Nahum 2
Micah « Nahum 1 ‹ Nahum 2 › Nahum 3 » Habakkuk
ՆԻՆՈՒԷԻ ԱՆԿՈՒՄԸ ՆԻՆՈՒԷԻ
1Խորտակողը քեզի՝՝ դէմ բարձրացաւ. Պահպանէ՛ պատնէշը, դիտէ՛ ճամբան, Ամրացո՛ւր մէջքդ, 1հաւաքէ՛ ամբողջ՝՝ ոյժդ։
ՅՈՒԴԱՅԻ
2Արդարեւ Տէրը Յակոբի մեծափառութիւնը վերադարձուց՝ Իսրայէլի մեծափառութեան պէս, Որովհետեւ 2աւարառուները զանոնք կողոպտած՝՝ էին՝ Անոնց որթատունկին բարունակները աւերելով։
ՆԻՆՈՒԷԻ
3Անոր զօրաւորներուն վահանը կարմիր ներկուեցաւ, Անոր կտրիճ մարդիկը 3կարմիր հագան. Անոր պատրաստութեան օրը՝ 4կառքերուն պողպատը պիտի փայլի՝՝, 5Նիզակները պիտի ճօճին։
4Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի մոլեգնին, Հրապարակներուն վրայ պիտի խոյանան. Անոնց երեւոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայ, Եւ փայլակներու պէս պիտի սուրան։
56Ան իր երեւելիները պիտի յիշէ. Անոնք քալելու ատեն պիտի գայթին, Պիտի շտապեն դէպի պարիսպը, Ուր 7պատսպարանը պիտի պատրաստուի։
6Գետերուն առաջնորդող դռները պիտի բացուին, Ու պալատը պիտի 8փլչի։
79Թէպէտ պահապաններ դրուած են՝՝, 10ան պիտի տարագրուի, պիտի 11տարուի. Անոր աղախինները իրեն հետ պիտի տարուին՝ իրենց կուրծքը ծեծելով, Աղաւնիի պէս 12մնչելով։
8Նինուէ շատ ժամանակէ ի վեր առատ ջուրերու աւազանի պէս էր. Սակայն անոնք կը փախչին։ «Կա՛նգ առէք, կա՛նգ առէք», պիտի պոռան. Բայց ո՛չ մէկը 13պիտի դառնայ՝՝։
9Արծա՛թ կողոպտեցէք, ոսկի՛ կողոպտեցէք, Քանի որ անոր 14զարդերը 15անթիւ են, Եւ ամէն տեսակ ցանկալի առարկաներու 16առատութիւն կայ։
10Ան պարպուած, դատարկուած եւ աւերուած է. Սիրտերը կը հալին, ծունկերը կը դողդղան, Բոլոր մէջքերը անձկութեան մէջ են, Ու բոլորին երեսները կը գունատին։
11Ո՞ւր է առիւծներուն որջը, Կորիւններուն 17սննդավայրը, Ուր արու առիւծը, մատակ առիւծն ու առիւծին ձագը կը շրջէին, Եւ ո՛չ մէկը զանոնք կը դողացնէր։
12Առիւծը կը բզքտէր իր կորիւնները բաւարարելու համար, Ու կը խեղդէր իր մատակ առիւծներուն համար. Իր ծակերը որսով կը լեցնէր, Եւ որջերը՝ բզքտուած անասուններով։
13«Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը.— 18Քու կառքերդ՝՝ պիտի այրեմ ու ծուխի վերածեմ, Սուրը պիտի սպառէ քու կորիւններդ. Քու որսդ երկրի վրայէն պիտի բնաջնջեմ, Եւ պատգամաւորներուդ ձայնը անգա՛մ մըն ալ պիտի չլսուի»։