Proverbs 1
Psalm « Psalm 150 ‹ Proverbs 1 › Proverbs 2 » Ecclesiastes
ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԷՔԸ
1Իսրայէլի թագաւորին — Դաւիթի որդիին — Սողոմոնի առակները՝
2Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, 1Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,
3Իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար, Այսինքն՝ արդարութիւնը, իրաւունքը եւ ուղղամտութիւնը,
4Միամիտներուն խորագիտութիւն տալու համար, Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ մտախոհութիւն.
5Իմաստունը թող լսէ՝ որ իր հմտութիւնը աւելցնէ, Ու խելացի մարդը՝ որ 2առաջնորդութիւն ստանայ
6Առակն ու այլաբանութիւնը հասկնալու համար, Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը եւ անոնց հանելուկները.—
ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ
7Իմաստութեան սկիզբը 3Տէրոջ վախն է, Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’արհամարհեն։
8Որդեա՛կս, մտի՛կ ըրէ քու հօրդ խրատը, Ու երեսէ մի՛ ձգեր քու մօրդ 4ուսուցումը.
9Արդարեւ անոնք քու գլուխիդ շնորհքի ծաղկեպսակ պիտի ըլլան, Եւ քու վիզիդ՝ մանեակներ։
10Որդեա՛կս, եթէ մեղաւորները ուզեն քեզ հրապուրել, Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։
11Եթէ ըսեն. «Եկո՛ւր մեզի հետ, Արիւնի համար դարա՛ն մտնենք, Անմեղ մարդուն համար առանց 5պատճառի պահուըտի՛նք,
126Դժոխքին պէս զանոնք ողջ-ողջ կլլենք, Ամբողջութեամբ՝ գուբը իջնողներուն պէս.
13Ամէն տեսակ թանկարժէք ապրանք գտնենք, Ու մեր տուները աւարով լեցնենք.
14Քու վիճակդ մե՛ր մէջ ձգէ, Բոլորս մէ՛կ քսակ ունենանք».
15Որդեա՛կս, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար, Անոնց շաւիղէն ոտքերդ 7հեռո՛ւ պահէ՝՝.
16Քանի որ անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազեն, Եւ արիւն թափելու կը շտապեն։
17Ի՛րապէս 8ընդունայն ցանց կը տարածուի Ամէն թեւաւորի աչքերուն առջեւ.
18Անոնք իրե՛նց արիւնին համար դարան կը մտնեն, Եւ իրե՛նց անձին համար կը պահուըտին։
19Ա՛յսպէս են ուղիները ամէն ագահութեամբ վաստկողի. Ագահութիւնը 9իրեն անձնատուր եղողներուն՝՝ կեանքը կը յափշտակէ։
ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
20Իմաստութիւնը դուրսը ցնծութեամբ կը գոչէ, Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը լսել կու տայ.
21Ան 10աղմկալից գլխաւոր վայրերը, Եւ դռներուն մուտքը կը գոչէ, Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’արտասանէ.
22«Ո՛վ միամիտներ, մինչեւ ե՞րբ միամտութիւնը պիտի սիրէք, Մինչեւ ե՞րբ ծաղրողները պիտի 11ախորժին ծաղրելէ, Եւ անմիտները պիտի ատեն գիտութիւնը։
23Դարձէ՛ք իմ ազդարարութեանս. Ահա՛ իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի 12թափեմ, Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։
24Քանի ես կանչեցի ու դուք մերժեցիք լսել, Ձեռքս երկարեցի բայց ո՛չ մէկը ուշադիր եղաւ,
25Հապա բոլոր խրատներս մերժեցիք Եւ ազդարարութիւնս չուզեցիք,
26Ես ալ ձեր ձախորդութեան վրայ պիտի ծիծաղիմ, Ու պիտի ծաղրեմ՝ երբ ձեր երկիւղը հասնի,
27Երբ ձեր երկիւղը աւերումի պէս հասնի, Ձեր ձախորդութիւնը փոթորիկի պէս 13պատահի, Եւ ձեր վրայ տագնապ ու տուայտանք գան։
28Այն ատեն ինծի պիտի գոչեն՝ բայց պիտի չպատասխանեմ, Զիս 14փութով պիտի փնտռեն ու պիտի չկարենան գտնել,
29Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին Ու Տէրոջ վախը չընտրեցին։
30Իմ խրատներս չուզեցին Եւ բոլոր ազդարարութիւններս 15անարգեցին,
31Հետեւաբար իրենց ճամբային պտուղէն պիտի ուտեն, Ու իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան.
32Արդարեւ միամիտներուն ուխտադրժութիւնը զիրենք պիտի մեռցնէ, Եւ անմիտներուն անդորրութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ.
33Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի, Ու չարիքներու երկիւղէն անխռով պիտի ըլլայ»։