Loading...

Micah 7

Jonah  «  Micah 6  ‹  Micah 7  ›  Nahum 1  »  Nahum


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԸ

1

Վա՜յ ինծի, որովհետեւ ամառնային պտուղի քաղին պէս եմ, Այգեկութին յաջորդող ճռաքաղին պէս. Ուտելու ո՛չ մէկ ողկոյզ կայ. Անձս կանխահաս պտուղներու կը փափաքի։

2

Բարեպաշտը երկրէն կորսուեցաւ, Մարդոց մէջ ուղիղ մէկը չկայ. Բոլորը արիւն թափելու համար դարան կը մտնեն, Իւրաքանչիւրը իր եղբայրը ուռկանով կ’որսայ։

3

Չարիքի համար իրենց ձեռքերը պատրաստ են. Բարիք ընելու համար իշխանաւորը պարգեւ կը պահանջէ, Եւ դատաւորը 1կաշառք կ’ակնկալէ. Մեծ մարդը իր անձին եղեռնագործութիւնը կ’արտայայտէ. Այսպէս՝ 2իրաւունքը կը ծռեն։

4

Անոնց լաւագոյնը փուշի պէս է, Ամենէն ուղիղը փուշէ շրջափակէն գէշ է. Քու դէտերուդ ծանուցանած օրը՝ քու 3պատիժդ եկաւ, Անոնց շփոթութիւնը հիմա պիտի ըլլայ։

5

Բարեկամի մի՛ հաւատաք, Մտերիմի մի՛ վստահիք, Ծոցդ պառկող կնոջ առջեւ պահպանէ՛ բերանիդ դռները.

6

Որովհետեւ որդին իր հայրը կ’անարգէ, Աղջիկը իր մօր դէմ կը կանգնի, ու հարսը՝ իր կեսուրին դէմ. Մարդուն թշնամիները իր 4ընտանիքն են։

7

Բայց ես Տէրոջ պիտի 5սպասեմ, Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ. Իմ Աստուածս ինծի մտիկ պիտի ընէ։


ՏԷՐԸ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ

8

Ո՛վ իմ թշնամիս, մի՛ ուրախանար ինծի համար. Թէեւ իյնամ՝ պիտի կանգնիմ, Թէեւ խաւարի մէջ բնակիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ։

9

Տէրոջ բարկութիւնը պիտի կրեմ, (Քանի անոր դէմ մեղանչեցի,) Մինչեւ որ ան իմ իրաւունքս պաշտպանէ եւ 6դատավճիռս արձակէ՝՝. Ան զիս դուրս պիտի հանէ՝ դէպի լոյսը, եւ իր արդարութիւնը պիտի տեսնեմ։

10

Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ. Ամօթը պիտի ծածկէ ա՛ն՝ որ ինծի կ’ըսէր. «Ո՞ւր է Տէրը՝ քու Աստուածդ»։ Իմ աչքերս պիտի դիտեն զինք. Արդէն պիտի կոխկռտուի՝ փողոցներու ցեխին պէս։

11

Այն օրը երբ քու պատերդ կառուցանուին, Նոյն օրը քու սահմաններդ պիտի հեռացուին։

12

Այդ օրը քեզի պիտի գան Ասորեստանէն ու 7Եգիպտոսի քաղաքներէն, 8Եգիպտոսէն մինչեւ Գետը, Եւ ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ։

13

Սակայն 9երկիրը ամայի պիտի ըլլայ իր բնակիչներուն պատճառով, Իբր պտուղ իրենց արարքներուն։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՐԵԿՑԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

14

Քու գաւազանովդ հովուէ՛ քու ժողովուրդդ, Քու ժառանգութեանդ հօտը, Որ անտառին մէջ միայնակ կը բնակի՝ 10Կարմեղոսի մէջ. Անոնք Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին՝ 11Հին օրերուն պէս։

15

Սքանչելիքներ ցոյց պիտի տամ անոր, Ինչպէս այն օրերը՝ երբ Եգիպտոսի երկրէն դուրս ելար։

16

Ազգերը պիտի տեսնեն եւ ամչնան՝ Նկատելով իրենց ամբողջ զօրութիւնը. Իրենց բերանին վրայ ձեռք պիտի դնեն, Իրենց ականջները պիտի խլանան։

17

Օձի պէս 12հող պիտի լզեն. Երկրի սողուններուն պէս Իրենց ամրափակ տեղերէն դուրս պիտի գան՝ 13դողալով. Երկիւղով պիտի գան Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն, Ու քեզմէ պիտի վախնան։

18

Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, Որ անօրէնութիւնը կը ներէ, Եւ իր ժառանգութեան մնացորդին յանցանքը կ’անտեսէ. Իր բարկութեան յաւերժ չի կառչիր, Քանի որ կարեկցութենէն կ’ախորժի։

19

Ան պիտի վերադառնայ, մեզի պիտի գթայ, Մեր անօրէնութիւնները 14ոտնակոխ պիտի ընէ՝՝։ Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը Ծովուն խորխորատին մէջ պիտի նետես։

20

Յակոբի 15հաւատարմութիւն ցոյց պիտի տաս, Եւ Աբրահամի՝ կարեկցութիւն, Ինչպէս մեր հայրերուն երդումով խոստացար Վաղեմի օրերէն ի վեր։



1 Եբր.՝ հատուցում
2 Եբր.՝ զայն
3 Եբր.՝ հատուցումդ
4 Եբր.՝ ընտանիքին մարդիկն
5 Եբր.՝ դիտեմ
6 Եբր.՝ դատաստանս կիրարկէ
7 Կամ՝ պարսպապատ
8 Կամ՝ պատնէշէն
9 Կամ՝ հողերը
10 Կամ՝ այգիներու
11 Եբր.՝ Հնադարեան
12 Կամ՝ փոշի
13 Եբր.՝ վրդովելով
14 Եբր.՝ պիտի նուաճէ
15 Եբր.՝ ճշմարտութիւն