Micah 4
Jonah « Micah 3 ‹ Micah 4 › Micah 5 » Nahum
ՏԷՐՈՋ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
1Բայց վերջին օրերը Տէրոջ տան լեռը՝ Լեռներուն գագաթը պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Ու ժողովուրդները 1հոն պիտի խուժեն՝՝։
2Շատ ազգեր պիտի երթան եւ ըսեն. «Եկէ՛ք, ելլե՛նք Եհովայի լեռը, Յակոբի Աստուծոյն տունը, Որպէսզի մեզի սորվեցնէ իր ճամբաները Եւ քալենք անոր ուղիներուն մէջ»։ Արդարեւ օրէնքը Սիոնէն պիտի ելլէ, Ու Տէրոջ խօսքը՝ Երուսաղէմէն.
3Անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ պիտի դատէ, Հզօր ազգերը՝ մինչեւ հեռաւոր տեղերը՝ պիտի յանդիմանէ։ Ու անոնք իրենց սուրերէն խոփեր պիտի դարբնեն, Եւ իրենց նիզակներէն՝ յօտոցներ։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ, Եւ ա՛լ պատերազմիլ պիտի չսորվին.
4Հապա իւրաքանչիւրը պիտի նստի իր որթատունկին տակ Ու իր թզենիին տակ, Եւ ո՛չ մէկը զինք պիտի դողացնէ. Որովհետեւ զօրքերու Տէրոջ բերանը խօսեցաւ։
5Արդարեւ բոլոր ժողովուրդներէն Իւրաքանչիւրը իր աստուծոյն անունով կ’ընթանայ, Բայց մենք 2դարէ դար՝՝ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն անունով պիտի ընթանանք։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՔՍՈՐԷՆ
6«Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— կաղը պիտի հաւաքեմ, Աքսորուածը պիտի հաւաքեմ, Նաեւ ան՝ 3որ տրտմեցուցի՝՝։
7Կաղը՝ մնացորդ պիտի ընեմ, Հեռուն վռնտուածը՝ հզօր ազգ։ Տէրը Սիոն լերան վրայ պիտի թագաւորէ անոնց վրայ, Հիմա եւ յաւիտեան»։
8Իսկ դո՛ւն, ո՛վ հօտի աշտարակ, Սիոնի աղջիկին բլուրը, Քեզի պիտի գայ, Քեզի պիտի հասնի նախկին տէրութիւնը, Ու Երուսաղէմի աղջիկին՝ թագաւորութիւնը։
9Հիմա ինչո՞ւ կը գոչես, Միթէ քու մէջդ թագաւոր չկա՞յ. Կամ քու խորհրդականդ կորսուեցա՞ւ, Որ քեզ ծննդաբերող կնոջ պէս երկունքի ցաւը համակեց։
10Երկունքի ցա՛ւ քաշէ ու ծննդաբերող կնոջ պէս 4հառաչէ՛, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, Քանի որ հիմա քաղաքէն պիտի ելլես Եւ դաշտի մէջ պիտի բնակիս, Ու մինչեւ Բաբելոն պիտի երթաս Եւ հոն պիտի ազատիս. Հոն Տէրը քեզ պիտի փրկէ քու թշնամիներուդ ձեռքէն։
11Հիմա քեզի դէմ շատ ազգեր հաւաքուեցան, որոնք կ’ըսեն. «Ան թող պղծուի, Ու մեր աչքերը Սիոնը թող տեսնեն»։
12Բայց անոնք Տէրոջ մտածումները չեն գիտեր, Եւ անոր ծրագիրը չեն հասկնար, Քանի որ ի՛նք զանոնք կը հաւաքէ՝ ինչպէս որաները կալին մէջ կը հաւաքուին։
13Կանգնէ՛ ու ծեծէ՛ կալը, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, Որովհետեւ քու եղջիւրդ 5երկաթի պիտի վերածեմ՝՝, Քու կճղակներդ պղինձի պիտի վերածեմ, Ու շատ ժողովուրդներ պիտի ճզմես։ Անոնց վաստակը Եհովայի պիտի նուիրեմ, Եւ անոնց գոյքերը՝ ամբողջ երկրի Տէրոջ։