Loading...

Proverbs 3

Psalm  «  Proverbs 2  ‹  Proverbs 3  ›  Proverbs 4  »  Ecclesiastes


ՅՈՐԴՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

1

Որդեա՛կս, մի՛ մոռնար իմ 1ուսուցումս, Հապա քու սիրտդ թող պահէ իմ պատուիրաններս.

2

Որովհետեւ քեզի երկար օրեր, կեանքի տարիներ Եւ 2յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։

3

Կարեկցութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզ թող չլքեն. Կապէ՛ զանոնք քու վիզիդ, Գրէ՛ զանոնք սիրտիդ տախտակին վրայ։

4

Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց 3առջեւ Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։

5

Տէրո՛ջ վստահէ ամբողջ սիրտովդ, Ու քու խելքիդ մի՛ 4ապաւինիր.

6

Զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, Եւ ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ։

7

Քու աչքերուդ իմաստուն մի՛ ըլլար. Վախցի՛ր Տէրոջմէն ու հեռացի՛ր չարութենէ։

8

Ասիկա քու 5ջիղերուդ առողջութիւն պիտի ըլլայ, Եւ ոսկորներուդ՝ 6պարարտութիւն։

9

Պատուէ՛ Տէրը քու ստացուածքովդ Ու բոլոր բերքերուդ 7երախայրիքով,

10

Եւ քու ամբարներդ առատութեամբ պիտի լեցուին, Ու հնձաններէդ քաղցուն դուրս պիտի թափի։

11

Որդեա՛կս, Տէրոջ պատիժը մի՛ անարգեր, Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ զզուիր.

12

Որովհետեւ Տէրը իր սիրելին կը յանդիմանէ, Ինչպէս հայր մը իր որդին՝ 8որ կ’ընդունի՝՝։

13

Երանի՜ այն մարդուն՝ որ իմաստութիւն կը գտնէ, Եւ այն մարդուն՝ որ հանճար կը ստանայ.

14

Արդարեւ անոր 9շահը արծաթի շահէն աւելի լաւ է, Ու անոր 10եկամուտը՝ ընտիր ոսկիէն։

15

Անիկա մարգարիտներէն պատուական է, Եւ քու բոլոր բաղձալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։

16

Անոր աջ ձեռքին մէջ օրերու երկարութիւն կայ, Եւ ձախ ձեռքին մէջ՝ հարստութիւն ու փառք։

17

Անոր ճամբաները հաճոյալի ճամբաներ են, Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։

18

Ան իրեն կառչողներուն կեանքի ծառ է, Ու զինք բռնողները երանելի կ’ըլլան։

19

Տէրը իմաստութեամբ հիմնեց երկիրը, Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը.

20

Անոր գիտութեամբ անդունդները ճեղքուեցան, Ու նօսր ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։

21

Որդեա՛կս, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան. Խոհականութիւնն ու մտախոհութիւնը քո՛վդ պահէ,

22

Որ քու անձիդ կեանք ըլլան, Եւ քու վիզիդ՝ 11զարդ։

23

Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես Ու ոտքդ պիտի չսահի։

24

Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս. Պիտի պառկիս եւ քունդ քաղցր պիտի ըլլայ։

25

Պիտի չվախնաս յանկարծահաս երկիւղէն, Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն 12աւերումէն՝ երբ գայ.

26

Որովհետեւ Տէ՛րը պիտի ըլլայ քու յոյսդ, Եւ ոտքդ պիտի պահէ՝ որպէսզի չբռնուի։

27

Մի՛ մերժեր բարիք ընել 13կարօտ եղողին՝՝, Երբ ձեռքիդ մէջ զայն ընելու զօրութիւն կայ.

28

Քու ընկերիդ բնաւ մի՛ ըսեր. «Գնա՛, ու դա՛րձեալ եկուր. Վաղը կու տամ», երբ 14խնդրածը քովդ ունիս։

29

Քու ընկերիդ դէմ չարիք մի՛ նիւթեր, Քանի ան վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։

30

Առանց 15պատճառի մի՛ վիճիր մարդու մը հետ, Եթէ ան քեզի չարիք ըրած չէ։

31

Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր, Եւ անոր ճամբաներէն ո՛չ մէկը ընտրէ.

32

Որովհետեւ խարդախ մարդը Տէրոջ առջեւ գարշելի է, Բայց իր մտերմութիւնը ուղիղներուն հետ է։

33

Ամբարիշտին տան մէջ Տէրոջ անէծքը կայ, Բայց ինք կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։

34

Անշո՛ւշտ ինք ծաղրողները կը ծաղրէ, Իսկ հեզերուն շնորհք կու տայ։

35

Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, Բայց անմիտներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։



1 Եբր.՝ օրէնքս
2 Եբր.՝ խաղաղութիւն
3 Եբր.՝ աչքերուն
4 Եբր.՝ կռթնիր
5 Կամ՝ պորտիդ
6 Եբր.՝ խմելիք
7 Եբր.՝ առաջիններով
8 Եբր.՝ որուն կը հաճի
9 Եբր.՝ վաճառականութիւնը
10 Եբր.՝ բերքը
11 Եբր.՝ շնորհք
12 Կամ՝ արշաւանքէն
13 Եբր.՝ անոր տէրերուն
14 Եբր.՝ զայն
15 Եբր.՝ վճարումի