Nahum 1
Micah « Micah 7 ‹ Nahum 1 › Nahum 2 » Habakkuk
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՆՈՒԷԻ ԴԷՄ
11Նինուէի պատգամը. Ելկեսացի Նաւումի տեսիլքին գիրքը.—
2Եհովան նախանձախնդիր եւ վրէժ առնող Աստուած է. Եհովան վրէժ առնող ու ցասումի տէր է։ Եհովան իր հակառակորդներէն վրէժ կ’առնէ, Իր թշնամիներուն դէմ զայրոյթ կը պահէ։
3Եհովան համբերատար է եւ անոր կարողութիւնը մեծ է, Բայց յանցաւորը ամենեւին անպատիժ չի թողուր։ Եհովայի ճամբան փոթորիկի ու մրրիկի մէջ է, Եւ ամպերը անոր ոտքերուն փոշին են։
4Ծովուն կը սաստէ ու զայն կը ցամքեցնէ, Բոլոր գետերը կը չորցնէ։ Բասանն ու Կարմեղոսը կ’ուժաթափին, Եւ Լիբանանի ծաղիկը կը թօշնի։
5Լեռները անկէ կը ցնցուին ու բլուրները կը հալին. Երկիրը անոր ներկայութենէն կը 2սարսի, Երկրագունդը եւ իր բոլոր բնակիչները։
6Անոր սրտմտութեան առջեւ ո՞վ կրնայ դիմանալ, Անոր 3բորբոքած բարկութեան՝՝ դէմ ո՞վ կրնայ կանգնիլ։ Անոր ցասումը կրակի պէս կը թափի, Ու վէմերը անկէ կը խորտակուին։
7Եհովան բարի է, տագնապի օրը ամրոց է, Իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ.
8Բայց 4քաղաքը 5յորդահոս ողողումով ամբողջովին աւերակ պիտի ընէ, Եւ խաւարը պիտի հալածէ իր թշնամիները։
ՅՈՒԴԱՅԻ
9Եհովայի դէմ ի՞նչ կը 6նիւթէք. 7Բնաջնջողը ի՛նք է. Տագնապը երկրորդ անգամ պիտի 8չհասնի։
10Արդարեւ անոնք, մինչ փուշերու պէս փաթթուած են, Եւ 9իրենց ըմպելիքով գինովցած՝՝, Բոլորովին չորցած խոզանի պէս պիտի սպառին։
ՆԻՆՈՒԷԻ
11Եհովայի դէմ չարութիւն մտածող մը ելաւ քեզմէ, 10Անօրէն խորհրդական մը։
ՅՈՒԴԱՅԻ
12Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Թէպէտ անոնք խաղաղութեան մէջ են, նաեւ բազմաթիւ, Պիտի 11խլուին՝ երբ ան անցնի. Թէպէտ քեզ տառապեցուցի, ա՛լ պիտի չտառապեցնեմ.
13Հիմա քու վրայէդ անոր լուծը պիտի 12վերցնեմ Ու կապերդ փրցնեմ»։
ՆԻՆՈՒԷԻ
14Տէրը քեզի դէմ պատուէր տուաւ.— Անգա՛մ մըն ալ քու անունդ պիտի 13չտարածուի։ Քու աստուածներուդ տունէն Քանդակուած 14կուռքերն ու ձուլածոյ կուռքերը պիտի կոտրտեմ. Զայն քու գերեզմանդ պիտի ընեմ, Քանի որ դուն 15նուաստ ես»։
ՅՈՒԴԱՅԻ
15Ահա՛ լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, Խաղաղութիւն 16քարոզողին ոտքերը։ Կատարէ՛ տօներդ, ո՛վ Յուդա. կատարէ՛ ուխտերդ, Քանի որ ա՛լ քու մէջէդ 17անօրէն պիտի չանցնի. Ան ամբողջովին բնաջնջուեցաւ։