4Խաւար պիտի ունենաք՝՝ Առանց դիւթութեան. Արեւը մայր պիտի մտնէ մարգարէներուն վրայ, Օրը պիտի խաւարի անոնց վրայ։
7Տեսանողները պիտի ամչնան, Դիւթերը պիտի շիկնին. Բոլորն ալ իրենց պեխը պիտի ծածկեն, Որովհետեւ Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ»։
8Բայց Տէրոջ Հոգիով՝ Ես լեցուած եմ կարողութեամբ, 5արդարութեամբ ու քաջութեամբ, Որպէսզի Յակոբի յայտնեմ իր յանցանքը, Եւ Իսրայէլի՝ իր մեղքը։
9Այժմ սա՛ մտիկ ըրէք, Ո՛վ Յակոբի տան գլխաւորները Եւ Իսրայէլի տան մեծաւորները, Դուք որ կը գարշիք իրաւունքէն, Կը ծռէք ամէն ինչ որ ուղիղ է,
10Արիւններով կը կառուցանէք Սիոնը, Եւ անիրաւութեամբ՝ Երուսաղէմը։
11Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն, Անոր քահանաները 6վճարումով կը սորվեցնեն, Անոր մարգարէները դրամով կը դիւթեն, Ու Տէրոջ 7կ’ապաւինին՝ ըսելով. «Միթէ Տէրը մեր մէջ չէ՞. Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ»։
12Ուրեմն ձեր պատճառով Սիոն արտի պէս պիտի հերկուի, Երուսաղէմ աւերակի շեղջ պիտի ըլլայ, Եւ 8տաճարին լեռը՝ անտառի բարձունքներուն պէս։