Nahum 3
Micah « Nahum 2 ‹ Nahum 3 › Habakkuk 1 » Habakkuk
1
«Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, Որ բոլորովին խարդախութեամբ ու յափշտակութեամբ լեցուն է, Եւ իրմէ 1կողոպուտը չի հեռանար։
2Ահա՛ խարազանին ձայնը, Անիւներու շարժումին աղմուկը, Սրընթաց ձիերուն ու ցատկռտող կառքերուն շաչիւնը։
3Ձիաւորը կը վերցնէ 2փայլուն սուրն ու փայլատակող նիզակը՝՝, Եւ շատ խոցուածներ ու 3դիակներու դէզեր՝՝ կ’ըլլան։ Մեռած մարմինները 4անթիւ են. 5մարդիկ մեռած մարմիններուն վրայ կը գայթին։
4Պոռնիկին պոռնկութիւններուն շատութեան համար, Որ բարեշնորհ ու կախարդութիւններու տիրուհի ըլլալով՝ Իր պոռնկութիւններով ազգեր կը ծախէր, Եւ իր կախարդութիւններով՝ գերդաստաններ,
5Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը.— Քու երեսիդ դէմ պիտի բանամ քու փէշերդ, Քու մերկութիւնդ պիտի ցուցնեմ ազգերուն, Եւ անարգանքդ՝ թագաւորութիւններուն։
6Քու վրադ պղծութիւններ պիտի նետեմ, Քեզ պիտի անարգեմ, Քեզ իբր օրինակ պիտի դնեմ։
7Բոլոր քեզ տեսնողները Քեզմէ պիտի փախչին եւ ըսեն. “Նինուէն կործանեցաւ, Անոր վրայ ո՞վ պիտի ողբայ”. Քեզի ուրկէ՞ մխիթարիչ փնտռեմ։
8Միթէ դուն 6Նով-Ամոնէն լա՞ւ ես, Որ գետերուն մէջտեղը կը բնակէր Ու ջուրերով շրջապատուած էր. Ծովը անոր պատուարն էր, Ծովը անոր պարիսպն էր։
9Եթովպիա ու Եգիպտոս անոր հզօրութիւնն էին, Որ 7անծայրածիր էր. 8Փութացիները եւ Լիպիացիները օգնականներդ էին։
10Անիկա՛ ալ տարագրուեցաւ ու գերութեան գնաց. Անոր երախաներն ալ ամէն փողոցի 9անկիւն գետին զարնուեցան. Անոր պատուաւոր մարդոց վրայ վիճակ ձգեցին, Եւ անոր բոլոր մեծերը շղթաներով կապուեցան։
11Դո՛ւն ալ պիտի գինովնաս ու թաքնուիս, Դո՛ւն ալ թշնամիէն պատսպարուելու ամրոց պիտի փնտռես։
12Քու բոլոր ամրոցներդ կանխահաս պտուղներ ունեցող թզենիներու պէս պիտի ըլլան, Որոնք երբ թօթուեն՝ ուտողին բերանը կ’իյնան։
13Ահա՛ քու մէջդ եղող ժողովուրդդ 10կիներէ բաղկացած՝՝ պիտի ըլլայ, Քու երկրիդ դռները լայն պիտի բացուին թշնամիներուդ առջեւ, Կրակը պիտի սպառէ քու նիգերդ։
14Ջո՛ւր քաշէ քեզի՝ պաշարումի համար, Ամրացո՛ւր ամրոցներդ. Ցեխի՛ մէջ մտիր ու կա՛ւը կոխկռտէ, Եւ նորոգէ՛ աղիւսի փուռը։
15Հո՛ն կրակը քեզ պիտի սպառէ, Սուրը քեզ պիտի կոտորէ, Ջորեակի պէս քեզ պիտի հատցնէ. 11Բազմացի՛ր ջորեակի պէս, Բազմացի՛ր մարախի պէս։
16Քու վաճառականներդ երկինքի աստղերէն աւելի շատցուցիր. Ջորեակը կը 12տարածուի, յետոյ կը թռի։
17Քու թագակիրներդ մարախի պէս են, Զօրավարներդ՝ մարախներու գունդի պէս, Որոնք օրուան ցուրտ ատենը ցանկապատերու վրայ կը 13տեղաւորուին, Իսկ երբ արեւը ծագի՝ կը փախչին, Եւ անոնց ո՛ւր ըլլալը չի գիտցուիր։
18Քու հովիւներդ կը մրափեն, ո՛վ Ասորեստանի թագաւոր, Քու 14ազնուականներդ կը հանգչին հողին մէջ. Քու ժողովուրդդ լեռներուն վրայ ցրուած է, Եւ ո՛չ մէկը զանոնք կը հաւաքէ։
19Քու փլուզումիդ մեղմացում չկայ, Քու վէրքդ անդարմանելի է. Բոլոր անոնք՝ որ քու լուրդ կը լսեն, քեզի համար ծափ կը զարնեն, Որովհետեւ քու չարութիւնդ որո՞ւ 15անընդհատ հասած՝՝ չէ»։