Loading...

Proverbs 2

Psalm  «  Proverbs 1  ‹  Proverbs 2  ›  Proverbs 3  »  Ecclesiastes


ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

1

Որդեա՛կս, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Եւ պատուիրաններս քովդ պահես,

2

Որպէսզի ականջդ իմաստութեան ուշադիր ըլլայ Ու սիրտդ հանճարին բանաս,

3

Եթէ դուն խելացութիւնը քեզի կանչես Եւ ձայնդ հանճարին 1ուղղես,

4

Եթէ զայն արծաթի պէս փնտռես Ու պահուած գանձերու պէս խնդրես,

5

Այն ատեն Տէրոջ վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։.

6

Արդարեւ իմաստութիւնը Տէ՛րը կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անո՛ր բերանէն են։

7

Ան ուղիղներուն 2խոհականութիւն կը վերապահէ. Ինք է պարկեշտութեամբ ընթացողներուն վահանը,

8

Որպէսզի իրաւունքի ուղիները պաշտպանէ Եւ իր բարեպաշտներուն ճամբան պահէ։

9

Այն ատեն արդարութիւնը, իրաւունքը եւ ուղղամտութիւնը, Ամէն լաւ արահետ պիտի հասկնաս։

10

Երբ իմաստութիւնը քու սիրտիդ մէջ մտնէ Եւ գիտութիւնը քու անձիդ հաճելի ըլլայ,

11

Մտախոհութիւնը քեզ պիտի պահէ Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ.

12

Որպէսզի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն,

13

Անոնցմէ՝ որոնք ուղղամտութեան ուղիները լքեր են, Որպէսզի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն.

14

Անոնք չարիք ընելով կ’ուրախանան, Ու չարին նենգութիւններով կը խայտան.

15

Անոնց ուղիները ծուռ են, Եւ իրենց արահետը խարդախ է։

16

Որպէսզի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտարազգիէն,

17

Որ իր երիտասարդութեան մտերիմը կը լքէ Ու իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ.

18

Արդարեւ անոր տունը մահուան կը 3տանի, Եւ անոր արահետները՝ ուրուականներուն.

19

Անոր գացողներէն ո՛չ մէկը կը վերադառնայ, Ո՛չ ալ կեանքի ուղիներուն կը հասնի։

20

Որպէսզի բարի մարդոց ճամբան երթաս, Եւ արդարներուն ուղիները պահես.

21

Արդարեւ ուղիղնե՛րը երկրի վրայ պիտի բնակին, Ու պարկեշտնե՛րը անոր մէջ պիտի մնան,

22

Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի բնաջնջուին, Եւ անհաւատարիմները անկէ պիտի խլուին։



1 Եբր.՝ տաս
2 Կամ՝ փրկութիւն
3 Եբր.՝ ծռի