Loading...

Micah 6

Jonah  «  Micah 5  ‹  Micah 6  ›  Micah 7  »  Nahum


ՏԷՐՈՋ ԴԱՏԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ

1

Ուրեմն մտի՛կ ըրէք ինչ որ Տէրը կը յայտարարէ. «Կանգնէ՛ ու դա՛տ վարէ լեռներուն առջեւ, Բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։

2

Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ վէճը, ո՛վ լեռներ, Նաեւ դո՛ւք, երկրի տոկուն հիմերը, Քանի որ Տէրը իր ժողովուրդին հետ վէճ ունի, Եւ 1Իսրայէլի հետ դատ պիտի վարէ։

3

«Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի, Ի՞նչպէս քեզ հիւծեցի. Պատասխանէ՛ ինծի։

4

Արդարեւ ե՛ս քեզ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացուցի, Ստրկութեան տունէն քեզ փրկեցի, Եւ առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։

5

Ո՛վ իմ ժողովուրդս, այժմ յիշէ՛ Ինչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը կը ծրագրէր, Ինչ որ Բէովրեան Բաղաամ անոր պատասխանեց, Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա, Որպէսզի Տէրոջ արդարութիւնը գիտնաս»։


ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

6

«Տէրոջ առջեւ ինչո՞վ ներկայանամ, Եւ 2Ամենաբարձր Աստուծոյ առջեւ կքիմ. Արդեօք անոր առջեւ ներկայանա՞մ ողջակէզներով, Մէկ տարեկան հորթերով։

7

Արդեօք Տէրը պիտի հաւանի՞ հազարաւոր խոյերու, Կամ բիւրաւոր իւղի վտակներու. Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս տամ, Եւ անձիս մեղքին համար՝ 3ընդերքիս պտո՞ւղը»։

8

Ինք քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է 4հաճելին, Թէ Տէրը ի՛նչ կը պահանջէ քեզմէ.— Միայն գործադրել իրաւունքը, սիրել կարեկցութիւնը Ու խոնարհութեամբ ընթանալ քու Աստուծոյդ հետ։

9

Տէրոջ ձայնը քաղաքին կը գոչէ, Եւ խոհեմը քու անունիդ 5ուշադրութիւն պիտի դարձնէ՝՝. «Մտի՛կ ըրէք գաւազանին, ու զայն սահմանողին։

10

Ամբարիշտին տան մէջ տակաւին ամբարշտութեան գանձեր կա՞ն, Ու պակաս արդու՝ որ 6գարշելի է։

11

Միթէ ամբարշտութեան կշիռք Ու խարդախուած կշռաքարերու տոպրակ ունեցողը մաքո՞ւր պիտի սեպեմ։

12

Արդարեւ անոր հարուստները բռնութեամբ լեցուն են, Անոր բնակիչները սուտ կը խօսին Եւ իրենց բերանին մէջ խաբեբայ լեզու ունին։

13

Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմ, Քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։

14

Դուն պիտի ուտես, սակայն պիտի չկշտանաս. Քու 7անօթութիւնդ ներսդ պիտի ըլլայ։ Պիտի տեղափոխես, բայց պիտի չկարենաս ազատել. Իսկ ինչ որ ազատես՝ սուրի պիտի մատնեմ։

15

Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես. Ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց հոտաւէտ իւղով պիտի չօծուիս. Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։

16

Արդարեւ Ամրիի հրամանները կը պահուին, Նաեւ Աքաաբի տան բոլոր արարքները. Դուք անոնց խորհուրդներուն համաձայն կ’ընթանաք, Որպէսզի քեզ ամայի դարձնեմ, Ու 8բնակիչներդ՝ սուլոցի ենթակայ. Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։



1 Եբր.՝ Իսրայէլը պիտի յանդիմանէ
2 Եբր.՝ բարձր
3 Եբր.՝ փորիս
4 Եբր.՝ լաւը
5 Եբր.՝ պիտի տեսնէ
6 Եբր.՝ բանադրանքի արժանի
7 Կամ՝ ուժասպառութիւնդ
8 Եբր.՝ անոր բնակիչները